Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի եւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչներ ներկայ գտնուեցան ելոյթներուն եւ ողջոյնի խօսքերով ու դափնեպսակներու զետեղումով յարգեցին Պոնտացիներու ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը

Ա­թէն­ք

Անց­նող եր­կու օ­րե­րուն ըն­թաց­քին, Ա­թէն­քի, ­Փի­րէա­յի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ ­Պոն­տո­սի ­Յոյ­նե­րու ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին կազ­մա­կեր­պո­ւած ձեռ­նարկ­նե­րու շար­քին՝ ներ­կայ ե­ղան ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ան­դամ­նե­րը։

Ա­թէն­քի ­Սին­տաղ­մա­յի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կի Ան­ծա­նօթ ­Զի­նո­ւո­րի յու­շա­դամ­բա­նին առ­ջեւ, ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 19 ­Մա­յի­սի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7-ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Պոն­տո­սի ­Յոյ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած կեդ­րո­նա­կան ո­գե­կո­չա­կան ձեռ­նար­կը։ ­Ներ­կայ ե­ղան հել­լէն խորհր­դա­րա­նի, կա­ռա­վա­րու­թեան, խորհր­դա­րա­նա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ինչ­պէս նաեւ Ա­տի­կէի մարզ­պե­տը եւ պոն­տա­կան միու­թիւն­նե­րու նա­խա­գահ­ներ։

­Դա­տա­պար­տե­լով Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ կող­մէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, ­Փոքր Ա­սիոյ քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու դէմ հա­լա­ծանք­նե­րը եւ ­Պոն­տո­սի ­Յոյ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, խօսք առ­նող­նե­րը զօ­րակ­ցու­թիւն յայտ­նե­ցին ճա­նաչ­ման ու մի­ջազ­գա­յին դա­տա­պարտ­ման ա­պա­հով­ման գոր­ծըն­թա­ցին, նշե­լով թէ ան­ցեա­լէն դա­սեր պէտք է քա­ղել, կան­խար­գի­լե­լու հա­մար ա­պա­գայ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը։ ­Բո­լո­րը անդ­րա­դար­ձան ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ ­Ճօ ­Պայ­տը­նի կող­մէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման փաս­տին, շեշ­տե­լով նման քայ­լի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։

Ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան, ա­պա ան նաեւ դափ­նեպ­սակ զե­տե­ղեց՝ ի պա­տիւ ­Պոն­տո­սի մէջ զո­հո­ւած 353.000 ան­մեղ յոյ­նե­րուն։

­Սին­տաղ­մա­յի վրայ պա­տո­ւոյ պա­հակ­նե­րը կը կրէին ­Պոն­տո­սի ֆե­տա­յա­կան տա­րա­զը, իւ­րա­քան­չիւր պոն­տա­ցիի սրտին եւ հո­գիին մէջ յու­զու­մի ու հպար­տու­թեան զգա­ցում­ներ արթնց­նե­լով։

­Ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին պա­րո­ւե­ցաւ պոն­տա­կան պա­տե­րազ­մա­կան ՍԷՐԱ պա­րը։

­Հա­մա­պոն­տա­կան միու­թիւն­նե­րու նա­խա­գահ Եոր­ղոս ­Վա­րի­թի­միա­տիս, իր խօս­քին մէջ նշեց յա­ռա­ջի­կայ ­Կի­րա­կի օր ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ տի­կին ­Քա­թէ­րի­նա ­Սա­քե­լա­րո­փու­լո­ւի կող­մէ դափ­նեպ­սա­կի զե­տեղ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, որ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով պի­տի ի­րա­կա­նա­նայ, առ ի յար­գանք ­Պոն­տո­սի ­Յոյ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րուն։

­Նա­խոր­դող օ­րե­րուն, ­Սին­տաղ­մա­յի հրա­պա­րա­կին վրայ քա­րոզ­չա­կան տա­ղա­ւար զե­տե­ղած էր ­Պոն­տոս­ցի­նե­րու ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւ­նը։ ­Հոն ներ­կայ գտնո­ւե­ցան եւ ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին ­Պոն­տոս­ցի ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն՝ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք տա­րի­նե­րէ ի վեր եւ տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով սերտ գոր­ծակ­ցու­թիւն պահ­պա­նած են ի­րա­րու հետ։

­Թե­սա­ղո­նի­կէ

Իւ­րա­յա­տուկ յուշ-ե­րե­կոյ մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ, Ե­րեք­շաբ­թի՝ 18 ­Մա­յիս 2021ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8ին։ Ե­րեք խորհր­դան­շա­կան յու­շար­ձան­ներ՝ հայ­կա­կան խաչ­քա­րը, ­Թէո­տո­րոս ­Քո­լո­քոթ­րո­նի­սի ար­ձա­նը եւ ­Տի­միթ­րիոս Իփ­սի­լան­տի­սի կի­սանդ­րին ի­րա­րու միա­ցան վա­ռած մո­մե­րու եր­կար շղթա­յով մը, այս­պէս նշե­լով ­Պոն­տո­սի յոյ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան 102,ա­մեա­կը եւ 1821-ի ­Յու­նաս­տա­նի յե­ղա­փո­խու­թեան 200-ա­մեայ տա­րե­դար­ձը։

­Յու­նաս­տա­նի Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ ­Պոն­տա­կան միու­թիւն­նե­րու հա­մա­հել­լէ­նա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ  խորհր­դան­շա­կան այս ե­րե­կոն, որ նո­ւի­րո­ւած էր ­Թուր­քիոյ կող­մէ Ա­րե­ւե­լեան քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու դէմ գոր­ծադ­րո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին։

­Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րու ա­նու­նով խօս­քեր ուղ­ղե­ցին ­Պոն­տա­կան միու­թիւն­նե­րու հա­մա­հել­լէ­նա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան նա­խա­գահ Խ­րիս­թի­նա ­Սա­խի­նի­տու եւ Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին կող­մէ ընկ. ­Պետ­րոս ­Հա­լա­ճեան, նշե­լով եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան բարձր մա­կար­դա­կը եւ ար­դա­րու­թեան հաս­նե­լու միա­տեղ ջան­քե­րու գոր­ծադ­րու­մը։

­Խօս­քեր ուղ­ղե­ցին ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ա­րիս­տո­տե­լեան հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս փրոֆ. ­Քի­րիա­քոս ­Խա­ծի­քի­րիա­քի­տիս եւ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի կող­մէ ընկ. ­Մա­րի ­Քիւրք­ճեան։

­Հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեամբ հան­դէս ե­կաւ ­Մա­րի­նա ­Տօ­նի­կեան, ինչ­պէս նաեւ հնչե­ցին պոն­տա­կան եր­գեր։

­Տի­միթ­րիոս Իփ­սի­լան­տի­սի կի­սանդ­րիին առ­ջեւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տեղ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ա­նու­նով պսակ զե­տե­ղեց ընկ. ­Կա­րօ ­Նա­տեա­նը։

Իսկ ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 19 ­Մա­յիս 2021-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ա­յիա ­Սո­ֆիա հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մա­պոն­տա­կան միու­թեան կող­մէ, ուր ներ­կայ ե­ղան հել­լէն խորհր­դա­րա­նի ու կա­ռա­վա­րու­թեան, կու­սակ­ցու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, մարզ­պե­տը եւ փոխ մարզ­պե­տը, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի քա­ղա­քա­պե­տը եւ հրա­ւի­րեալ­ներ։

Ող­ջոյ­նի խօս­քով եւ դափ­նեպ­սա­կի զե­տե­ղու­մով մաս­նա­կից դար­ձան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ հա­մայն­քի ա­նու­նով Ար­թուր Աբ­րա­հա­մեան եւ Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ըն­կեր­նե­րը։

Ն­շենք, թէ անց­նող շաբ­թո­ւան ըն­թաց­քին հար­ցազ­րոյց­նե­րով եւ ող­ջոյ­նի խօս­քե­րով, հե­ռա­տե­սի­լի եւ հա­մա­ցան­ցի տար­բեր յայ­տա­գիր­նե­րէ, ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցան Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ըն­կեր­նե­րը։ ­Յատ­կա­պէս, հա­մա­պոն­տա­կան միու­թեան առ­ցանց յայ­տագ­րին, իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի հա­ղոր­դակ­ցու­թեան տնօ­րէ­նու­հի ընկ. Է­լի­զա­պէթ ­Չուլ­ճեան, ո­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը մե­ծա­պէս գնա­հա­տո­ւե­ցաւ կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն կող­մէ։ Իր խօս­քը հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ յու­նա­րէն են­թա­խո­րա­գիր­նե­րով եւ մեծ տպա­ւո­րու­թիւն թո­ղեց հան­դի­սա­տես­նե­րուն վրայ։