Հայ առաքելական ս. եկեղեցւոյ տաղաւար տօներէն՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնին առիթով, Կիրակի` 19 Յուլիս 2020ի առաւօտեան ժամը 10ին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Ս. Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան։ Ս. սեղանին կը սպասարկէին տեղւոյն եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու դպիրները։
Իր քարոզին մէջ, հայր սուրբը անդրադարձաւ օրուան աւետարանական հատուածին, որ նուիրուած էր մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի այլակերպութեան հետ կապուած եւ անոր ընդմէջէն վեր առաւ այսօրուան մեր կեանքը անգամ մը եւս այլակերպելու ու մանաւանդ կերպարանափոխուելու բարձր տրամադրութեամբ։ Ան անդրադարձաւ մեր ժողովուրդի կողմէ այս տօնին կապուած Վարդավառ կոչումը եւ բացատրութիւններ ու լուսաբանութիւններ տալով պարզեց իրողութիւնը։
Ս. Պատարագի աւարտին, ինչպէս նաեւ թափօրի ժամանակ, հայր սուրբը հաւատացեալներուն վրայ վարդի ջուր սրսկեց, ի նշան օրուան տօնի՝ Վարդավառի սովորութեան։
Յայտնենք, որ յաջորդ օրը, Երկուշաբթի՝ 20 Յուլիս 2020ին, մեր ննջեցեալներու յիշատակին նուիրուած օրն ըլլալով, հայր սուրբը գտնուեցաւ Թեսաղոնիկէի Ազգ. գերեզմանատուն եւ հաւատացեալներու խնդրանքով կատարեց գերեզմանօրհնէք։