19 յու­լի­սին, Ար­ցա­խի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի յա­տուկ նիս­տին, 28 կողմ ձայ­նով ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան ընտ­րո­ւած է Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ: Ան պի­տի պաշ­տօ­նա­վա­րէ մին­չեւ 2020:
Ար­ցա­խի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ե­րեք` «­Հայ­րե­նիք», «­Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն» եւ «­Դաշ­նակ­ցու­թիւն» խմբակ­ցու­թիւն­նե­րը ա­ռա­ջադ­րած էին գոր­ծող նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեա­նի թեկ­նա­ծու­թիւ­նը: ­Նա­խա­գա­հու­թեան մրցա­կից թեկ­նա­ծու Է­դո­ւարդ Ա­ղա­բե­կեան ստա­ցած է 4 ձայն:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով վստա­հու­թեան հա­մար` հան­րա­պե­տու­թեան վե­րընտ­րո­ւած նա­խա­գա­հը նշած է, որ պի­տի շա­րու­նա­կէ իր աշ­խա­տան­քը նոր ե­ռան­դով ու նոր ծրա­գիր­նե­րով` յա­նուն Ար­ցա­խի զար­գաց­ման եւ բար­գա­ւաճ­ման:

­Նա­խա­գահ ­Սերժ Սարգ­սեան շնոր­հա­ւո­րած է ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեա­նը

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան շնոր­հա­ւո­րա­կան ու­ղերձ յղած է ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեա­նին՝ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նին ընտ­րո­ւե­լուն ա­ռի­թով: ­Նա­խա­գահ ­Սարգ­սեա­նի ու­ղեր­ձին մէջ կը նշո­ւի.
«­Յար­գե­լի՛ պա­րոն ­Սա­հա­կեան,
«­Ջեր­մօ­րէն կը շնոր­հա­ւո­րեմ ձեզ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նին ընտ­րո­ւե­լու ա­ռի­թով:
«­Պե­տա­կան կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան եւ սա­հուն ձե­ւա­ւոր­ման ըն­թաց­քը կը վկա­յէ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին ա­զատ ապ­րե­լու օգ­տին կա­տա­րած ընտ­րու­թեան անշր­ջե­լի բնոյ­թը: Ա­տի­կա մար­դու հիմ­նա­րար ի­րա­ւունք­նե­րը եւ ա­զա­տու­թիւն­նե­րը ան­շե­ղօ­րէն ի­րա­գոր­ծե­լու ու­ղին է: Այդ ճամ­բուն վրայ Ար­ցա­խի անն­կուն եւ քա­ջա­րի ժո­ղո­վուր­դին ստեղ­ծած հան­րա­պե­տու­թեան ա­պա­գա­յին եւս պի­տի սա­տա­րեն եւ ա­ջակ­ցին ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան բո­լոր կա­ռոյց­նե­րը եւ աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թիւ­նը:
«Վս­տահ եմ, որ դուք պի­տի շա­րու­նա­կէք ձեր ազ­նիւ ծա­ռա­յու­թիւ­նը մա­տու­ցել Ար­ցա­խին` յա­նուն մեր ընդ­հա­նուր յա­ռա­ջըն­թա­ցի եւ բա­րօ­րու­թեան: ­Խա­ղա­ղա­սէր եւ հե­րո­սա­կան մեր ժո­ղո­վուր­դին ար­շա­լոյս­նե­րը թող մշտա­պէս խա­ղաղ ըլ­լան»:

Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս կը շնոր­հա­ւո­րէ ­Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի վե­րընտ­րու­թիւ­նը

Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեա­նի վե­րընտ­րու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս ետք, Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը հե­ռա­ձայ­նա­յին կապ հաս­տա­տած է վե­րընտ­րեալ նա­խա­գա­հին հետ եւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան եւ ան­ձամբ իր ա­նու­նով ջեր­մօ­րէն շնոր­հա­ւո­րած է Բ. ­Սա­հա­կեա­նի վե­րընտ­րու­թիւ­նը` վե­րա­հաս­տա­տե­լով կա­թո­ղի­կո­սու­թեան եւ ա­նոր թե­մե­րուն ամ­բող­ջա­կան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թիւ­նը ամ­րապն­դող բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րուն:
Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս Ա.Հ. նա­խա­գա­հին նաեւ յղած է շնոր­հա­ւո­րա­կան գիր, ո­րուն մէջ ը­սո­ւած է.- «Անց­նող տա­րի­նե­րուն դուք բարձ­րա­գոյն աս­տի­ճա­նի նո­ւի­րու­մով ու ամ­բող­ջա­կան յանձ­նա­ռու­թեամբ ծա­ռա­յե­ցիք Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ հաս­տա­տո­ւած մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն:
­Դուք ձեր գե­րա­գոյ­նը կա­տա­րե­ցիք Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան ա­ռա­ւել ամ­րապնդ­ման, ժո­ղո­վուր­դի տնտե­սա­կան կեան­քին բա­րե­լաւ­ման, ինչ­պէս նաեւ մեր քա­ջա­րի բա­նա­կին հզօ­րաց­ման հա­մար: ­Մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան ու դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց ծի­րին մէջ, դուք ամ­րօ­րէն պաշտ­պա­նե­ցիք ­Ղա­րա­բա­ղի մեր ժո­ղո­վուր­դի ինք­նո­րոշ­ման ար­դար ի­րա­ւուն­քը:
Այս խոր հա­մո­զու­մէն մղո­ւած, ­Ղա­րա­բա­ղի ժո­ղո­վուր­դը ներ­կա­յաց­նող պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը ձեզ հրա­ւի­րե­ցին շա­րու­նա­կե­լու ձեր հայ­րե­նա­նո­ւէր ծա­ռա­յու­թիւ­նը»:
­Նոյն նա­մա­կին մէջ՝ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը շեշ­տած է, թէ «Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ա­մուր պահ­պա­նու­մը ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ու ընդ­հան­րա­պէս մեր ժո­ղո­վուր­դի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան հա­մար ճա­կա­տագ­րա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նի: Վս­տահ ենք, որ այս խոր գի­տակ­ցու­թե­նէն ա­ռաջ­նոր­դո­ւած, ձեր կող­քին ու­նե­նա­լով պե­տա­կան մար­մին­նե­րը եւ հա­յոց ա­րի բա­նա­կը, վե­րա­նո­րոգ հա­ւատ­քով ու վճռա­կա­մու­թեամբ պի­տի շա­րու­նա­կէք ձեր ազ­գա­շէն ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը` ­Ղա­րա­բա­ղի ժա­մա­նա­կա­կից պատ­մու­թեան այս վճռադ­րոշմ հանգ­րո­ւա­նին»: