Շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րը ձա­խէն աջ՝ Ս­թա­թո­բու­լու Ան­նա ­­Մա­րիա, ­­Մալ­թո­զեան ­­Յա­կոբ, ­­Վա­սի­լիու Աֆ­րո­տի­թի, Ղ­րամ­մա­թո­բու­լոս ­­Յա­րութ, ­­Մով­սի­սեան ­­Սա­մո­ւէլ, ­­Սա­յա­մեան ­­Մա­րիա, ­­Յո­վան­նի­սեան Եոր­ղոս ­­Գուր­գէն, ­­Գափ­լա­նեան Է­լի­սա­վէթ, ­­Վա­սի­լիու ­­Ղավ­րիիլ: (Ն­կա­րէն բա­ցա­կայ է Էվ­խան - Էլ­բի­տա ­­Մա­րիան) Ու­սուց­չու­հի­նե­րը ձա­խէն աջ՝ ­­Քի­րիա­քի­տու Է­ֆի,Ա­բի­կեան Ա­նի, ­­Նի­կո­ղո­սեան Ք­րիս­տի­նէ, ­­Բե­սեք­սի­տու Էլ­սա

Վա­րիչ ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի Ա­նի Ա­բի­կեա­նի խօս­քը,
2023-2024 ու­սում­նա­կան

տա­րեշր­ջա­նի ­ման­կա­պար­տէ­զի ա­ւար­տա­կան հան­դէ­սին

«­­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի «­­Հա­յաս­տան Ու­շագ­լեան» ­ման­կա­պար­տէ­զի մեր սի­րե­լի ­­Ծա­ղիկ ­դա­սա­րա­նի տա­սը ա­շա­կերտ­նե­րը, շքեղ ու բեղմ­նա­ւոր ներ­կա­յու­թեամբ, յա­ռա­ջաց­նե­լով յու­զում­նա­խառն զգա­ցում­ներ՝ պաշ­տօ­նա­պէս կը լրաց­նեն 2023-2024 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նը:
­­Մեր եր­կա­րա­մեայ կրթօ­ճա­խին այս մատ­ղաշ հունձ­քը եր­կու տա­րո­ւան ըն­թաց­քին, իր ջերմ բոյ­նին ու հա­րա­զատ մթնո­լոր­տին մէջ՝ ծաղ­կե­ցաւ. ­­Կո­կոն դա­սա­րա­նէն սկսեալ, հա­մեստ ու հեզ քայ­լե­րով, ան­ցաւ ­­Ծա­ղիկ դա­սա­րան: Ծ­նողք եւ ու­սուց­չիչ տե­սանք ու զգա­ցինք ի­րենց քայլ առ քայլ գնա­հա­տե­լի յա­ռաջ­դի­մու­թիւ­նը: Եւ ա­հա­ւա­սիկ հաս­տատ ու սա­հուն քայ­լե­րով՝ մեր սի­րե­լի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը պատ­րաստ են շա­րու­նա­կե­լու ի­րենց բե­ղուն ճամ­բոր­դու­թիւ­նը ՝ «­­Զա­ւա­րեան» նա­խակր­թա­րա­նի եր­դի­քին տակ. ար­ձա­նագ­րե­լու նոր զար­գա­ցում­ներ ու ձեռք­բե­րում­ներ, զորս պի­տի բնո­րո­շեն իւ­րա­քան­չիւր ե­րե­խա­յի կրթա­կան ու­ղե­ւո­րու­թիւնն ու կեան­քը:

­­Մեր կրթա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը
Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով թէ` նա­խադպ­րո­ցա­կան կրթու­թիւ­նը նպա­տա­կաուղ­ղուած է ե­րե­խա­նե­րու բազ­մա­կող­մա­նի ներ­դաշ­նակ զար­գաց­ման եւ դաս­տիա­րա­կու­թեան, ըն­կե­րա­յին եւ յու­զա­կան աշ­խար­հի պահ­պան­ման եւ ամ­րապնդ­ման, մեր կրթա­կան հաս­տա­տու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րէն մէկն է ստեղ­ծել հա­մա­պատս­խան բա­րեն­պաստ պայ­ման­նե­րը:
Ա­ռա­ւե­լա­բար, գի­տակ­ցե­լով թէ ՝ աշ­խար­հաս­փիւռ մար­տահ­րա­ւէր­ներն ու ա­ռօ­րեայ դժո­ւար պայ­ման­նե­րը օ­րէ օր կը բազ­մա­նան եւ ընդ­հան­րա­պէս մեր հայ լե­զո­ւի հար­ցը պարզ չէ, կամք ու հա­ւատ­քով, սի­րով եւ հա­ւա­տար­մու­թեամբ, թի­րա­խա­ւո­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րով, նո­րա­ձեւ ման­կա­վար­ժա­կան կի­րար­կում­նե­րով եւ մշա­կո­ւած ծրա­գիր­նե­րով, շօ­շա­փե­լի եւ դրա­կան ար­դիւնք­նե­րը ար­տա­ցո­լա­ցին մեր շրջա­նա­ւարտ­նե­րու եր­կա­մեայ ուս­ման ըն­թաց­քին: ­­Ճիգ չխնա­յե­ցինք ստեղ­ծե­լու այն բնա­կան ըն­կե­րա­յին մի­ջա­վայ­րը, ուր հա­ճե­լիօ­րէն մեր մա­նուկ­նե­րը հա­յե­րէ­նով պի­տի յայտ­նա­բե­րէին ի­րենց շրջա­պա­տը. յա­ճախ զգաց­նե­լով թէ՝ լե­զուն աշ­խար­հա­ճա­նա­չո­ղու­թեան մի­ջոց է եւ ո՛չ նպա­տակ:
­­Ներ­դաշ­նակ ե­ռա­լե­զու մի­ջա­վայ­րի մէջ, հա­յե­րէ­նի դա­սա­պա­հե­րը այն բա­ցա­ռիկ պա­հե­րը ե­ղան, ուր եր­գը եւ եր­գա­խա­ղը, ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը եւ ե­րե­ւա­կա­յու­թիւ­նը, գի­տա­կան աշ­խար­հի յայտ­նա­բե­րու­մը եւ զա­նա­զան կի­րար­կու­թիւն­նե­րը, փոր­ձար­կու­թիւն­նե­րը, պատ­մու­թիւն­նե­րը եւ հե­քիաթ­նե­րը, կրցան մեր մայ­րե­նի լե­զուն զար­գաց­նել ու մա­նա­ւանդ ապ­րեց­նել:
­­Մեր ծաղ­կո­ցին յար­կին տակ, մեր շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը օ­րէ օր կը շա­ղո­ւէին. նոր բա­րե­կա­մու­թիւն­ներ մշա­կո­ւե­ցան: Ու­րա­խա­լի այն վայ­րը ե­ղաւ, ուր հիմ­նա­կան հմտու­թիւն­նե­րը եւ ինք­նա­գի­տակ­ցու­թիւ­նը օ­րէ օր կը զար­գա­նա­յին: ­­Միտ­քը, զգա­ցու­մը եւ ըն­կե­րազ­գա­ցա­կան կա­պե­րը մշա­կո­ւե­ցան ու ամ­րապն­դո­ւե­ցան, բազ­մա­կող­մա­նի ծլում — ծաղ­կում մը ար­ձա­նագ­րե­լով մեր ման­կա­րա­նին եւ մա­նուկ­նե­րուն ա­ռօ­րեա­յին մէջ:

­­Դաս­տիարկ­չա­կան ծրա­գիր­ներ ­­հա­յա­լե­զու
Շ­նոր­հիւ Ա­նա­հիտ ­­Սար­գի­սեա­նի «բա­րեւ ա­րեւ»-ի շար­քէն գոր­ծադ­րո­ւած ամ­բող­ջա­կան ծրա­գի­րին ՝ «Ես կը խա­ղամ ­­Նու­նի­կին եւ Ա­րա­մի­կին հետ», ինչ­պէս նաեւ կցո­ւած աշ­խա­տան­քի է­ջե­րը, խա­ղե­րը, պատ­մու­թիւն­նե­րը, խտա­սա­լիկ­նե­րը, ձայ­նե­րիզ­նե­րը, տե­սե­րիզ­նե­րը, հիւ­սո­ւած եր­գա­խա­ղե­րը, ան­կաս­կա՛ծ գու­նա­ւոր եւ հա­ճե­լի ա­ռօ­րեայ մը ստեղ­ծե­ցին ու հարս­տա­ցու­ցին մեր դպրո­ցա­կան կեան­քը: ­Սոյն ծրա­գի­րին ճա­ռա­գայ­թող ճոխ գի­տե­լիք­նե­րը, գի­տու­թիւնն ու մշա­կոյ­թը, ո՛չ միայն ե­րե­խա­նե­րուն հո­րի­զոն­նե­րը ընդ­լայ­նե­ցին, այլ տա­րեշր­ջան մը եւս ազ­դե­ցիկ դեր կա­տա­րե­ցին լե­զո­ւի իւ­րաց­ման, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը խա­ղի լե­զու դարձ­նե­լով, իսկ կար­դա­լու եւ գրե­լու անհ­րա­ժեշտ հիմ­քե­րը դրո­ւե­ցան: Ծ­րա­գիր­ներ բխած ե­րե­խան­նե­րուն հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րէն եւ մշա­կած Ա­նա­հիտ ­­Սար­գի­սեա­նի ծրա­գի­րէն՝
— ­Տիե­զեր­քի գաղտ­նիք­նե­րը եւ ա­րե­գակ­նա­յին դրու­թիւ­նը
— Մ­տեր­մու­թիւն, այ­լա­զա­նու­թիւն
— Ան­տուն կեն­դա­նին­նե­րը
— Բ­նա­պահ­պա­նում — վե­րամ­շա­կում
­- ­Փոք­րիկ հնա­բան­նե­րը
— Զ­գա­ցում­նե­րու աշ­խար­հը
Օ­ժան­դակ հա­յա­լե­զու ծրա­գիր­ներ
Եր­դի­քի աշ­խար­հէն՝ «Ա­կուլ-­­Տու­կուլ» տե­սե­րիզ­ներ՝ հե­տեքրք­րա­կան նիւ­թե­րով, խա­ղե­րով, եր­գե­րով ու պատ­մու­թիւն­նե­րով, ո­րոնք շա­բա­թա­կան հեր­թա­կա­նու­թեամբ ե­րե­խա­նե­րը խան­դա­վա­ռու­թեամբ կը հե­տե­ւէին:

­­Փո­խա­ռա­կան գրա­դա­րա­նի գոր­ծու­նէու­թիւն
Գիր­քի ման­կա­վար­ժա­կան ար­ժէ­քը մեծ է ու ան­փո­խա­րի­նե­լի: ­­Մեր փո­խա­ռա­կան գրա­դա­րա­նի հիմ­նա­կան նպա­տակ­ներն են ամ­րապն­դել սէ­րը ըն­թեր­ցա­նու­թեան հան­դէպ ու բա­նալ հայ գիր­քի աշ­խար­հին դռնե­րը: Այս ուղ­ղու­թեամբ, շա­բա­թա­կան հեր­թա­կա­նու­թեամբ մեր շրջա­նա­ւարտ­նե­րը ա­ռի­թը ու­նե­ցան ի­րենց ընտ­րու­թեամբ ման­կա­կան հե­քիաթ մը փոխ առ­նե­լու, ո­րու շնոր­հիւ հարս­տա­ցաւ բա­ռա­պա­շա­րը, զար­գա­ցան լե­զո­ւա­կան ար­տայ­տու­թիւն­նե­րը, ե­րե­ւա­կա­յու­թիւ­նը եւ քննա­դա­տա­կան մտա­ծու­մը:

­­Մեր բա­կին բան­ջա­րանոց-ծաղ­կաս­տա­նը
­­Սի­րո­ւած աշ­խա­տու­թիւն եւ գե­ղե­ցիկ ա­ւանդ դար­ձած է ման­կա­պար­տէ­զի բնա­գի­տու­թեան հա­յա­լե­զու ծի­րէն ներս՝ ցա­նել զա­նա­զան բան­ջա­րե­ղէն­նե­րու սեր­մեր եւ ծա­ղիկ­ներ մեր բա­կին մէջ եւ հե­տե­ւիլ ա­նոնց աճ­ման ու ծաղ­կու­մին:
­­Տա­րեշր­ջան մը եւս՝ գո­հու­նա­կու­թեամբ եւ ան­համ­բե­րու­թեամբ կա­տա­րո­ւե­ցաւ սոյն գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, պայ­ծա­ռաց­նե­լով ե­րե­խա­նե­րուն ա­ռաւօ­տեան պա­հե­րը եւ հարստացնե­լով ի­րենց փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը: Ար­ցա­խը մա­նուկ­նե­րուն աչ­քե­րով
­­Մեր ման­կա­պար­տէ­զի աշ­կերտ­նե­րը խմբա­յին եւ ստեղ­ծա­գործ ո­ճով՝ ի­րենց ներդ­րու­մը բե­րին ­­Հա­մազ­գա­յի­նի ­­Կեդ­րո­նա­կան ­­Վար­չու­թեան հա­մաս­փիւռ­քեան ծրա­գի­րին. ինք­նա­բուխ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով եւ գծագ­րու­թիւն­նե­րով։ ­­Պատ­գա­մա­բեր խմբա­յին աշ­խա­տանք մը պատ­րաս­տե­ցին, քա­ջա­լե­րա­կան ի­րենց շեշ­տը դնե­լով Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին:

­­Յու­նա­լե­զու ծրա­գիր­ներ
­­Մի­ջազ­գա­յին օ­րե­րու յի­շա­տա­կում
­­Բազ­մա­զան նիւ­թեր եւ ծրա­գիր­ներ ար­ծար­ծո­ւե­ցան ­ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի տի­կին Է­ֆի ­­Քի­րիա­քի­տո­ւին կող­մէ, ո­րոնց­մէ կը նշենք գլխա­ւոր­նե­րը՝ Η οικογένεια δεν έχει αριθμητική, είναι απλώς μοναδική. Η Γη γυρίζει. Αριθμοκυβάκια. Παγκόσμια ημέρα των Ζώων. Κυβισμός και Pop Art, με αφορμή τα έργα του Ρομέρο Μπρίτο. Ελληνική Μυθολογία και οι 12 Θεοί του Ολύμπου.

­­Տօ­նա­կա­տա­րու­թիւններ եւ ազ­գա­յին տօ­ներ
Ան­բա­ժան մաս­նիկ կը կազ­մեն մեր ազ­գա­յին տօ­նե­րը՝ ­­Սուրբ ­­Թարգ­ման­չա­ցը, ­­Վար­դա­նան­ցը եւ ա­նոնց յի­շա­տա­կու­մը մեր դպրո­ցա­կան կեան­քին մէջ: ­­Մեր սի­րե­լի ա­շա­կերտ­նե­րը խա­ղով ու հա­ճոյ­քով կը ծա­նօ­թա­նան մեր պատ­մու­թեան, մեր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն ու մշա­կոյ­թին: Այս­պէս՝ ­­Ման­կա­պար­տէ­զի ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց ստա­ցած գի­տե­լիք­նե­րով մեր տօ­նե­րուն շուրջ, ստեղ­ծա­գործ ո­գիով, պա­րով , խա­ղով ու ժպի­տով, ա­ռի­թը ու­նե­ցան մաս­նակ­ցե­լու զա­նա­զան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու, ան­մեղ շեշտ մը դնե­լով ա­նոնց ըն­թաց­քին: ­­Նոյն­պէս ­­Յու­նաց ազ­գա­յին տօ­նե­րը պատ­շաճ կեր­պով նշո­ւե­ցան մեր դպրո­ցա­կան վայ­րին մէջ:

Այլ գոր­ծու­նէու­թիւն­ներ
­­Շա­րու­նա­կե­ցինք այս տա­րին ալ՝ Ապ­րիլ ամ­սուն, վեր­ջին տա­րի­նե­րուն մեր նա­խա­ձեռ­նած «բաց դռնե­րու» նո­րա­րար գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ուր յա­ջորդ տա­րեշրջա­նի ե­րե­խա­նե­րը ա­ռի­թը կ­­՛ու­նե­նան ծա­նօ­թա­նա­լու ման­կա­պար­տէ­զի գու­նա­ւոր աշ­խար­հին եւ մաս­նակ­ցե­լու զա­նա­զան ստեղ­ծա­գործ աշ­խա­տու­թիւն­նե­րու:

­­Ման­կա­վար­ժա­կան այ­ցե­լու­թիւն­ներ
Գ­րե­թէ ամ­սա­կան հեր­թա­կա­նու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցան զա­նա­զան դաս­տիա­րակ­չա­կան ար­տադպ­րո­ցա­կան այ­ցե­լու­թիւն­ներ՝ ­­Խայ­տա­րիի բու­սա­բա­նա­կան պար­տէ­զը, ­­Յու­նաց ­­Խորհ­դա­րա­նի գրա­դա­րա­նը, Safe Water Sports հիմ­նար­կու­թեան վայ­րը, ­­Փի­րէա­յի հնա­բա­նա­կան վայ­րը:

­­Հա­յա­շունչ այ­ցե­լու­թիւն­ներ
­­Բախ­տա­ւո­րու­թիւ­նը եւ ու­րա­խու­թիւ­նը ու­նե­ցանք մի քա­նի ան­գամ այ­ցե­լե­լու «­­Փոքր ­­Լե­ռան» (Μικρό Βουνό — Ο Κήπος της Κάλμης) վայ­րը: Ըն­դար­ձակ տա­րած­քի մը վրայ եւ վա­յե­լե­լով բնու­թեան գրկին մէջ մա­քուր օդն ու գե­ղե­ցիկ տե­սա­րա­նը, մեր ­­Ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը աշ­խու­ժօ­րէն մաս­նակ­ցե­ցան հա­յա­լե­զու դաս­տիա­րակ­չա­կան ծրա­գիր­նե­րուն՝ «Ձ­մե­ռող թռչուն­նե­րը» եւ «­­Սեր­մա­ցան — ծաղ­կում» նիւ­թե­րով, ո­րոնց ըն­թաց­քին խա­ղով ու զա­նա­զան աշ­խա­տու­թիւն­նե­րով հա­յե­րէ­նը ինք­նա­բե­րա­բար կը հնչէր ու կը զար­գա­նար: ­­Վե­րոն­շեալ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը կա­տա­րո­ւե­ցան շնոր­հիւ ­­Գա­լուստ ­­Կիւլ­պէն­կեան ­­հիմ­նար­կի հայ­կա­կան բա­ժի­նի ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի զար­գաց­ման բա­րո­յեա­կան եւ նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թեան:
­­Քա­ջա­լե­րա­կան ու գնա­հա­տե­լի են՝ ե­րե­խա­նե­րուն ար­տա­ցո­լա­ցող սէ­րը եւ ան­համ­բե­րու­թիւ­նը մեր հա­յա­շունչ ծրա­գիր­նե­րուն հան­դէպ, զորս կ­‘ընդգր­կեն հա­յե­րէն լե­զո­ւի, մշա­կոյ­թի, ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու եւ պատ­մու­թեան զար­գա­ցու­մը։
Ու­շագ­րաւ է ՝ տար­բեր մի­ջա­վայր­նե­րէ ե­կած ե­րե­խա­նե­րուն ան­վերջ հե­տաքրքրու­թիւ­նը հա­յե­րէ­նի դա­սա­պա­հե­րուն ըն­թաց­քին եւ ի­րենց աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը:
­­Յու­զիչ են ՝ մեր շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն յա­ճա­խա­կի ցու­ցա­բե­րած ու­շադ­րու­թիւնն եւ զգա­ցու­մը մեր ­­Հայ­րե­նի­քին ու մա­նա­ւանդ Ար­ցա­խին հան­դէպ:
Ան­մո­ռա­նա­լի՝ պի­տի ըլ­լայ ­­Սեպ­տեմ­բե­րի այն օ­րը՝ երբ փոք­րիկ­նե­րուն հետ անդրա­դար­ձանք Ար­ցա­խի յանձ­նու­մին եւ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն տե­ղա­հան­ման մա­սին: Ինք­նա­բուխ ու ան­կեղծ ար­տա­յա­տու­թիւն­ներ, հար­ցում­ներ, մաղ­թանք­ներ ու ե­րազ­ներ ան­մի­ջա­պէս հնչե­ցին փոք­րիկ­նե­րուն սրտէն ու մտքէն, անձ­նա­պէս փշա­քա­ղո­ւե­լով ցնցիչ այն պա­հուն. պահ մը որ միշտ դրոշ­մո­ւած պի­տի մնայ սրտիս եւ յի­շո­ղու­թեանս մէջ…
­­Թէեւ տա­րի­քով փոքր են մեր շրջա­նա­ւարտ­նե­րը, սա­կայն հա­րուստ ու հա­սուն են, միտ­քով ու զգա­ցու­մով:

­­Մեր ա­ւար­տա­կան հան­դէ­սը
Այ­սօր ­­­Ծա­ղիկ դա­սա­րա­նի բե­մադ­րու­թեան նիւ­թը «­­Ման­կա­պար­տէ­զը ­­Հա­յաս­տան կ­‘այ­ցե­լէ»՝ պա­տա­հա­կան չէր:

Ամ­բողջ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին բազ­մա­թիւ պա­հեր ե­ղան, ո­րոնց ըն­թաց­քին մեր շրջա­նա­ւարտ­նե­րը մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն կը յայտ­նէին մեր ­­Հայ­րե­նի­քին հան­դէպ ու շատ ան­գամ ի­րենց ձեռք ձգած փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը կը պատ­մէին: «Ա­զատ օր»-ի օ­րա­ցոյ­ցը իր գու­նա­զարդ է­ջե­րով, ա­ռա­ջին օ­րէն ներգ­րա­ւեց փոք­րիկ­նե­րուն, բա­զմա­թիւ հե­տաքրք­րու­թիւն­ներ արթնցնե­լով. իւ­րա­յա­տուկ այն ան­կիւ­նը դար­ձաւ ուր ինք­նա­բուխ խօս­քեր ու հար­ցում­ներ կը հնչէին: ­­Միա­ժա­մա­նակ ամ­բողջ տա­րին մշա­կե­լով Ա­նա­հիտ ­­Սար­գի­սեա­նի «բա­րեւ ա­րեւ»-ի շար­քէն ե­րե­ւա­կա­յու­թիւն, մշա­կոյթ, գի­տու­թիւն ընդգր­կող ճոխ եր­գա­խա­ղե­րը, կա­մուրջ մը ստեղ­ծե­ցին ու գու­նա­ւոր խառ­նուրդ մը պատ­րաս­տո­ւե­ցաւ ի­րենց այ­սօ­րո­ւան ներ­կա­յա­ցու­մին հա­մար: Ու ա­հա­ւա­սիկ՝ այ­սօր հան­դէս ե­կան մեր շրջա­նա­ւարտ­նե­րը ի­րենց սի­րած նիւ­թով եւ իւ­րա­ցու­ցած եր­գա­խա­ղե­րով, ո­րոնց ըն­թաց­քին կը թա­փան­ցէր ներ­դաշ­նակ ու ան­մեղ ո­ճը…
Ա­հա­ւա­սիկ մեր սի­րե­լի հայ­կա­կան կրթօ­ճա­խին գո­յու­թեան թան­կա­գին ի­մաս­տը: ­­Վայր մը, ուր իր ան­փո­խա­րի­նե­լի ար­ժէ­քով՝ կը լու­սա­ւո­րէ ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րը…

Շ­նոր­հա­կա­լա­կան խօսք՝
Թե­միս ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­­Հօր ­­Գե­ղամ Արք. ­­Խա­չե­րեա­նին, ­­Սուրբ ­­­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ո­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւ ­հայր ­­Պա­րէտ ­­Խա­չե­րեա­նին եւ ­­Թա­ղա­յին ու ­Տիկ­նաց մար­մին­նե­րուն:
Հ.Հ. ­­Յու­նաս­տա­նի մօտ յար­գե­լի դես­պա­նին, պա­րոն ­­Տիգ­րան Մկրտ­չեա­նին, ինչ­պէս նաեւ դես­պա­նու­թեան Գ. ­քար­տու­ղա­րին:
Ազ­գա­յին վար­չու­թեան, Ու­սում­նա­կան, Տնտե­սա­կան եւ ­­Կա­լո­ւա­ծա­յին խոր­հուրդ­նե­րուն:
­­Հայ ­­­Կա­պոյտ ­­­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան: ­­Գո­քի­նիոյ «­­­Սօ­սէ» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան, որ նիւ­թա­պէս ու բա­րո­յա­պէս իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րէ ման­կա­պար­տէ­զի կա­րիք­նե­րուն: ­­Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն պի­տի հո­գայ օ­դա­փո­խիչ սար­քի գնման ծախ­սե­րուն:
­­Գա­լուստ ­­Կիւլ­պէն­կեան ­հիմ­նար­կի ա­րեւմտա­հա­յե­րէ­նի զար­ցաց­ման ­բա­ժա­մուն­քի տնօ­րէ­նու­թեան եւ վա­րիչ պա­տաս­խա­նա­տո­ւին, ո­րոնց հետ ծա­ւա­լուն գոր­ծակ­ցու­թիւն մը գո­յու­թիւն ու­նի վեր­ջին տա­րի­նե­րուն. ի­րենց կրթա­կան ու բա­րո­յա-նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թեան շնոր­հիւ, կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծո­ւին մեր դաս­տիարկ­չա­կան ծրա­գիր­նե­րը: Ա­ռա­ւե­լա­բար՝ յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն ­­Գա­լուստ ­­Կիւլ­պէն­կեան ­հիմ­նար­կի ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի զար­ցաց­ման ­բա­ժա­մուն­քին տնօ­րէ­նու­թեան եւ վա­րիչ պա­տաս­խա­նա­տո­ւին, որ ի­րենց հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռա­ջե­լով, մաս­նակ­ցե­ցանք ստեղ­ծա­րար-նո­րա­րար աշ­խա­տա­նո­ցի մը, 14-20 Ապ­րիլ, ­­Լիո­նի մէջ, նա­խակր­թա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի՝ տի­կին ­­Մի­նա­սեան ­­Հայ­կա­նու­շին եւ ու­սուց­չու­հի՝ ­­Ֆեն­դեան Ա­նու­շին հետ:
­­Զա­ւա­րեան ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի տ­­նօ­րէ­նու­թեան, տի­կին ­­­Մի­նա­սեան ­­­Հայ­կա­նու­շին, որ կը սա­տա­րէ ման­կա­պար­տէ­զի բար­գա­ւաճ­ման ու վե­րել­քին:
Ծ­նո­ղա­կան միու­թեան, որ միշտ թի­կունք կը կանգ­նի ո­րե­ւէ տե­սա­կի կա­րիք­նե­րու ու յանձն ա­ռած ­­­Ծա­ղիկ դա­սա­րա­նի ա­ւար­տա­կա­նի յու­շա­նո­ւէր­նե­րուն:
