Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը Եր­կու­շաբ­թի, 23 ­Յու­նո­ւար 2023-ին, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6-ին, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նէն ներս գու­մա­րեց միջ­վար­չա­կան ժողով, ո­րու ըն­թաց­քին կտրեց ա­մա­նո­րի գա­թան:
­Ժո­ղո­վը ա­ռա­ջին հեր­թին, յոտն­կայս լռու­թեամբ յար­գեց յի­շա­տա­կը վեր­ջին ա­միս­ներուն մեզ­մէ առ յա­ւետ բաժ­նո­ւած ըն­կե­րու­հի­նե­րուն։
Ա­պա, Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ.հի ­Լի­զա Ա­ւա­գեան շնոր­հաւո­րեց ­Նոր տա­րին եւ Ս. Ծ­նուն­դը, մաղ­թե­լով ա­ռող­ջու­թիւն եւ անձ­նա­կան ու ազ­գային յա­ջո­ղու­թիւն­ներ:
Իր խօս­քին մէջ լայն անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց ու տե­ղե­կու­թիւն­ներ տո­ւաւ Ար­ցա­խի մէջ տի­րող լուրջ կա­ցու­թեան մա­սին, ո­րը յա­ռաջ ե­կաւ Ատրպէյ­ճա­նի կող­մէ ­Բեր­ձորի շրջա­փա­կու­մով ու մաղ­թեց շու­տով բա­ցո­ւի մի­ջանց­քը եւ վե­րա­կանգ­նո­ւի ­Հա­յաստա­նի հետ կա­պը:
­Յա­ջոր­դա­բար, հրա­ւի­րեց վաս­տա­կա­ւոր ըն­կե­րու­հի ­Զար­մի­նէ ­Քիւր­տօղ­լեան ա­մանո­րի գա­թան կտրե­լու եւ իր մաղ­թան­քի խօս­քը ու­ղե­լու։
Անց­նե­լով ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գե­րուն ընկ.հի ա­տե­նա­պե­տու­հին ման­րա­մասն զե­կոյց մը տո­ւաւ վար­չու­թեան ծրագ­րած ա­պա­գայ գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին: ­Նաեւ մաս­նա­ճիւղե­րու վար­չու­թիւն­նե­րը ի­րենց կար­գին զե­կու­ցե­ցին ի­րենց ծրա­գիր­նե­րուն շուրջ:
Ա­պա, ժո­ղո­վը զբա­ղե­ցաւ յատ­կա­պէս 2023-ի ­Սի­րոյ ­Պա­զա­րի կազ­մա­կերպ­չա­կան հար­ցե­րով։
­Յայ­տա­րա­րո­ւե­ցաւ, թէ ­Սի­րոյ ­Պա­զա­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ­Կի­րա­կի, 2 Ապ­րի­լին, «Ին­թեր­քոն­թի­նեն­թալ» հիւ­րա­նո­ցին մէջ: ­Սի­րոյ ­Պա­զա­րը՝ թէեւ միու­թեան ա­մէ­նէն դժո­ւար ձեռ­նարկ­նե­րէն մէկն է, բո­լոր ըն­կե­րու­հի­նե­րը հա­մախմ­բո­ւած ու աշ­խու­ժութեամբ կը գոր­ծեն, գի­տակ­ցե­լով ձեռ­նար­կի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը:
­Յա­ջոր­դեց հիւ­րա­սի­րու­թիւն հա­ճե­լի ու ըն­կե­րա­յին մթնո­լոր­տի մէջ: