ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ՇԱՀԻՆԵԱՆ

Ե­րեք­շաբ­թի, 12 եւ ­Չո­րեք­շաբ­թի, 13  ­Մարտ 2024-ին, յա­նուն ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ գերշ. Տ. ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեա­նին, Ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ գերպ. Տ. ­Յով­հան­նէս Ծ. վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան եւ ­Նէոս ­Գոզ­մոս շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ արժ. Տ. ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան ներ­կայ գտնո­ւե­ցան ­Յու­նաս­տա­նի ­Զի­նեալ ու­ժե­րու Ա­թէն­քի սպա­յից ա­կում­բին մէջ, «Կ­րօ­նա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թիւն» 4-րդ ­մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գու­մար»-ին, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ «Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հիմ­նարկ»-ին եւ գոր­ծակ­ցու­թեամբ Ա­թէն­քի ազ­գա­յին հա­մալ­սա­րա­նի աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան բա­ժան­մուն­քի «Ե­կե­ղե­ցի եւ մշա­կոյթ» հե­տա­խու­զա­կան աշ­խա­տա­նո­ցին, ինչ­պէս նաեւ ա­ջակ­ցու­թեամբ «Policy Journal» պար­բե­րա­թեր­թին։ ­Մի­ջազ­գա­յին հա­մաու­մա­րի կեդ­րո­նա­կան նիւթն էր «­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի յոյն ուղ­ղա­փառ-Ա­լեք­սանդրիոյ, Ան­տիո­քի եւ Ե­րու­սա­ղե­մի-պատ­րիար­քու­թիւն­նե­րուն աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը»:
­Կա­րե­ւոր հա­մա­գու­մա­րին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թի­նը բե­րին ­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պե­տին, յու­նաց ­Տիե­զե­րա­կան պատ­րիար­քին եւ Ա­թէն­քի ու հա­մայն ­Յու­նաս­տա­նի ար­քե­պիս­կո­պո­սին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ո­րոնք հան­դէս ե­կան ող­ջոյ­նի խօս­քե­րով։
­Հա­մա­գու­մա­րը ընդգր­կեց ա­տե­նա­խօ­սու­թիւն­ներ եւ կլոր սե­ղա­նի զրոյց­ներ, ո­րոնց մաս­նակ­ցե­ցան յու­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան նա­խա­րար­ներ, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու եւ Իս­րա­յէ­լի դես­պան­նե­րը, Ա.Մ.Ն. ­Պե­տա­կան քար­տու­ղա­րու­թեան փոխտ­նօ­րէ­նը, յոյն եւ օ­տար ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պատ­րիարք­ներ եւ պատ­րիար­քու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս­ներ, մի­ջազ­գա­յին հիմ­նարկ­նե­րու գի­տաշ­խա­տող­ներ, նախ­կին ե­րես­փո­խան­ներ եւ զա­նա­զան մաս­նա­գէտ­ներ մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան ո­լոր­տէն ներս։
­Բազ­մա­զան նիւ­թե­րու օ­րա­կար­գե­րը եւ զե­կու­ցում­նե­րը շօ­շա­փե­ցին մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան հար­ցեր, ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ե­կե­ղե­ցի­նե­րու դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին հա­մե­րաշխ գո­յակ­ցու­թեան հրա­մա­յա­կա­նին վրայ, կրօ­նա­կան ա­զա­տու­թեան եւ հա­ւատ­քի դի­ւա­նա­գի­տու­թեան հար­ցեր ու փոխ­գոր­ծակ­ցու­թեան ու­ղի­ներ։
­Հա­մա­գու­մա­րին հան­դէս ե­կաւ նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ Տ. ­Յով­հան­նէս Ծ. վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան, նիւթ ու­նե­նա­լով «Ք­րիս­տո­նեա­նե­րու ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն գաղ­թե­լու կրօ­նա­կան պատ­ճառ­ներն ու ա­նոնց կան­խե­լու մի­ջոց­նե­րը», որ ներ­կա­յա­ցուց անգ­լե­րէն լե­զո­ւով։ ­Հայր սուր­բը անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ յու­նա­հայ հա­մայն­քի կրօ­նա­կան ի­րա­վի­ճա­կին, նշե­լով հայ եւ յոյն ե­կե­ղեց­ւոյ դա­րա­ւոր կա­պե­րը, կրօ­նա­կան ա­զա­տու­թեան առ­կա­յու­թիւ­նը եւ քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։
­Մաս­նակ­ցու­թեան տա­րո­ղո­թիւ­նը եւ բո­լոր ներ­կա­յա­ցում­նե­րը ի­րենց կա­րե­ւո­րու­թեան շրջա­գի­ծէն ներս լոյս սփռե­ցին տա­րա­ծաշր­ջա­նի հիմ­նախն­դիր­նե­րուն ու ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ներդ­րու­մին վրայ՝ ընդգ­ծե­լով ազ­գե­րու եւ կրօն­նե­րու հա­մե­րաշխ հա­մա­գո­յակ­ցու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։