24 ­Նո­յեմ­բե­րին մեր ժո­ղո­վուր­դը կը նշէ ծննդեան տա­րե­դար­ձը ­Հայ ­Բե­մի մե­ծար­ժէք վար­պետ­նե­րէն Հ­րա­չեայ ­Ներ­սի­սեա­նի, որ թէեւ եր­կա­րա­տեւ կեանք չու­նե­ցաւ, բայց իր հան­ճա­րեղ ա­րո­ւես­տով ու ազ­նո­ւա­կան նկա­րագ­րով գե­րեց հան­դի­սա­տե­սը եւ ար­ժա­նա­ցաւ ան­մահ մե­ծե­րու պան­թէո­նին։
Հ­րա­չեայ ­Ներ­սի­սեա­նի մե­ծու­թիւ­նը կը կա­յա­նայ ոչ միայն իր կեր­պա­ւո­րած տի­պար­նե­րուն վրայ սե­փա­կան դրոշ­մը դնե­լու, այ­լեւ՝ իր մարմ­նա­ւո­րած կա­տա­կեր­գա­կան թէ ող­բեր­գա­կան տի­պար­նե­րը բե­մին վրայ ի­րա­պէ՜ս ապ­րեց­նե­լու տա­ղան­դին մէջ։
Հ. ­Ներ­սի­սեա­նի ժա­մա­նա­կա­կից մեր մե­ծե­րը կը վկա­յեն, ինչ­պէս որ հայ կեր­պա­րո­ւես­տի մեծ վար­պե­տը՝ ­Մար­տի­րոս ­Սա­րեան ա­տե­նին մատ­նան­շած է, թէ «Հ­րա­չեայ ­Ներ­սի­սեա­նը բնու­թեան այն շնորհ­նե­րից է, որ մարմ­նա­ւո­րում է վեհ մարդ­կայ­նու­թիւ­նը, դե­րա­սա­նա­կան տա­ղանդն ու խո­րա­թա­փանց ի­մաստ­նու­թիւ­նը»:
Հ. ­Ներ­սի­սեա­նի բարձ­րար­ժէք ա­րուես­տին վրայ գու­մա­րո­ւած է ա­նոր լիար­ժէք ­Հայ ­Մարդ ըլ­լա­լու ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւ­նը։ Ծ­նուն­դով ու կազ­մա­ւո­րու­մով ա­րեւմ­տա­հայ՝ Հ. ­Ներ­սի­սեան բե­մա­կան իր կազ­մա­ւո­րումն ու ա­րուես­տա­գէ­տի կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­մը ու­նե­ցաւ ­Պոլ­սոյ հայ­կա­կան բե­մե­րուն վրայ։ Իսկ երբ 1923ին ընտ­րեց հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւ­նը եւ շուրջ քա­ռա­սուն տա­րի ան­խոնջ գոր­ծեց խորհր­դա­յին ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, Հ. ­Ներ­սի­սեան յա­ջո­ղե­ցաւ գրա­ւել սիր­տը նաեւ ա­րե­ւե­լա­հայ հան­դի­սա­տե­սին։
Հ­րա­չեայ ­Ներ­սի­սեան ծնած է 24 ­Նո­յեմ­բեր (հին տո­մա­րով՝ ­Նո­յեմ­բեր 12ին) 1895ին, ­Պոլ­սոյ մեր­ձա­կայ ­Նի­կո­մե­դիա (այժմ՝ Իզ­միթ) քա­ղա­քը, որ մաս կը կազ­մէ եր­բեմ­նի ­Պար­տի­զա­կին (այժմ՝ ­Կո­չա­յե­լի)։ Ու­սու­մը ստա­ցած է ­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ ֆրան­սա­կան ­Սէն ­Պարպ եւ ա­մե­րի­կեան ­Ռո­պերթ քո­լէճ­նե­րուն, նաեւ՝ հայ­կա­կան Է­սա­յեան վար­ժա­րա­նին մէջ։
