­Թուր­քիոյ դա­տա­կան մար­մին­նե­րուն կող­մէ պա­հանջ ներ­կա­յա­ցո­ւած է՝ խլե­լու ընդ­դի­մա­դիր եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու՝ ­Հան­րա­պե­տա­կան-ժո­ղովր­դա­յին եւ քրտա­մէտ ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թեանց շարք մը ե­րես­փո­խան­նե­րու ան­ձեռնմխե­լիու­թիւ­նը:
«Ա­կօս» թեր­թի կայ­քին հա­մա­ձայն՝ ­Մա­յիս 17ին խորհրդա­րան ներ­կա­յա­ցո­ւած են նշեալ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն ան­դամ 10 պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու մա­սին հա­մա­պա­տաս­խան պա­հան­ջա­գիր: Աղ­բիւ­րը չէ յստա­կա­ցու­ցած սա­կայն, թէ դի­մու­մը ո՞ր մար­մի­նին կող­մէ ու­ղար­կո­ւած է խորհր­դա­րան:
­Վե­րոն­շեալ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու շար­քին է քրտա­մէտ կու­սակ­ցու­թեան հայ պատ­գա­մա­ւոր ­Կա­րօ ­Փայ­լան։
Աղ­բիւ­րը կը յի­շեց­նէ, որ ան­ցած շա­բաթ խորհր­դա­րա­նին ներ­կա­յա­ցո­ւած էր վե­րոնշեալ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րէն այլ 51 պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու ան­ձեռնմ­խե­լիու­թեան դադ­րեց­ման պա­հանջ մը՝ իշ­խա­նա­ւոր Ար­դա­րու­թիւն եւ ­Բար­գա­ւա­ճում կու­սակ­ցու­թեան ա­ռա­ջար­կով: ­Կա­տա­րո­ւած քո­ւէար­կու­թեամբ՝ ա­ռա­ջար­կը վա­ւե­րա­ցո­ւած էր 376 կողմ, 140 դէմ եւ 5 ձեռն­պահ ձայ­նե­րով: