Ան­ցեալ շաբ­թո­ւան ըն­թաց­քին Ատ­տի­կէի մէջ պա­տա­հած ա­հա­ւոր հրդեհ­նե­րու եւ տաս­նեակ ան­մեղ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու մա­հո­ւան առիթով՝ յու­նա­հա­յոց առաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան եւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը նա­մակ ղրկե­ցին ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ­նա­խա­գահ պրն. Բ­րո­քո­բիս ­Բավ­լո­բու­լո­սի, կա­ռա­վա­րու­թեան վար­չա­պետ պրն. Ա­լէք­սիս ­Ցիբ­րա­սի, Ա­թէն­քի եւ հա­մայն ­Յու­նաս­տա­նի Ար­քե­պիս­կո­պոս Տ.Տ. Իէ­րո­նի­մո­սին եւ Ատ­տի­կէի մարզ­պետ տիկ. ­Ռե­նա ­Տու­րու­յի՝ յայտ­նե­լով յու­նա­հայ հա­մայն­քի ցա­ւակ­ցու­թիւն­նե­րը զո­հե­րուն հա­մար, ինչ­պէս նաեւ հա­մայն­քի զօ­րակ­ցու­թիւ­նը եւ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը օգ­տա­կար ըլ­լա­լու մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն։
Ի­րենց կար­գին, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ­նա­խա­գահ պրն. Բ­րո­քո­բիս ­Բավ­լո­բու­լոս եւ մարզ­պետ տիկ. ­Ռե­նա ­Տու­րու նա­մա­կով, զոր կը հրա­տա­րա­կենք այտ էջով, ի­րենց շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նեն Սր­բա­զան հօր եւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան եւ յա­տուկ կեր­պով ի­րենց գո­վա­սանք­նե­րը կը յայտ­նեն հա­մայն­քին հա­մար՝ միա­ժա­մա­նակ ընդգ­ծե­լով ա­նոր կա­րե­ւոր ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ դե­րը յու­նա­կան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։