Ամէն տարուան նման, Կիրակի 14, Դեկտեմբեր 2025-ին, Գոմոթինիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Ս. Յակոբի անուանակոչութեան տօնը։ Հինգշաբթի, 11 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, կատարուեցաւ աղօրհնէք։ Յաջորդ առաւօտ տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, որոնցմէ ետք մատաղի հոգատարութիւն՝ Տիկնանց մարմինի եւ Հայ Գթութեան Խաչի անդամուհիներուն եւ հաւատացեալ տիկիններու կողմէ, որոնք մատաղը պատրաստեցին մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը։
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Համայնքիս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 12 Դեկտեմբեր 2025-ին, Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան, ընկերակցութեամբ շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեանի եւ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Ստեփան Մատթէոսեանի, այցելեց յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Մարոնիայի եւ Գոմոթինիի մետրոպոլիտ Փանտելէիմոն Մութաֆիսը: Երկուստեք քննարկուեցան Գոմոթինիի մէջ յոյն եւ հայ ժողովուրդներու փոխյարաբերութիւնները եւ գործակցութիւնը: Մետրոպոլիտը բարձր գնահատեց հայ համայնքի աշխոյժ ներկայութիւնը շրջանին մէջ: Իր կարգին, Առաջնորդ Սրբազանը գործակցութեան նոր ուղիներ առաջարկեց՝ շեշտելով կողմերու ինքնութեան իւրայատկութիւնը եւ երկար տարիներու բարիդրացիական մտերմութիւնը: Աւարտին, Սրբազան հայրը յուշանուէր մը փոխանցեց մետրոպոլիտին:
Նոյն օրը, Սրբազան հօր ընդունեց Գոմոթինիի քաղաքապետ պրն. Իոանիս Կարանիսը: Քաղաքապետը բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան հօր եւ յաջողութիւն մաղթեց տօնական օրերուն առիթով: Ապա, ներկայացուց Գոմոթինիի պատմականը եւ հայ ժողովուրդի դրական եւ կառուցողական ներկայութիւնն ու ներդրումը քաղաքի զարգացման եւ բարգաւաճման համար:
ԴՊՐԱՑ ԵՒ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Ուրբաթ, 12 Դեկտեմբեր 2025-ին, Գոմոթինիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Եմիշեանի ձեռամբ, դպրութեան աստիճան ստացան Յովհաննէս Գալօղլեան, Լազարոս Քանթանիտիս, Նշան Կիւմիւշեան, Պետրոս Կիւմիւշեան, Անդրէաս Սարգիսիտիս։ Անոնց կողքին, կիսասարկաւագութեան կարգ ստացան Ալեքսանտրոս Սարգիսիտիս եւ Անկելոս Սարգիսիտիս:
Ձեռնադրութեան արարողութենէն ետք, Գոմոթինիի նորակազմ կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին կոկիկ ու հոգեպարար յայտագիր մը: Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց հոգեւոր զարթօնքը Գոմոթինիի համայնքէն ներս, որ կը զարգանայ եկեղեցւոյ մէջ ծառայութեան ճամբով ու կիրակնօրեայ դպրոցի աշխուժութեամբ։
ԳԻՐՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՄԱՆ ԵԼՈՅԹ
Շաբաթ, 13 Դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, Ալեքսանտրուպոլսոյ մարզպետութեան հանդիսասրահին մէջ կատարուեցաւ Լեւոն Տիլզսիզեանի՝ Ալեքսանտրուպոլիսի հայ համայնքի 150 ամեայ պատմութեան մասին հեղինակած մեծածաւալ հատորի պաշտօնական ներկայացումը։ Աւելի քան 200 հայ եւ յոյն ներկաներու շարքին հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ մեծ թիւով հիւրեր եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ։
Իրենց ներկայութեամբ ելոյթը պատուեցին Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Նազար Աւագեան եւ նախկին ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան, հոգեւոր հովիւ Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեան, տեղական կառոյցներու անդամներ, հիւսիսային Յունաստանի Թաղային խորհուրդներու ներկայացուցիչներ, յոյն բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ պաշտօնատարներ։
Ողջոյնի խօսքերու շարքին, իրենց գնահատանքը յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազան հայրը, յոյն մետրոպոլիտի ներկայացուցիչ հոգեւորականը, քաղաքապետը, նախկին մարզպետը, Հ.Հ. պատուոյ հիւպատոսը, «Արմենիքա» պարբերաթերթին կողմէ Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեան եւ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Մարուքեան։
Գիրքի ներկայացումը հերթաբար կատարեցին Յունաստանի Ակադեմիոյ պատմական հետազօտութեան բաժինի տնօրէնուհի Մարիա Սփիլիոթոփուլու, Թրակիոյ համալսարանի դասախօս Իաքովոս Աքցօղլու եւ հատորի հեղինակ Լեւոն Տիլսիզեան։ Ելոյթի յայտագիրի համադրումը կատարեց լրագրող Քաթերինա Քալենտերիտի։Խօսքերէն ետք ներկայացուեցաւ կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը մասնակցութեամբ շրջանի «Մեղեդի» երգչախումբին եւ խմբավարութեամբ՝ Տ. Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեանի։
ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 14 Դեկտեմբեր 2025-ին, Գոմոթինիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ եպիսկոպոսական ս. պատարագ։ Շրջանի բազում ուխտաւորներու եւ պաշտօնական անձերու ներկայութեան պատարագեց ու յաւուր պատշաճի պատգամեց թեմիս բարեջան Առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան։ Վեր առնելով օրուան Աւետարանական ընթերցումէն «Տէր աւելցուր մեր հաւատքը» բնաբանը, Սրբազան հայրը շեշտեց երկու կարեւոր կէտեր՝
Ա.- Հաւատքը մէկ անգամուան նուէր չէ, հաւատքը պէտք է ապրիլ։
Բ.- Հաւատքը պէտք է աճի ինչպէս մանանէխի հատիկը։
Շարունակելով, Սրբազան հայրը ընդգծեց, թէ որպէս հայ հաւատացեալ կը հրաւիրուինք ապրիլ մեր ազգային ինքնութիւնը եւ յարատեւել ու աճիլ հայ ինքնութեան մէջ։ Ապա, քահանայական լանջախաչ կրելու իրաւունք շնորհեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Դանիէլ քհն. Գալօղլեանին։
Պատարագի աւարտին, կատարուեցաւ հոգեհանգիստ եւ մատաղի օրհնութիւն։ Կէսօրէն ետք, Սրբազան հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ, ներկայ գտնուեցաւ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Մարոնիայի եւ Գոմոթինիի Մետրոպոլիտ Փանտելէիմոն Մութաֆիսը, պետական մերկայացուցիչներ, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Նազար Աւագեան, ինչպէս նաեւ Աթէնքէն, Թեսաղոնիկեյէն եւ ամբողջ Մակեդոնիոյ ու Թրակիոյ շրջաններու ուխտաւորներ։ Ճաշկերոյթի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր հայկական երգերով եւ պարերով։
ԹՂԹԱԿԻՑ










