Նէոս Գոզմոս(Ֆիքս)ի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Տիկնանց Մարմնի հրաւէրով՝ եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ զարդարուած տօնածառին լուսաւորման ուրախ հանդիսութիւնը տեղի ունենցաւ Կիրակի՝ 3 Դեկտեմբեր 2017ի առաւօտեան, Ս. Պատարագէն անմիջապէս ետք:
Ներկաները միասնաբար աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած եւ ապա, ջերմիկ եւ հայաշունջ մթնոլորտի մէջ, տօնածառի լուսաւորման ընդմէջէն հոգեպէս պատրաստուեցան յաջորդող տօնական սուրբ օրերը դիմաւորելու:
Ձեռնարկը հովանաւորեցին եւ տօնածառին լոյսերը վառեցին տէր եւ տիկին Օննիկ եւ Անի Փաթուքեան եւ իրենց նորածին մանչ զաւակը:
Աւարտին, եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ Նարեկ Քհնյ. Շահինեան Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի նիւթով հայկական մանկական գիրքեր նուիրեց ներկայ մանուկներուն եւ պատանիներուն:
Նախաձեռնութեան ներկայ եղան 80ի մօտ ծխականներ եւ ընտանիքներ իրենց նորածին զաւակներով, որոնցմով բախտաւորուած էին 2017ին:
Ներկաները հիւրասիրուեցան սուրճով, թէյով եւ օշարակով, ինչպէս նաեւ՝ աղի եւ քաղցր բլիթներով:

ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՐՄԻՆ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