Ուրբաթ, 28 Փետրուար 2025-ի առաւօտեան ժամը 8։30-ին, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ, Ս. Վարդանանց զօրավարաց եւ 1036 վկաներու ազգային տօնին առիթով։
Ս. պատարագին ներկայ գտնուեցան, Հայ Կապոյտ Խաչի «Զաւարեան» ազգ. վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, աշակերտութիւնը եւ գնահատելի թիւով ծնողներ։
Արարողութեան նախագահեց Յունաստանի հայոց Թեմի առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան։ Իսկ պատարագը մատուցեց Աթէնքի հոգեւոր հովիւ. Տ. Եզրաս վրդ. Թենեքէճեան։ Երգեցողութիւնը կատարեցին Կարօ սրկ. Քէօսէեան, Շաքէ Քէօսէեան եւ վարժարանի բարձր դասարանի աշակերտները, գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի տիկ. Հայկան Մինասեանին։ Իսկ խորանին վրայ սպասարկեցին, խումբ մը աշակերտներ։
Ս. պատարագի աւարտին, Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան բարի գալուստ մաղթեց աշակերտներուն եւ գոհունակութեամբ յայտնեց, թէ առաջնորդ Սրբազան հայրը, անցեալ Կիրակի օրուան եպիսկոպոսական ձեռնադրութենէն ու օծումէն ետք, իր առաջին այցելութիւնը եւ օրհնութիւնը կու տայ Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եղեղեցւոյ եւ վարժարանի աշակերտութեան։
Ապա Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան, աշակերտութեան տուաւ օրուան խորհուրդին պատգամը։ Ան նախ անդրադարձաւ Աւարայրի ճակատագրական պատերազմին մասին։ Ս. Վարդան Մամիկոնեան, հերոս զինուորները, կղերական դասը եւ ժողովուրդը ճակատեցան պարսիկներուն դէմ ու շատեր նահատակուեցան ի սէր հայրենիքի ու հաւատքի։ Ապա ան թելադրեց աշակերտներուն միշտ տօնել մեր մեծ սուրբին՝ Վարդան Մամիկոնեանի յիշատակը եւ այդպիսով յարգել անոնց նահատակութիւնը ու անմահացնել անոնց յիշատակը։
Ետքը, աշակերտները ներկայացուցին տօնին նուիրուած հայրենասիրական երգեր, ոտանաւորներ ու թատերական կտորներ։ Աւարտին վարժարանի տնօրէնուհին, յանուն վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան, շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազան հօր եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնն ու օծումը եւ մաղթեց յաջողութիւն։
Աւարտին, առաջնորդ Սրբազան հայրն ու կղերական դասը, եկեղեցւոյ գրասենեակէն ներս հիւրասիրուեցան Տիկնանց մարմնոյ անդամուհիներուն կողմէ:
ԹՂԹԱԿԻՑ