­Նոր ­Տա­րո­ւան ու Ս. Ծնն­դեան տօ­նե­րու նա­խօ­րեա­կին, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Ս. Արք. ­Խա­չե­րեան, ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 22 ­Դեկ­տեմ­բեր 2021-ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 11:00-ին, պաշ­տօ­նա­կան փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն մը տո­ւաւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մայն­քա­պետ ­Գերպ. Տ. ­Յով­սէփ Ծ. Վրդ. ­Պէ­զա­զեա­նին։ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր կ’ըն­կե­րա­նա­յին Արժ. Տ. ­Պա­րէտ Քհնյ. ­Խա­չե­րեան եւ Արժ. Տ. ­Նա­րեկ Քհնյ. ­Շա­հի­նեան։
­Գե­րա­պայ­ծա­ռի ջերմ ըն­դու­նե­լու­թե­նէն ետք, ներ­կա­նե­րը զրու­ցե­ցին ընդ­հան­րա­պէս գա­ղու­թա­յին հո­գե­ւոր աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն մա­սին։ Անդ­րա­դարձ ե­ղաւ նաեւ, Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն ու գա­ղութ­նե­րու տագ­նապ­նե­րուն եւ ար­տա­գաղ­թին շուրջ։
Այ­ցե­լու­թեան ա­ւար­տին, ­Նոր ­Տա­րո­ւան ու Ս. Ծնն­դեան տօ­նե­րուն առ­թիւ, Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան ­Հայ­րը յա­նուն ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց գա­ղու­թին, ­Գե­րա­պայ­ծա­ռին շնոր­հա­ւո­րեց ու փո­խան­ցեց եղ­բայ­րա­կան իր սրտա­գին բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը։

­Դի­ւան Ազգ. Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի
Ա­թէնք, 23 ­Դեկ­տեմ­բեր 2021