Ի գիտութիւն հաւատացեալ մեր ժողովուրդին, այսու կը հաղորդենք, թէ Կիրակի, 10 Օգոստոս 2025-ին, Քսանթիի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի Սուրբ Մարիամ Աստուածամօր Վերափոխման տաղաւար տօնը։
Պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ ԳԵՐՇ. Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊՍ. ԵՄԻՇԵԱՆ
Սկիզբ Ս. պատարագի առաւօտեան ժամը 10։00-ին։
Աւարտին պիտի կատարուի տաղաւար տօնի աւանդական խաղողօրհնէքը։
***
Շաբաթ, 9 Օգոստոսի երեկոյեան ժամը 6-ին, պիտի կատարուի մատաղի օրհնութիւն, որուն պիտի յաջորդէ մեռելոցի հոգեհանգստեան արարողութիւն Քսանթիի ազգային գերեզմանատան մէջ
Կը հրաւիրենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդը, մասնակից դառնալու հոգեպարար արարողութիւններուն ու ըմբոշխնելու օրուան խորհուրդը։
ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ










