Ա­րե­ւե­լեան Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ ­Նո­յեմ­բեր 6ին Ին­տիա­նան հան­դի­սա­ցաւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցած ա­մե­րի­կեան 48րդ ­նա­հան­գը, երբ նա­հան­գա­պետ Է­րիք ­Հոլ­քոմ հռչա­կա­գիր մը հրա­պա­րա­կեց՝ յի­շա­տա­կե­լով Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան կող­մէ 3 մի­լիոն հա­յե­րու, յոյ­նե­րու եւ ա­սո­րի­նե­րու ծրագ­րո­ւած սպան­դը։
­Միա­ժա­մա­նակ՝ նա­հան­գա­պե­տը ­Նո­յեմ­բեր 6-12ի շա­բա­թը հռչա­կեց «­Հա­յու­թեան ի­րա­զեկ­ման շա­բաթ»։
Ա­րե­ւե­լեան Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բի հա­մայն­քա­յին եւ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան հար­ցե­րու վա­րիչ Ար­թուր ­Մար­տի­րո­սեան դրո­ւա­տեց նա­հան­գա­պետ ­Հոլ­քո­մի սոյն քայ­լե­րը՝ շեշ­տե­լով, որ հռչա­կա­գի­րը ան­գամ մը եւս կը յի­շեց­նէ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ու­րա­ցող ­Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, թէ կա­րե­լի չէ պա­տանդ պա­հել ճշմար­տու­թիւ­նը։
Իր հռչա­կա­գի­րին մէջ նա­հան­գա­պե­տը յի­շե­ցու­ցած է, թէ նա­հան­գին քա­ղա­քա­ցի­նե­րը ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան օ­րե­րուն եւ ան­կէ ետք նե­ցուկ կանգ­նած են ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի Ն­պաս­տա­մա­տոյ­ցի բա­րե­սի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան՝ յատ­կան­շա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն տրա­մադ­րե­լով ա­նոր։
Հռ­չա­կա­գի­րին մէջ նաեւ կը շեշ­տո­ւի, որ «Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ վեր­ջին քա­նի մը տա­րի­նե­րուն, քրիս­տո­նեա­նե­րու եւ այլ փոք­րա­մաս­նու­թեանց դէմ կա­տա­րո­ւած ցե­ղաս­պա­նա­կան ա­րարք­նե­րու կա­սեց­ման հա­մար հար­կա­ւո՛ր է ան­ցեա­լի ցե­ղաս­պա­նու­թեանց, նե­րա­ռեալ ­Հա­յո՛ց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը։