Շրջա­նա­ւարտ­ները, ձա­խէն աջ՝ ­Ճի­նե­ճեան ­Գէորգ, ­Մի­նա­սեան ­Սեր­ղիոս, Մկր­տի­չեան ­Յա­կոբ, ­Գաբ­րա­լոս Ա­կե­լոս, ­Սու­քիա­սեան Է­լի­զա­պեթ, Ա­ռա­քե­լեան ­Վիք­թո­րիա, ­Ղա­զա­րեան ­Նել­լի, ­Սե­րո­բեան ­Սե­սիլ, ­Մա­նու­կեան ­Մե­լի­նա

Իւ­րա­քան­չիւր տա­րի կ­՚ը­սենք՝ «յա­ջորդ տա­րի այդ­քան շատ ծրա­գիր­նե­րու եւ գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րու պի­տի չմաս­նակ­ցինք», սա­կայն կար­ծես ճիշդ հա­կա­ռա­կը փա­փա­քած կ­՚ըլ­լանք, եւ ա­հա­ւա­սիկ այս տա­րեշր­ջա­նը հա­րուստ ե­ղաւ զա­նա­զան հե­տաքրք­րա­կան ծրա­գիր­նե­րով։ Այս տա­րի ալ, ըն­դու­նե­ցինք հիւ­րեր, կազ­մա­կեր­պե­ցինք ե­լոյթ­ներ, մաս­նակ­ցե­ցանք դպրո­ցէն դուրս կա­տա­րո­ւած տար­բեր ե­ղե­լու­թիւն­նե­րու։

Դպ­րո­ցա­կան կեանք
­Հա­յե­ցի կրթու­թեան գլխա­ւոր ազ­դակն է հա­յե­րէ­նը գոր­ծա­ծո­ւի իր­բեւ ապ­րող լե­զու։ Ու այդ յա­ջո­ղե­լու հա­մար, կա­րե­ւոր է հայ ե­րե­խան ներգ­րա­ւել։ ­Յա­րա­տեւ եւ ծրագ­րո­ւած աշ­խա­տանք կը պա­հան­ջո­ւի։

­Գոր­ծակ­ցու­թիւն «­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան ­Հիմ­նարկ»ի Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի զար­գաց­ման բա­ժան­մուն­քին հետ
1. «­Զար­դիս» մա­տե­նա­շար. եր­րորդ տա­րին ըլ­լա­լով, հա­յե­րէն լե­զո­ւի դա­սա­գիր­քե­րուն զու­գա­հեռ, գոր­ծա­ծե­ցինք «­Զար­դիս» մա­տե­նա­շա­րէն ստա­ցած ման­կա­վար­ժա­կան ո­ճով հե­տաքրք­րա­կան գրա­կա­նու­թեան գիր­քե­րը, ո­րոնք կը զար­գացնեն ա­շա­կերտ­նե­րուն ե­րե­ւա­կա­յու­թիւ­նը։ Ա­նոնք հա­յե­րէ­նով կ­՚ապ­րին եւ կը հարստաց­նեն ի­րենց բա­ռա­պա­շա­րը։

­2.Ֆիլ­մի աշ­խա­տա­նոց. Զ. դա­սա­րա­նը հե­տե­ւե­ցաւ 15 օ­րո­ւան հա­մար ստեղ­ծա­րար ֆիլ­մի աշ­խա­տա­նո­ցի եւ ու­նե­ցաւ գոր­ծուն մաս­նակ­ցու­թիւն։ Ա­շա­կերտ­նե­րը ստեղ­ծա­րար ու հնա­րար յղա­ցում­նե­րով պատ­րաս­տե­ցին ֆիլ­մը։

Գ­րա­դա­րան. դպրո­ցին փո­խա­ռա­կան գրա­դա­րա­նը օժ­տո­ւած է քա­ռա­լե­զու (հա­յե­րէն, յու­նա­րէն, անգ­լե­րէն, ֆրան­սե­րէն) ման­կա­պա­տա­նե­կան գիր­քե­րով։ ­Շա­րու­նակ կը ճո­խա­ցո­ւի նոր գիր­քե­րով։ ­Յատ­կա­պէս զարկ կը տրո­ւի հա­յե­րէն գիր­քե­րուն։
Դպ­րո­ցին ա­ռօ­րեա­յին ըն­թաց­քին յա­տուկ ժամ կը տրա­մադ­րո­ւի փո­խա­ռա­կան գրա­դա­րա­նին հա­մար եւ ու­րախ ենք, որ գիր­քե­րը չեն զար­դա­րեր գրա­դա­րա­նը, այլ շա­րու­նակ կը գոր­ծա­ծո­ւին։

Ո­ւի­քի­փե­տիա. Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի Ո­ւի­քի­փե­տիա­յի եւ յու­նա­կան Ո­ւի­քի­փե­տիա­յի գոր­ծակ­ցու­թեան ծի­րէն ներս, Զ. դա­սա­րա­նը այ­ցե­լեց յու­նա­կան Ո­ւի­քի­փե­տիա­յի ե­րի­տա­սար­դա­կան բաժ­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն պրն. Ն. ­Լի­քո­միթ­րոս։ Ան ա­շա­կերտ­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց Ո­ւի­քի­փե­տիան եւ ա­նոր ըն­ծա­յած ա­պա­հով գոր­ծիք­նե­րը։

­Լող­. այս տա­րի ալ, Գ. եւ Դ. դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը 2-րդ­ ե­ռամ­սեա­յի ըն­թաց­քին շա­բա­թա­կան հեր­թա­կա­նու­թեամբ եւ եր­կու դա­սա­պա­հի հա­մար մեր դպրո­ցին մօ­տա­կայ լո­ղա­ւա­զան­նե­րէն մէ­կուն մէջ վա­յե­լե­ցին ի­րենց լո­ղի պա­հե­րը։

­Վո­լէյ եւ ճատ­րակ
— ­Գո­քի­նիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ա­ռա­ջար­կին ըն­դա­ռա­ջե­լով, դպրո­ցի Դ., Ե. եւ Զ. դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը տա­րեշր­ջա­նի ըն­թաց­քին, ա­մէն Եր­կու­շաբ­թի եւ ­Չո­րեք­շաբ­թի, դպրո­ցէն ար­ձա­կու­մէն ետք հե­տե­ւե­ցաւ «μετά το σχόλασμα» վո­լէ­յի մար­զա­կան ծրա­գի­րին։
— ­Վեր­ջին տաս­նը­հին­գա­մեա­կին, Ծ­նո­ղա­կան միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, ա­մէն Ուր­բաթ ճատ­րա­կի դա­սեր կը տրո­ւին «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի 2-րդ ­յար­կին մէջ։

Ե­րաժշ­տու­թեան աշ­խա­տա­նոց. այս տա­րեշր­ջա­նէն սկսեալ, շա­բա­թա­կան հեր­թա­կա­նու­թեամբ կը գոր­ծէ դպրո­ցին «Ե­րաժշտու­թեան աշ­խա­տա­նոց»ը (Μουσική Ακαδημία), ո­րուն պա­տաս­խա­նա­տուն է, ե­րաժշտա­գէտ, յօ­րի­նող եւ մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մի ար­ժա­նա­ցած պրն. ­Միհ­րան ­Չա­լը­քեան։

­Ներ­քին ու ար­տա­քին դպրո­ցա­կան ե­լոյթ­ներ
1. Շր­ջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան, կրօ­նա­կան տօ­նե­րուն նա­խօ­րեա­կին այ­ցե­լեց դպրո­ցը եւ զրու­ցեց Ե. ու Զ. դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ։

­2. Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի 100-ա­մեա­կի հան­դի­սու­թիւն
Հ­պար­տու­թեամբ ըն­դա­ռա­ջե­ցինք եւ մաս կազ­մե­ցինք Հ.Կ.­Խա­չի 100-ա­մեա­կին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պո­ւած տօ­նա­հան­դէ­սին։ Ե. եւ Զ. դա­սա­րան­նե­րուն ա­շա­կերտ­նե­րը մաս կազ­մե­ցին Հ.Կ.­Խա­չի ե­րեք դպրոց­նե­րու բարձր դա­սա­րան­նե­րէն կազ­մո­ւած երգ­չա­խում­բին, խմբա­վա­րու­թեամբ պրն.­Միհ­րան ­Չա­լը­գեա­նի։

­3. Դես­պա­նու­թիւն. ըն­դա­ռա­ջե­ցինք ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նին, պա­րոն ­Տիգ­րան Մկրտ­չեա­նի հրա­ւէ­րին եւ մեր ա­շա­կերտ­նե­րը մերթ ընդ մերթ՝ Ա., Բ. եւ Գ. եւ ա­պա Դ., Ե. եւ Զ., դես­պա­նա­տուն այ­ցե­լե­ցին եւ հան­դէս ե­կան եր­գե­րով, պա­րե­րով ու ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով։ ­Սի­րե­լի պա­րոն դես­պա­նը բո­լո­րին տո­ւաւ իր բա­րե­մաղ­թանք­ներն ու ա­պա ա­շա­կերտ­նե­րը հիւ­րա­սի­րուե­ցան։

­4. Լութ­րա­քին պատ­մու­թեան խաչ­մե­րու­կին՝ վկա­յու­թիւն­ներ եւ յի­շո­ղու­թիւն­ներ, 1922 «Μνήμες 1922 – Το Λουτράκι στο σταυροδρόμι της ιστορίας: τα ορφανά αρμενόπουλα στο Λουτράκι».
­Չո­րեք­շաբ­թի, 29 ­Յու­նո­ւար, 2025, ­Լութ­րա­քիի «Ա­լեք­սատ­րիօ» դահ­լի­ճին մէջ  (Αλεξάνδρειο Συνεδριακό Κέντρο) տե­ղի ու­նե­ցաւ իւ­րա­յա­տուկ իր յղա­ցու­մով ա­շա­կեր­տա­կան ձեռ­նարկ մը «­Լութ­րա­քին պատ­մու­թեան խաչ­մե­րու­կին՝ վկա­յու­թիւն­ներ եւ յի­շո­ղու­թիւն­ներ, 1922» նիւ­թով։ Ե­լոյ­թին մեր դպրո­ցին Դ., Ե. եւ Զ. դա­սա­րան­նե­րուն սա­նե­րը հան­դէս ե­կան եր­գե­րով ու նո­ւագ­նե­րով, պա­րե­րով եւ պատ­կե­րա­ցում­նե­րով։ Ա­շա­կեր­տա­կան յայ­տա­գի­րի ա­ւար­տին, դպրո­ցի տնօ­րէն պրն. ­Սիղ­րի­միս, յա­ջոր­դա­բար բեմ հրա­ւի­րեց օ­րո­ւան բա­նա­խօս, պատ­մա­բան տի­կին Է­լեֆ­թե­րիա հան­դէս ե­կան։ ­Ձեռ­նար­կին ներ­կայ էին ­Յու­նա­հա­յոց թե­մի Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տը, ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, ­Գո­քի­նիոյ Հ.Կ.­Խա­չի «­Սօ­սէ» մաս­նա­ճիւ­ղի ըն­կե­րու­հի­ներ, ինչ­պէս նաեւ ­Կորն­թո­սի եւ ­Լութ­րա­քիի ­Յու­նաց ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղե­ցո­ւոյ Ա­ռաջ­նորդն եւ հո­գե­ւո­րա­կան­ներ, ե­րես­փո­խա­ներ, քա­ղա­քա­պե­տեր եւ փոխ­քա­ղա­քա­պե­տեր։

­5. Ծա­ռատն­կում
­Մաս­նակ­ցե­ցանք ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 110-ա­մեա­կի յի­շա­տա­կու­մին ա­ռի­թով կազ­մա­կեր­պո­ւած ծա­ռատն­կու­մին, որ ի­րա­գոր­ծեց ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը, Ի­մի­թոս լե­րան վրայ։

6. ­Հայ­կա­կան որ­բա­նոց­նե­րը ­Յու­նաս­տա­նի եւ յատ­կա­պէս Ա­տի­կէի / ­Կորն­թո­սի մէջ
Ուր­բաթ, 2 ­Մա­յիս 2025-ին, մեր դպրո­ցը այ­ցե­լե­ցին Ա­թէն­քի Ա­մե­րի­կեան վար­ժա­րա­նի ­Պատ­մա­կան ար­խիւ­նե­րու բա­ժի­նին (Ιστορικό Αρχείο Αμερικανικής Σχολής — Γεννάδειος Βιβλιοθήκη) տնօ­րէ­նու­հի տի­կին Է­լեֆ­թե­րիա ­Դա­լե­զիու եւ ­Պոլ­սոյ «Օ­զիէ­կին» ­Հա­մալ­սա­րա­նի պատ­մա­բան-հե­տա­զօ­տող տիկ. ­Մե­րիհ Է­րոլ։ Ա­նոնք դպրո­ցի Գ., Դ., Ե. եւ Զ. դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցին՝ փաս­տա­ցի աղ­բիւր­նե­րու վրայ յե­նո­ւե­լով, հայ եւ յոյն որ­բե­րու ժա­մա­նու­մը ­Յու­նաս­տան եւ ա­նոնց հաս­տա­տու­մը որ­բա­նոց­նե­րուն մէջ, ինչ­պէս նաեւ «­Զա­ւա­րեան» դպրո­ցի ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րու պատ­մու­թիւ­նը եւ ու­նե­ցած կա­րե­ւոր դե­րը ­Գո­քի­նիոյ եւ շրջա­կայ­քի հայ հա­մայն­քին մէջ։ Ա­պա յա­ջոր­դեց զրոյց ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ։

7. Այ­ցե­լու­թիւն Լ­. եւ Ս.­Յա­կո­բեան նա­խակր­թա­րան եւ «­Ճե­նա­զեան» միջ­նա­կարգ.
­Հա­ւա­տա­րիմ նպա­տա­կին՝ մօ­տիկ բե­րել եւ ծա­նօ­թաց­նել ի­րա­րու Հ.Կ.Խ.-ի եր­կու նա­խակր­թա­րան­նե­րուն եւ միջ­նա­կար­գի ա­շա­կերտ­նե­րը, ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նը այ­ցե­լեց Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան նա­խակրթա­րա­նը, ուր մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ դպրո­ցին՝ իր դա­սըն­կեր­նե­րուն հետ, ինչ­պէս նաեւ ծա­նօ­թա­ցաւ «­Ճե­նա­զեան» միջ­նա­կար­գի մի­ջա­վայ­րին, դա­սա­րան­նե­րուն եւ ա­շա­կերտ­նե­րուն։

Եւ­րո­պա­յի հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րու հետ ծա­նօ­թա­ցում
­Փա­րի­զի «Ա­րա­պեան-­Մես­րո­պեան» վար­ժա­րա­նին Ե. դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը, ի­րենց հին­գօ­րեայ ­Յու­նաս­տան դաս­տիա­րակ­չա­կան այ­ցե­լու­թեան ա­ռի­թով, մէկ օր տրա­մադ­րե­ցին եւ մեր դպրո­ցը այ­ցե­լե­ցին, ծա­նօ­թա­ցան «­Զա­ւա­րեան»-ի ի­րենց դա­սըն­կեր­նե­րուն եւ միա­սին հա­ճե­լի պա­հեր ան­ցու­ցին։

­Դաս­տիա­րակ­չա­կան այ­ցե­լու­թիւն­ներ
Ինչ­պէս ա­մէն տա­րի, այս տա­րի ալ ա­մէն ա­միս, իւ­րա­քան­չիւր դա­սա­րան կը հե­տե­ւի ար­տադպ­րո­ցա­կան ծրագ­րի մը, որ սա­կայն կապ ու­նի իր դա­սա­րա­նին մէջ տա­րած զա­նա­զան գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րուն հետ։ Այս ուղ­ղու­թեամբ, իւ­րա­քան­չիւր դա­սա­րան ամ­սա­կան հեր­թա­կա­նու­թեամբ դաս­տիա­րակ­չա­կան այ­ցե­լու­թիւն­ներ տո­ւաւ՝ ­Յու­նաս­տա­նի հին եւ նոր խորհր­դա­րա­նի շէն­քը, STEM/ռո­պո­թի­քի յա­տուկ ծրա­գիր, Ա­թէն­քի հա­մեր­գաս­րա­հը, գրա­դա­րան­ներ, Տ­րա­բե­ցո­նա­յի Բ­նա­պահ­պան­ման կեդ­րո­նը, «­Վո­թա­նի­քօ պու­րակ»ը (Διομήδειος Κήπος), Ի­մի­թոս լե­րան «Զ­գա­ցա­կան ան­տառ»-ը, զա­նա­զան թան­գա­րան­ներ՝ հնա­բա­նա­կան, հե­ռա­խօ­սու­թեան, ռազ­մա­կան, նա­ւա­յին, եւ այլն։ ­Հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան պատ­մու­թեան դա­սե­րուն զու­գա­հեռ, ա­շա­կերտ­նե­րը այ­ցե­լե­ցին «ΑΡΧΑΙΑ ΑΓΟΡΑ», Աք­րո­փո­լի­սին թան­գա­րա­նը, ­Քիք­լա­տեան թան­գա­րա­նը, ինչ­պէս նաեւ «Κέντρο Ελληνισμού».
­Յու­նաց ­Սուրբ ­Նի­կո­ղա­յոս տօն. ­Նա­ւաս­տի­նե­րու հո­վա­նա­ւոր ­Սուրբ ­Նի­կո­ղա­յոս տօ­նին ա­ռի­թով, ըն­դա­ռա­ջե­ցինք Կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան, ­Բի­րէա­յի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի եւ ­Յու­նա­կան նա­ւար­կու­թեան (ΕΛΛΗΝΙΚΗ ΝΑΥΤΙΛΙΑ) միաս­նա­կան հրա­ւէ­րին ու Գ., Դ., Ե. եւ Զ. դա­սա­րան­նե­րուն ա­շա­կերտ­նե­րը, ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րու ու­ղեկ­ցու­թեամբ, այ­ցե­լե­ցին «ANEK LINES»ի լիո­վին վե­րա­նո­րոգուած «Է­լեֆ­թե­րիոս ­Վե­նի­զե­լոս» նա­ւը եւ շրջայց կա­տա­րե­ցին։ ­Նա­ւուն անձ­նա­կազ­մը մեծ ու­րա­խու­թեամբ եւ ո­գե­ւո­րու­թեամբ դի­մա­ւո­րեց մեզ եւ պտտցուց նա­ւուն կա­մուր­ջին շուր­ջը, ուր ծա­նօ­թա­ցանք նա­ւար­կու­թեան հա­մար անհ­րա­ժեշտ գոր­ծիք­նե­րուն։
«Իէ­թո­նիա ­Փի­լի» եւ «­Լի­բազ­մա­թա­յի հա­մա­լիր» դաս­տիա­րակ­չա­կան շրջապտոյտ. ­Հինգ­շաբ­թի, ­Մարտ 13, 2025, դպրո­ցը այ­ցե­լե­ցին ­Պոլ­սոյ «­Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րան»-ի ա­շա­կերտ­ներ, ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րուն ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ։ ­Մեր դպրո­ցին Զ. դա­սա­րա­նին ա­շա­կերտ­նե­րը ա­նոնց ըն­կե­րակ­ցե­ցան «Իէ­թո­նիա ­Փի­լի» եւ «­Լի­բազ­մա­թա­յի հա­մա­լիր» դաս­տիա­րակ­չա­կան շրջապ­տոյ­տին։ ­Հոն, ուր ­Փոքր Դպ­րոց վե­րա­դար­ձին յա­ջոր­դեց խո­րո­վա­ծի ճաշ­կե­րոյթ։

­Մար­զանք եւ մար­կա­վար­ժու­թիւն. ­Հոկ­տեմ­բե­րին, բո­լոր ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը նշեց «­Մար­զան­քի հա­մաշ­խար­հա­յին օր»ը այ­ցե­լե­լով Ո­ղիմ­պիա­կան թան­գա­րա­նը։ Կայ­քէ­ջի բնա­գա­ւա­ռին մէջ անվ­տանգ նա­ւար­կու­թիւն. Ե. եւ Զ. դա­սա­րան­նե­րուն ա­շա­կերտ­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցին ­Յու­նաս­տա­նի ոս­տի­կա­նու­թեան գլխա­ւոր շտա­պի կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած «­Կայ­քէ­ջի բնա­գա­ւա­ռին մէջ անվ­տանգ նա­ւար­կու­թիւն» նիւ­թով առ­ցանց սե­մի­նա­րին: Ա­շա­կերտ­նե­րը ստա­ցան կա­րե­ւոր խոր­հուրդ­ներ ի­րենց պաշտ­պա­նու­թեան, ինչ­պես նաեւ՝ ե­թէ ո­րե­ւէ հարց եւ կամ անբ­նա­կան բան/ե­ղե­լու­թիւն նկա­տեն աշ­խա­տանք կամ գոր­ծո­ղու­թիւն կա­տա­րե­լու ժա­մա­նակ։

Ա­ռող­ջա­պա­հա­կան. ­Մեր դպրո­ցը, «­Բե­րա­նի խո­ռո­չի ա­ռող­ջու­թեան հա­մաշ­խար­հա­յին օր»ո­ւան հա­մար (Παγκόσμια Ημέρα Στοματικής Υγείας) ըն­դա­ռա­ջեց ­Փի­րէա­յի Ա­տամ­նա­բու­ժե­րու միու­թեան հրա­ւէ­րին եւ ա­շա­կերտ­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան գե­րա­զանց նկար­նե­րով։ ­Բո­լո­րին աշ­խա­տանք­նե­րը յա­տուկ գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նա­ցան։ ­Պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցան եւ ստա­ցան հե­տաքրք­րա­շարժ նո­ւէր­ներ հե­տե­ւեալ ա­շա­կերտ­նե­րը՝ ­Փա­նա­յո­թիս ­Ցա­քի­րող­լու (Ե.), Է­կեան ­Մար­ղա­րի­թա (Ե.) եւ Եոր­ղան­ճեան ­Վա­հան (Գ.):

Ս­նուն­դի հա­մաշ­խար­հա­յին օր. 16 ­Հոկ­տեմ­բե­րին նշե­ցինք «Ս­նուն­դի հա­մաշ­խար­հա­յին oրը» (Παγκόσμια Ημέρα Διατροφής)։ ­Բո­լո­րիս կը յի­շեց­նէ ա­ռողջ եւ կա­յուն սննդա­կա­նո­նի հե­տապն­դու­մին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ ­Խա­ղե­րու ընդ­մե­ջէն, ա­շա­կերտ­նե­րը յի­շե­ցին սննդա­յին խում­բե­րը եւ սննդա­կար­գի կա­նոն­նե­րուն կի­րա­ռու­մը՝ զու­գոր­դո­ւած վար­ժու­թիւն­նե­րու հետ, ո­րոնք աշ­խու­ժօ­րէն կը նպաս­տեն լաւ ա­ռող­ջու­թեան պահ­պան­ման:

Բ­նա­գի­տու­թեան եւ ­Մա­թե­մա­թի­քի մրցոյթ­ներ
Ե. եւ Զ. դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան Բ­նա­գի­տու­թեան եւ ­Մա­թե­մա­թի­քի մրցոյթ­նե­րու։ ­Մաս­նակ­ցած 21 ա­շա­կերտ­նե­րէն, տա­սա­կան հո­գի ձեռք­բե­րե­ցին ­Գե­րա­զանց ար­դիւնք (ΑΡΙΣΤΕΙΑ)։
Ա­նոնց ար­դիւնք­նե­րը մեր դպրո­ցը հրա­պա­րա­կեց մեր կայ­քէ­ջին վրայ, ինչ­պէս նաեւ «Ա­զատ Օր»-ի մէջ։
1. Բ­նա­գի­տու­թեան մրցա­նակ­նե­րը յանձ­նո­ւե­ցան 6 ­Յու­նի­սին, ներ­կա­յու­թեամբ ծնող­նե­րու եւ դպրո­ցի ամ­բողջ ա­շա­կեր­տու­թեան։
2. ­Թո­ւա­բա­նու­թեան մրցա­նակ­նե­րը յանձ­նո­ւե­ցան այ­սօր, «­Յու­նաս­տա­նի ­Մա­թե­մա­թի­քի ըն­կե­րակ­ցու­թեան» ան­դամ­նե­րէն եւ մեր նախ­կին ու­սու­ցիչ, դա­սա­խօս պր. Եա­նիս ­Սիու­լա­սին կող­մէն։

Դպ­րո­ցա­կան հրա­ժեշ­տի ե­լոյթ­ներ
Այս տա­րի ո­րո­շե­ցինք բաց-ե­լոյթ­նե­րով եւ ծնող­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ փա­կել մեր տա­րեշր­ջա­նը։ Այդ ուղ­ղու­թեամբ՝

1. Ե­րեք­շաբ­թի 27 ­Մա­յիս, 2025 — «­Մեր հայ­րե­նի­քը – ­մեր մշա­կոյ­թը» ծրա­գիր. 28 ­Մա­յի­սի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան ըն­թաց­քին, «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի հան­դի­սաս­րա­հին մէջ ցու­ցադ­րո­ւե­ցան բո­լոր դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րուն «­Մեր հայ­րե­նի­քը – ­մեր մշա­կոյ­թը» նիւ­թով զա­նա­զան աշ­խա­տանք­նե­րը։ ­Հիա­նա­լի գոր­ծե­րու, աշ­խա­տանք­նե­րու ա­կա­նա­տես ե­ղանք, ու ան­գամ մը եւս լե­ցո­ւե­ցանք պար­ծան­քի զգա­ցում­նե­րով։

2. ­Չո­րեք­շաբ­թի 4 ­Յու­նիս, վեր­ջին ե­րեք դա­սա­պա­հե­րուն ըն­թաց­քին դպրո­ցի մար­զա­դաշ­տին մէջ բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ներ­կայ գտնո­ւիլ փա­փա­քող ծնող­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցան հե­տե­ւեալ ե­լոյթ­նե­րը.-

2.1. ­Վո­լէյ պո­լի ցու­ցադ­րու­թիւն եւ մրցա­շարք. Դպ­րո­ցիս 4-րդ, 5-րդ­ եւ 6-րդ ­դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը, ո­րոնք կը հե­տե­ւին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «μετά το σχόλασμα» վո­լէ­յի մար­զա­կան ծրագ­րին, ներ­կա­յա­ցու­ցին «­Վո­լէյ պոլ»ը. Ա­պա, բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վո­լէյ պո­լի խում­բե­րուն մար­զի­չին կող­մէն հրա­ւի­րո­ւե­ցան վո­լէ­յի ցան­ցին շուրջ ի­րենց փոր­ձե­րը կա­տա­րել։ ­Խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը անն­կա­րագ­րե­լի էր։

2.2 ­Ճատ­րա­կի ցու­ցադ­րու­թիւն. ­Մեր դպրո­ցին ճատ­րա­կի խում­բը, մար­զա­խա­ղը ծա­նօ­թա­ցուց մնա­ցեալ ա­շա­կերտ­նե­րուն, եւ ճատ­րա­կի հսկայ մոմ­լա­թի վրայ զե­տե­ղուած հա­մա­պա­տաս­խան քա­րե­րով յա­տուկ ցու­ցադ­րու­թիւն ը­րաւ։

6-րդ ­դա­սա­րա­նին պտոյտ­նե­րը
Այս տա­րի, մեր ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նը եր­կու ան­գամ՝ 2-ա­կան դա­սա­պահ տրա­մադ­րե­լով, շրջե­ցաւ դպրո­ցին շրջա­նը ու ճանչ­ցաւ ­Գո­քի­նիոյ թա­ղե­րը եւ տե­ղե­կա­ցաւ տեղ­ւոյն հայ հա­մայն­քին պատ­մու­թեան մա­սին մին­չեւ այ­սօր։ Իսկ 13 ­Յու­նի­սին, ­Փի­րէա պի­տի շրջի։

­­Տօ­ներ
­­Հո­գե­ւոր՝ ­­Սուրբ ­­Թարգ­մա­նիչ­ներ, ­­Վար­դա­նանց, ինչ­պէս նաեւ հայ­կա­կան պե­տա­կան-ազ­գա­յին եւ յու­նա­կան ազ­գա­յին տօ­նե­րուն առ­թիւ, բո­լոր դա­սա­րան­նե­րուն ա­շա­կերտ­նե­րը հան­դէս ե­կան ի­րենց նա­խա­ձեռ­նած աշ­խա­տանք­նե­րով եւ ներ­կա­յա­ցում­նե­րով։
­­Տեառ­նըն­դա­ռաջ. ­­­Հինգ­շաբ­թի, 13 ­­­Փետ­րո­ւար 2025-ի ե­րե­կո­յեան, ­­­Գո­քի­նիոյ Ս. ­­­Յա­կոբ ե­կե­ղե­ցո­ւոյ մէջ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­­­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի նա­խա­տօ­նա­կի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին մեր վարժարանի աշակերտներ, ծնողներ, ուսուցչուհիներ ու հայրենակիցներ։ Աւարտին, եկեղեցւոյ բակին մէջ վառուեցաւ աւանդական խարոյկը։ Աշակերտներն ու ներկաները խանդավառութեամբ մասնակցեցան աւանդական խարոյկահանդէսին երգով, պարով եւ երբ կրակին բոցը սկսաւ ցածնալ, կրակին վրայէն ցատկել  սկսան։
Վարդանանց ազգային-կրօնական տօնին առթիւ, աշակերտները Ս.Յակոբ եկեղեցին ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցան եւ Ս.­Պա­տա­րա­գին հե­տե­ւե­ցան։ Դ.,Ե. եւ Զ. դա­սա­րան­նե­րուն ա­շա­կերտ­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան շա­րա­կան­նե­րու եր­գե­ցո­ղու­թեան։ ­Յու­նա­հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Սա­հակ եպս.Ե­մի­շեա­նին ներ­կա­յու­թեան ման­կա­պար­տէ­զի եւ նա­խակր­թա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին օ­րո­ւան պատ­շաճ յայ­տա­գիր։

­Մեր դպրո­ցը այ­ցե­լե­ցին
— Ե­րեք­շաբ­թի, 14 ­Յու­նո­ւար 2025-ին, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան այ­ցե­լեց մեր դպրո­ցը, կա­տա­րե­լու հա­մար ­Նոր տա­րո­ւան ու Ս. Ծնն­դեան տօ­նե­րու առ­թիւ տնօրհ­նէք։ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեա­նին հետ դի­մա­ւո­րե­ցինք Ա­ռաջ­նորդ ­Հօր։ Ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ա­ռաջ, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը ա­շա­կերտ­նե­րուն տե­ղե­կու­թիւն­ներ տո­ւաւ տնօրհ­նէ­քի ա­ւան­դու­թեան մա­սին եւ յի­շե­ցուց, որ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս, այս տա­րին հռչա­կած է «Ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու վե­րա­կեն­սա­ւոր­ման տա­րի»։ Ա­շա­կերտ­նե­րը եր­գե­ցին «­Խոր­հուրդ մեծ» շա­րա­կա­նը ու կա­ղան­դի եր­գեր, ստա­նա­լով Ա­ռաջ­նորդ հօր գնա­հա­տանքն ու օրհ­նու­թիւ­նը։

-Ու­սում­նա­կան ­Խոր­հուր­դին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, տա­րեշր­ջա­նի սկիզ­բին, մեր դպրո­ցը այ­ցե­լեց պատ­մա­բան տի­կին ­Գո­հար ­Գան­տա­հա­րեան։ Ան ու­սու­ցիչ­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ, Զ. դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն 2 դա­սա­պա­հի ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուց ­Հա­յոց պատ­մու­թեան դա­սա­նիւ­թէն ­Վար­դա­նանց պա­տե­րազ­մը։

— Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծնն­դեան տօ­նե­րուն առ­թիւ, Ծ­նո­ղա­կան միու­թեան ան­դա­մու­հի­նե­րը կար­կան­դակ­նե­րով եւ նո­ւէր­նե­րով այ­ցե­լե­ցին մեր դպրո­ցը, ու ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ ու­սու­ցիչ­նե­րուն փո­խան­ցե­ցին ի­րենց բա­րե­մաղ­թան­քե­րը։

­-Սի­րով ըն­դու­նե­ցինք մեր դպրո­ցին մէջ ­Պոլ­սոյ «­Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րան»-ի տնօ­րէ­նու­հիին, ինչ­պէս նաեւ Ա­րաս հրա­տա­րակ­չա­տան նախ­կին տնօ­րէ­նին։

Յու­նաս­տան ի­րենց այ­ցե­լու­թեան առ­թիւ, ու­րա­խու­թեամբ ըն­դու­նե­ցինք եւ հե­տաքրք­րա­կան զրոյց­ներ ու­նե­ցանք ի­րենց հետ՝

­- Պոլ­սոյ «Ե­սա­յեան» վար­ժա­րա­նի փոխ-տնօ­րէ­նու­հի եւ «­Պոլ­սոյ հայ Ու­սուց­չաց ­Հիմ­նար­կին» ան­դամ տի­կին ­Գա­րին ­Գոչ։ Ան դպրո­ցին նո­ւի­րեց նոր հրա­տա­րա­կուած ման­կա­կան հե­քիաթ­ներ, 2025-ի օ­րա­ցոյց­ներ, ինչ­պէս նաեւ Բ. — Դ. դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րու հա­մար թո­ւա­բա­նու­թեան եւ ման­կա­կան երկ­րա­չա­փու­թեան նո­րա­րար մե­թո­տա­բա­նու­թեամբ ու­սուց­ման հա­յա­լե­զու օ­ժան­դակ գիր­քեր (հրա­տա­րա­կո­ւած «­Հայ Ու­սուց­չաց ­Հիմ­նարկ»-ին կող­մէ)։
­- Պոլ­սոյ «­Յան­կարծ» թա­տե­րա­խում­բին ան­դամ­նե­րը,
­-Պոլ­սոյ «­Փա­րոս» հրա­տա­րակ­չա­տու­նէն տի­կին ­Մա­րալ ­Ֆուք­սին,
— Ինչ­պէս նաեւ ­Պոս­թը­նէն, ­Գեր­մա­նիա­յէն եւ ­Պոլ­սէն հայ­րե­նա­կից­ներ, ո­րոնք հե­տաքրքրու­թիւ­նը ու­նէին ճանչ­նալ ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» դպրո­ցը։

Ըն­դա­ռա­ջե­ցինք եւ հար­ցազ­րոյց տո­ւինք հե­տե­ւեալ­նե­րուն՝
-­ Փի­րէա­յի «ΖΑΝΝΕΙΟ» երկ­րոր­դա­կան դպրո­ցի պատ­մու­թեան դա­սա­խօ­սին, տի­կին ­Քա­լիո­բի ­Վա­թի­քիո­թիին.
­- Պոլ­սոյ «Օ­զիէ­կին» ­Հա­մալ­սա­րա­նի պատ­մա­բան-հե­տա­զօ­տող տիկ.­Մե­րիհ Է­րո­լին.
­- Քա­փո­տիսթ­րիա­քօ (ΕΚΠΑ) հա­մալ­սա­րա­նի «Թր­քա­կան ու­սում­ներ» բաժ­նի ու­սա­նող­նե­րուն եւ ի­րենց դա­սա­խօ­սին.

­Մեր շնոր­հա­կա­լա­կան խօս­քը կ­՚ուղ­ղենք
­Թե­միս ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­հօր՝ ­Սա­հակ արք. Ե­մի­շեա­նին, շրջա­նիս Ս.­ Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չէ­րեա­նին ու ­Թա­ղա­յին եւ ­Տիկ­նանց մար­մին­նե­րուն։ Հ.Հ. ­Յու­նաս­տա­նի մօտ յար­գե­լի պա­րոն դես­պա­նին։ ­Վար­ժա­րա­նին բա­րօ­րու­թեան հո­գա­տար՝ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան, Ու­սում­նա­կան, Տնտե­սա­կան եւ ­Կա­լո­ւա­ծա­յին խոր­հուրդ­նե­րուն, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չին Շր­ջա­նա­յին եւ քոյր մաս­նա­ճիւ­ղե­րուն վար­չու­թիւն­նե­րուն։

­Յա­տուկ շնոր­հա­կա­լան խօսք՝
— ­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան հիմ­նար­կի հայ­կա­կան բաժ­նին՝ կրթա­կան, բա­րո­յա­կան, նիւ­թա­կան զօ­րակ­ցու­թեան, ինչ­պէս նաեւ ցոյց տո­ւած վստա­հու­թեան հա­մար։
— Ա­մե­րի­կա­յի յու­նա­հա­յե­րու միու­թեան՝ բա­րո­յա­կան եւ նիւ­թա­կան շա­րու­նա­կա­կան ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար.
­- Վար­ժա­րա­նիս Ծ­նո­ղա­կան միու­թեան վար­չու­թեան սի­րե­լի ծնող­նե­րուն՝ ­Դա­նիկ ­Քէօ­սէ­յեան-Եոր­ղան­ճեան, ­Մա­րալ Ա­սատրեան-­Զու­լա­մեան, Ա­լիս ­Տէ­րար­թի­նեան, Ազ­նիւ ­Մով­սէ­սեան, ­Մա­րի Ա­ճէ­մեան, Հ­ռիփ­սի­մէ ­Կա­րա­պե­տեան. ­տա­րեշր­ջա­նին ըն­թաց­քին ճիգ չխնա­յե­ցին դպրո­ցին զա­նա­զան կա­րիք­նե­րը հո­գալ։ Այս տա­րի ալ շա­բա­թա­կան հեր­թա­կա­նու­թեամբ շա­րու­նա­կե­ցին ստանձ­նել ճատ­րա­կի դա­սե­րը։ Ծ­նո­ղա­կա­նը ա­մէն տա­րի կը կազ­մա­կեր­պէ գիր­քե­րու ցու­ցա­վա­ճառք եւ գի­տա­կից հայ գիր­քին կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին, հեր­թա­բար ցու­ցա­հան­դէ­սը կը հարս­տացնէ հե­տաքրք­րա­կան հայ­կա­կան ման­կա­պա­տա­նե­կան գիր­քե­րով, ո­րոնք իս­կա­պէս ծնող­նե­րուն եւ ա­շա­կերտ­նե­րուն կող­մէն կը յափշ­տա­կո­ւին։ ­Նաեւ, կը հո­գայ մեր ա­ւար­տա­կան­նե­րուն՝ ման­կա­պար­տէ­զի եւ նա­խակր­թա­րա­նի յի­շա­տա­կի նո­ւէր­նե­րը։

Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն՝
— «Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թի ու «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի խմբագ­րու­թեան կազ­մե­րուն, «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի խոր­հուր­դին:
­- Սան պա­հող բա­րե­րար տի­կին ­Պեր­ճու­հի Ուն­ճեա­նին։
­- Նո­ւի­րա­տու­նե­րուն՝ Ա­րամ եւ Իոան­նա ­Գա­սար­ճեա­նին եւ պա­րոն ­Հայկ Ա­ճէ­մեա­նին։
— Եւ մեր բո­լոր բա­րե­կամ­նե­րուն՝ ո­րոնք թի­կունք կանգ­նե­ցան մեր վար­ժա­րա­նին ու հո­գա­ցին բազ­մա­տե­սակ կա­րիք­նե­րուն։

­Վարձ­քը կա­տար՝
­Մեր սի­րե­լի ա­շա­կերն­տե­րուն. տա­րեշրջա­նի ըն­թաց­քին բա­ցի ի­րենց ա­մե­նօ­րեայ պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րէն, գուր­գու­րա­ցին ի­րենց վար­ժա­րա­նին վրայ: ­Յատ­կա­պէս մեր ա­ւար­տա­կան­նե­րուն, ո­րոնք պատ­րաստ են ո­րե­ւէ մար­տահ­րա­ւէ­րի։ ­Սի­րե­ցին դպրո­ցը, հե­տաքրք­րո­ւե­ցան հա­մայն­քին պատ­մու­թեամբ։ Վս­տահ ենք թէ ուր որ ալ պի­տի շա­րու­նա­կեն ի­րենց ու­սու­մը, հոն ալ պի­տի ծաղ­կին ու ա­ւե­լիով պի­տի զար­գաց­նեն ի­րենց տա­ղանդ­նե­րը։
­Ման­կա­պար­տէ­զի ու ­Նա­խակր­թա­րա­նի բո­լոր ու­սու­ցիչ­նե­րուն, ո­րոնց հաս­կա­ցո­ղու­թեան եւ ան­կեղծ գոր­ծակ­ցու­թեան շնոր­հիւ, մեր վար­ժա­րա­նը կը զար­գա­նայ, կը բար­գա­ւա­ճի կիրթ մթնո­լոր­տի, ան­կեղծ, ջերմ ու հա­ղոր­դա­կան մի­ջա­վայ­րի մէջ։ Ի մաս­նա­ւո­րի կո­րո­վի հայ ու­սուց­չա­կան կազ­մին՝ Ա­նի Ա­բի­կեա­նին, Ա­նուշ ­Ֆեն­դեա­նին եւ ­Թա­մար ­Պե­տո­յեա­նին։ Ա­մէն ջանք կը թա­փէ, որ­պէս­զի մեր ա­շա­կերտ­նե­րը ապ­րու­մով ճանչ­նան մեր հե­քեաթ­նե­րը, ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը, ­Հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը, մեր հա­րուստ մշա­կոյթն ու գրա­կա­նու­թիւ­նը։ Այս­պէս՝ կը կազ­մեն հա­յօ­րէն ապ­րող, ստեղ­ծող ինք­նավս­տահ հայ ան­հատ­ներ.­Մեր ա­շա­կերն­տերն են՝ որ կը տո­ղան­ցեն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաու­տա­կան դրօ­շին տակ, կը խան­դա­վա­ռեն մեզ ի­րենց աշ­խուժ թէ նազ պա­րե­րով ­Հա­մազ­գա­յի­նի պա­րա­խում­բե­րու ե­լոյթ­նե­րուն։

Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն՝
Դպ­րո­ցի մա­տա­կա­րար, տի­կին ­Կա­րի­նէ ­Մի­քա­յէ­լեա­նին. Ինք­նա­շարժ­նե­րու վա­րորդ­նե­րուն՝ ­Նո­րա ­Յա­կո­բեան եւ ­Նի­քոս ­Ծա­վա­րաս, ու­ղեկ­ցող տի­կին­նե­րուն՝ ­Լուի­զա Ա­ւա­գեան եւ ­Սու­զան­նա ­Պօ­ղո­սեան։
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն՝ մեր սի­րե­լի ծնող­նե­րուն, ո­րոնք գի­տա­կից հայ­կա­կան դպրո­ցին ա­ռա­քե­լու­թեան, հա­մես­տօ­րէն կը շա­րու­նա­կեն ա­նոր նե­ցուկ կանգ­նիլ։ Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն։

Մր­ցա­նակ­ներ
Ա­մէն տա­րի Հ.Կ.­Խա­չի Շրջ. ­Վար­չու­թիւ­նը ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նէն տա­րեշր­ջա­նի ըն­թաց­քին, հա­յե­րէն լե­զո­ւի մէջ գե­րա­զանց ար­դիւնք բե­րող ա­շա­կեր­տին կը պար­գե­ւատ­րէ ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան ա­մա­ռո­ւան բա­նա­կու­մի մաս­նակ­ցու­թեան մրցա­նա­կով։ Մր­ցա­նա­կին կ­՚ար­ժա­նա­նայ ­Յա­կոբ Մկր­տի­չեան։
­Մեր դպրո­ցի շրջա­նա­ւարտ­նե­րէն պա­րոն ­Հայկ Ա­ճէ­մեան, 100 եւ­րո­յի մրցա­նա­կով կը պար­գե­ւատ­րէ մեր վար­ժա­րա­նի ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նէն ­Հա­յոց ­Պատ­մու­թեան գե­րա­զանց ա­շա­կեր­տը։ Մր­ցա­նա­կը յանձ­նո­ւե­ցաւ ­Նել­լի ­Ղա­զա­րեա­նին։

Կր­թա­թո­շակ
­Տի­կին ­Պեր­ճու­հի Ուն­ճեան, իր ա­մուս­նոյն ­Բիւ­զանդ Ուն­ճեա­նի յի­շա­տա­կին, կը շա­րու­նա­կէ ա­նոր եւ իր կրթա­թո­շա­կը՝ ա­մէն տա­րի 500 եւ­րո­յի կրթա­թո­շա­կով պար­գե­ւատ­րել հայ­կա­կան դա­սա­նիւ­թե­րուն մէջ բա­ցա­ռիկ ճիգ թա­փող եւ գե­րա­զանց ար­դիւնք­ներ ձեռք­բե­րող ա­շա­կերտ մը։

­Վեր­ջա­բան
Շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րու հրա­ժեշ­տի ե­րե­կո­յին, Զ. ­դա­սա­րա­նի ու­սուց­չու­հին տի­կին ­Տես­փի­նա ­Մա­քե­տո­նո­փու­լու իր հրա­ժեշ­տի խօս­քը ու­ղեց ա­ւար­տա­կան­նե­րուն ու ի­րենց ծնող­նե­րուն։ Ե­րե­կո­յին ներ­կայ էր նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Մա­թե­մա­թի­քի Ըն­կե­րակ­ցու­թեան (ΕΜΕ) ան­դամ, թո­ւա­բա­նու­թեան ΕΥΚΛΕΙΔΗΣ Α΄ պար­բե­րա­թեր­թին խմբագ­րա­կան կազ­մի ան­դամ եւ մեր դպրո­ցին նախ­կին ու­սու­ցիչ պր. Եան­նիս ­Սիու­լաս։ Ան իր ու­ղեր­ձի ա­ւար­տին, յանձ­նեց ­Թո­ւա­բա­նու­թեան մրցոյ­թին գնա­հա­տան­քի (ΑΡΙΣΤΕΙΑ) ար­ժա­նա­ցած 10 ա­շա­կերտ­նե­րուն. Զ. դա­սա­րա­նի՝ Ա­ռա­քե­լեան ­Վիք­թո­րիա, ­Գաբ­րա­լոս Ա­կե­լոս, ­Ղա­զա­րեան ­Նել­լի, Մկր­տի­չեան ­Յա­կոբ եւ ­Սե­րո­բեան ­Սե­սիլ եւ Ե. դա­սա­րա­նի՝ Ա­ւա­գեան ­Մայք, ­Ղա­զա­րեան ­Դա­ւիթ, ­Մա­րի­նոս Եոր­ղոս, ­Մի­նա­սեան ­Սե­ւակ եւ Չ­թէ­յեան ­Յա­րութ։

­Բա­րի ա­մառ