­­Ջերմ շ­­նոր­հա­կա­լու­թիւն­ ման­կա­պար­տէ­զի ա­շա­կեր­տու­թեան բո­լոր ծնող­նե­րուն:
­­Շա­րու­նա­կա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն մը ու­նե­նա­լով այս եր­կու տա­րո­ւան ըն­թաց­քին, զգա­լի ե­ղաւ թէ՝ ո­րա­կեալ կրթու­թիւ­նը հա­ւա­քա­կան հարց մըն է: ­­Հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը, ման­կա­վար­ժա­կան հան­դի­պում­նե­րը, ըլ­լայ զա­նա­զան խնդիր­նե­րու լուծ­ման եւ կամ ընդ­հա­նուր կրթա­կան ծրա­գիր­նե­րուն մէջ, ար­դիւ­նա­ւո­րե­ցին դաստիարակչա­կան մեր նպա­տակ­նե­րը:
Եոր­ղան­ճեան ­­Յա­կոբ եւ ­­Խա­չօ եղ­բայր­նե­րուն, որ ­ման­կա­պար­տէ­զի բո­լոր պա­տու­հան­նե­րը օ­ժան­դա­կե­ցին գե­ղե­ցիկ վա­րա­գոյր­նե­րով (Στόρια):
­­Նո­րա Սլտ­րեա­նին որ վե­րա­մու­տին ման­կա­պար­տէ­զը օ­ժան­դա­կեց ո­րա­կա­ւոր դաս­տիա­րակ­չա­կան խա­ղա­լիք­նե­րով ու խա­ղի զա­նա­զան ան­կիւն­նե­րով:
­­Ման­կա­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի Է­ֆի ­­­Քի­րիա­քի­տո­ւին, Ք­րի­տի­նէ ­­Նի­կո­ղո­սեա­նին, ո­րոնց հետ բրունձք մը ըլ­լա­լով, կա­տա­րե­ցինք մեր դաս­տիա­րակ­չա­կան ծրա­գիր­նե­րը:
Դպ­րո­ցի ու ման­կա­պար­տէ­զի մա­տա­կա­րա­րու­թեան պատս­խա­նա­տու՝ տի­կին ­­Կա­րի­նէ ­­Խա­չատ­րեա­նին. դպրո­ցա­կան ինք­նա­շարժ­նե­րուն վա­րորդ­նե­րուն ­­Նի­քոս ­­Ծա­ւա­րաս եւ ­­Նո­րա ­­Յա­կո­բեան. ու­ղե­կից­նե­րուն ­­Լո­ւի­զա Ա­ւա­գեան եւ ­­Սու­զաննա ­­Պօղոսեան:
­­
Մեր սի­րե­լի 10 շրջա­նա­ւարտ ա­շա­կերտ­նե­րուն
­­Կեան­քի իւ­րա­քան­չիւր փուլ ու­նի իր ա­ւար­տը, որ սկիսբն է այլ փու­լի մը: Այ­սօր մեր սի­րե­լի ա­շա­կերտ­ներ ձեր եր­կա­մեայ ու­սու­մը ամ­բող­ջա­ցու­ցիք եւ դպրո­ցա­կան կեան­քի ա­ռա­ջին վկա­յա­կա­նը կը ստա­նաք: ­­Տա­րի­ներ ետք պի­տի ստա­նաք շատ ա­ւե­լի բարձր վկա­յա­կան­ներ, սա­կայն այս մէ­կը պի­տի ու­նե­նայ իր յա­տուկ ի­մաս­տը ու տե­ղը ձեր սրտին մէջ, քան­զի ան կ­‘ընդգր­կէ ման­կու­թեան բո­լոր յի­շա­տակ­նե­րը՝ կան­չե­րը, խնդու­քը, ար­ցունք­նե­րը, եր­գե­րը, խա­ղե­րը, պատ­մու­թիւն­նե­րը, ձեր քաղցր ան­մե­ղու­թիւ­նը եւ ին­չու չէ՝ ձեր չա­րաճ­ճիու­թիւ­նը:

Սր­տանց ձեզ կը շնոր­հա­ւո­րհեմ սի­րե­լի շրջա­նա­ւարտ­ներ ձեր բո­լոր ջան­քե­րուն ու ծլար­ձա­կում­նե­րուն հա­մար ու յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թե­մ ձեր կեան­քի յա­ջորդ քայ­լա­փո­խե­րուն:
Վ­արձ­քեր­նիդ կա­տա՛ր…