­Ման­կու­թե­նէն իսկ իր դրսե­ւո­րած բա­ցա­ռիկ ըն­դու­նա­կու­թեանց շնոր­հիւ՝ Հ. ­Ներ­սի­սեան ինք­նաշ­խա­տու­թեամբ սոր­ված է տար­բեր լե­զու­ներ։ Բ­նագ­րով կար­դա­ցած է ֆրան­սա­ցի, անգ­լիա­ցի և ­թուրք գրող­նե­րու եր­կե­րը, խօ­սած է ա­րա­բե­րէն ու ի­տա­լե­րէն: ­Մեծ դե­րա­սա­նի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան նկա­րագ­րին ձե­ւա­ւոր­ման վրայ խո­րունկ ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծած է ա­նոր մօ­տէն ծա­նօ­թու­թիւ­նը ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժա­նի եւ ­Կո­մի­տա­սի հետ: 1915 թո­ւա­կա­նին, ­Ներ­սի­սեան ­Պոլ­սոյ մէջ իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րած է ­Հայ Տ­ռա­մա­թիք եւ Ար­շակ ­Պենկ­լեա­նի օ­փե­րե­թա­յին խում­բե­րու ներ­կա­յա­ցում­նե­րուն:
Ա­ռա­ջին ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Պա­տե­րազ­մի (1914-1918) տա­րի­նե­րուն Հ. ­Ներ­սի­սեան ծա­ռա­յած է թրքա­կան բա­նա­կին մէջ իբ­րեւ թարգ­ման։ ­Ծա­ռա­յու­թեան շրջա­նին ու­ղար­կո­ւած է ա­րա­բա­կան եր­կիր­ներ, ուր ա­կա­նա­տես դար­ձած է իր ազ­գա­կից­նե­րու կո­տո­րած­նե­րուն: 1918ին վե­րա­դար­ձած է ­Կոս­տանդ­նու­պո­լիս եւ վե­րա­միա­ցած է Ա. ­Պենկ­լեա­նի թա­տե­րա­խում­բին։
1919էն սկսեալ, գլխա­ւոր դե­րեր ստանձ­նած է բե­մադ­րիչ եւ դե­րա­սան Մկր­տիչ ­Ջա­նա­նի «­Հայ Տ­ռա­մա­թիք» թա­տե­րա­խում­բին մէջ. բեմ ե­լած է Օ­թա­րեա­նի, ­Մու­րա­դի (Ա­լեք­սանդր ­Շիր­վան­զա­դէի «­Պա­տո­ւի հա­մար», «­Չար ո­գի») դե­րե­րով: ­Թա­տե­րախմբի յա­ջորդ ղե­կա­վա­րին՝ բե­մադ­րիչ Օ­վի ­Սե­ւու­մեա­նին ­Ներ­սի­սեան հա­մա­րած է իր «ա­ռա­ջին եւ մեծ ու­սու­ցի­չը»: 1920ին, ­Հայ ­Բե­մի հսկա­նե­րէն ­Յով­հան­նէս Ա­բէ­լեա­նի (­Լիր) հետ, Հ. ­Ներ­սի­սեան հան­դէս ե­կած է Ո­ւի­լեըմ ­Շէյքս­փի­րի «­Լիր ար­քայ» ներ­կա­յաց­ման մէջ՝ Էդ­գա­րի դե­րով:
1923ին ­Ներ­սի­սեան ընտ­րեց հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւ­նը եւ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւան: Ան­մի­ջա­պէս ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի Ա­ռա­ջին ­Պե­տա­կան ­Թատ­րո­նի (այժմ՝ ­Գաբ­րիէլ ­Սուն­դու­կեա­նի ա­նո­ւան թատ­րոն) դե­րա­սա­նա­կան կազ­մին մէջ: Ա­ռա­ւել յղկե­լով եւ բիւ­րե­ղաց­նե­լով դե­րա­սա­նա­կան իր տա­ղան­դը՝ Հ. ­Ներ­սի­սեան շու­տով դար­ձաւ հայ­րե­նի թատ­րո­նի եւ շար­ժան­կա­րի ա­ռաջ­նա­կարգ դե­րա­սան­նե­րէն մէ­կը եւ ար­ժա­նա­ցաւ հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան ճա­նա­չու­մի ու սի­րոյ:
Ինչ­պէս որ ­Հայ­կա­կան ­Հան­րա­գի­տա­րա­նը կը նշէ, Հ. ­Ներ­սի­սեան իր «բե­մա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռա­ջին իսկ շրջա­նէն ստեղ­ծած է յու­զա­կան ու ան­մի­ջա­կան հզօր կեր­պար­ներ: Ան վե­րա­մարմ­նա­ւոր­ման ա­րո­ւես­տի մեծ վար­պետ էր, ո­րուն միա­ժա­մա­նակ մատ­չե­լի էին ող­բեր­գա­կան, տռա­մա­թի­քա­կան, կա­տա­կեր­գա­կան եւ Կ­րո­թես­քա­յին (գե­ղար­վես­տա­կան ժանր մը, ուր ընդգ­ծո­ւած եւ խտա­ցո­ւած են տո­ւեալ կեր­պա­րի ու ե­րե­ւոյթ­նե­րու ցայ­տուն՝ գրա­ւիչ յատ­կա­նիշ­նե­րը եւ հա­մադ­րո­ւած՝ կա­տա­կեր­գա­կանն ու ող­բեր­գա­կա­նը) դե­րե­րը: Անձ­նա­ւոր­ման ա­րո­ւես­տի հա­րուստ ար­տա­յայտ­չա­մի­ջոց­նե­րով՝ Հ. ­Ներ­սի­սեան ստեղ­ծած է հա­ւաս­տի ու հա­մո­զիչ կեր­պար­ներ թէ՛ դա­սա­կան, թէ՛ ժա­մա­նա­կա­կից թա­տե­րա­խաղ­նե­րու մէջ:
Հ. ­Ներ­սի­սեա­նի դե­րա­սա­նա­կան վար­պե­տու­թիւ­նը լիո­վին բա­ցա­յայ­տե­լու ծա­ռա­յած են ա­նոր մարմ­նա­ւո­րած ­Պաղ­տա­սար Աղ­բա­րը, Օ­թել­լոն, ­Լիր Ար­քան, ­Գէորգ ­Մարզ­պե­տու­նին եւ ռու­սա­կան թատ­րո­նի դա­սա­կան կեր­պար­նե­րը։
Հ. ­Ներ­սի­սեան նաեւ հայ­կա­կան շար­ժան­կա­րի ա­ռա­ջին դե­րա­սան­նե­րէն է։ Ա­նոր դե­րա­կա­տա­րում­նե­րուն բնո­րոշ են անս­պա­սե­լի եւ ժա­մա­նա­կին հա­մա­հունչ բե­մա­կան գիւ­տե­րը:
Հ­րա­չեայ ­Ներ­սի­սեան վախ­ճա­նե­ցաւ Ե­րե­ւան, 1961 թո­ւա­կա­նի ­Նո­յեմ­բեր 6ին։ Ար­ժա­նա­ցաւ պե­տա­կան եւ հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին հան­դի­սա­ւոր եւ մե­ծա­շուք յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան։
­Թա­ղո­ւած է ­Կո­մի­տա­սի ա­նո­ւան զբօ­սայ­գիի պան­թէո­նը։ Հ. ­Ներ­սի­սեան ար­ժա­նա­ցած է Խ.Ս.Հ.Մ. ­Պե­տա­կան մրցա­նա­կի (1941 թ.): Հ­րա­չեայ ­Ներ­սի­սեա­նի ա­նու­նով կո­չո­ւած է Ե­րե­ւա­նի փո­ղոց­նե­րէն մէ­կը:
Ինչ­պէս որ ­Հայ ­Բե­մի հսկա­նե­րէն ­Վահ­րամ ­Փա­փա­զեան նշած է՝
«Ն­րա (Հ. ­Ներ­սի­սեա­նի) տա­ղան­դը նման էր դի­ցա­բա­նա­կան ոս­կէ թռչու­նին, ո­րը, չնա­յած այր­ւում ու մոխ­րա­նում է, սա­կայն միշտ վե­րածն­ւում է սե­փա­կան մոխ­րից: ­Նա մեծ ար­տիստ էր»: