­Յու­նաստանի ղեկավարութիւնը անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեայ տարելիցին

0
33

Ա­մէն տա­րո­ւան նման, հա­մաշ­խար­հա­յին քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վար­նե­րու շար­քին, ­Յու­նաս­տա­նի բարձ­րաս­տի­ճան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը եւս հան­դէս ե­կաւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րի­լի­ցին ա­ռի­թով յա­տուկ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։
­Յու­նաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Քա­թե­րի­նա ­Սա­քե­լա­րո­փու­լու յայ­տա­րա­րու­թիւն տա­րա­ծեց ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 109-րդ ­տա­րե­լի­ցին առն­չու­թեամբ։
«Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան վեր­ջին շրջա­նին 1,5 մի­լիոն հա­յե­րու ծրագ­րո­ւած բնաջն­ջու­մէն ան­ցած է 109 տա­րի։ Այս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն է, որ գրե­թէ բնաջն­ջեց հնա­գոյն ժո­ղո­վուր­դին, ­Կով­կա­սի հա­րա­ւա­յին հա­տո­ւա­ծին մէջ ծաղ­կող քրիս­տո­նէա­կան մի­ջու­կը։
Այս­պի­սի ող­բեր­գա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու ճա­նա­չու­մը, ինչ­պէս նաեւ մարդ­կու­թեան նկատ­մամբ բռնու­թեան ու ա­տե­լու­թեան դէմ մշտա­կան զգօ­նու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ պայ­ման են այս­պի­սի յան­ցա­գոր­ծութիւն­ներ չկրկնե­լու եւ ազ­գե­րու ու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու խա­ղաղ գո­յակ­ցու­թեան հա­մար։ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րը եր­բեք պի­տի չմոռ­ցուին»։
­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Քի­րիա­քոս ­Մի­ցո­թա­քիս «Էքս»-ի հար­թա­կէն հրա­պա­րա­կեց հե­տե­ւեալ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը. «Այ­սօր յի­շո­ղու­թեան օր է, ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մեկ­նար­կէն 109 տա­րի ետք։ ­Յար­գան­քի տուրք կը մա­տու­ցենք զո­հե­րուն եւ վառ կը  պա­հենք յի­շո­ղու­թիւ­նը։ ­Մեզ եր­կի­րը միշտ դէմ կը կագ­նի ու պի­տի շա­րու­նա­կէ կանգ­նիլ ա­մէն տե­սա­կի ա­րարք­նե­րու դէմ, ո­րոնք բռնու­թեան եւ խտրու­թեան պատ­ճառ պի­տի դառ­նան մարդ­կու­թեան դէմ»։

 

 

­Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Տեն­տիաս, անդ­րա­դառ­նա­լով ­Հա­յոց ցե­ղասպա­նու­թեան 109-րդ ­տա­րե­լի­ցին, նշած է, որ պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան ճա­նա­չու­մը անհ­րա­ժեշտ է մարդ­կու­թեան դէմ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու կրկնու­թե­նէն խու­սա­փե­լու հա­մար։ Այս մա­սին յոյն նա­խա­րա­րը գրա­ռում կա­տա­րած է «Էքս»-ի իր է­ջին վրայ։ «Այ­սօր մեր միտ­քե­րը ­Յու­նաս­տա­նի եւ ամ­բողջ աշ­խար­հի հա­յե­րուն հետ են՝ յար­գե­լով ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կը», գրած է նա­խա­րա­րը։
Ն­շենք, որ բազ­մա­թիւ ե­րես­փո­խան­ներ եւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ հան­դէս ե­կած են հայ ժո­ղո­վուր­դի զօ­րակ­ցու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով։