Գործունէութեամբ եւ աւանդութեամբ լեցուն ամիս մը
Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ընտանիքին համար 2026-ի առաջին ամիսը սկսաւ եռանդուն գործունէութեամբ, որուն թափը տուին միութեան սկաուտներն ու մարզիկները։
Նշեցինք հայկական Սուրբ Ծնունդը՝ սկաուտներու, մարզիկներու եւ անդամներու մասնակցութեամբ, Աւետիսի աւանդական շրջագայութեան։
Ֆիքսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ տօնախմբութեան առիթով, շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասնաճիւղի սկաուտները ներկայ գտնուեցան Ս. պատարագին։
Յաջողութեամբ տեղի ունեցան ամանորեան գաթայի հաւաքոյթները Աթէնքի, Գոքինիոյ եւ Գարէայի սկաուտական խումբերուն կողմէ, ինչպէս նաեւ Աթէնքի եւ Գոքինիոյ մասնաճիւղերուն կիղմէ՝ շրջաններու ակումբներուն մէջ, համախմբելով մեր գաղութի հայրենակիցները եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի համակիրները: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Թեսաղոնիկէի մասնաճիւղը կազմակերպեց բացառիկ տօնական ելոյթ մը՝ նուիրուած հայ մշակութային ժառանգութեան, որուն յաջորդեց ամանորի կարկանդակի հատումը:
Շրջանային վարչութիւնը կազմակերպեց ամանորեան գաթայի եզրափակիչ հաւաքը, մասնակցութեամբ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, սկաուտական խորհուրդներու եւ անոնց մասնաճիւղերու խմբապետներուն։
Մարզական գործունէութիւնը դաշտերուն վրայ
Միութեան մարզական բաժանմունքները շարունակեցին իրենց մրցումները յունական ֆետերասիոններու մրցաշարքերուն, մասնակցելով 32 վոլէյպոլի, կողովագնդակի եւ ճատրակի մրցումներու, ինչպէս նաեւ լողարշաւի մրցաշարքին: Նոյն շրջանին, մեր մարզական խումբերուն փորձերը 130-է աւելի եղան, ստեղծելով խանդավառ մթնոլորտ մը մարզադաշտերուն վրայ։
Գործունէութիւն բնութեան մէջ
Սկաուտական կեանքը եւս յատկանշուեցաւ իրեն յատուկ ծրագիրներու կազմակերպութեամբ։ Տեղի ունեցան գայլիկներու եւ արծուիկներու, նաեւ երէցներւ եւ պարմանուհիներու ձմեռնային երկօրեայ առաջին արշաւները, իսկ արիներու եւ արենուշներու ձմեռնային հինգօրեայ առաջին բանակումը իրականացաւ Քարտիցայի սկաուտական ակումբին մէջ։ Այս սկաուտական համախմբումները առիթ դարձան մեր մասնակցող պատանիներուն եւ երիտասարդներուն համար ամրապնդելու եղբայրական ոգին, միաժամանակ զգալու եւ ընտելանալու բնութեան միջավայրին ու սկաուտական մթնոլորտին անտառի կեանքին մէջ։
Վերանորոգուած խանդավառութեամբ կը շարունակենք մեր գործունէութիւնը, միշտ ձգտելով ստեղծագործ Փետրուարի մը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ական նշանաբանի ու ոգիի առաջնորդութեամբ։
ԹՂԹԱԿԻՑ










