Ատրպէյճանական կողմը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է Արցախի տարածքին «Yell Extreme Park»ի կողմէ զբօսաշրջային թռիչքներ մեկնարկելու ծրագիրին շուրջ:
Ատրպէյճանական Ա.Գ.Ն. արդէն իսկ այս ծրագիրը որակած է իբրեւ «բանակցային գործընթացը խափանող սադրանք» եւ կոչ ըրած է Ե.Ա.Հ.Կ. Մ.Խ. համանախագահներուն՝ համապատասխան միջոցներու ձեռնարկելու։
Իրականութեան մէջ ասիկա ընդամէնը զբօսաշըրջութիւնը խթանելու նպատակով իրականացուող մասնաւոր նախաձեռնութիւն է, որ նպատակ կը հետապնդէ երկինքէն ցոյց տալու Արցախի գեղեցկութիւնը՝ տեսարժան վայրերուն ծանօթութիւնը համեմելով որոշակի ծայրայեղութեամբ: Ուղեւորափոխադրումները կ՝իրականացուին երկտեղանի փոքր օդանաւերով Ստեփանակերտ-Շուշի երթուղիով՝ առաջարկելով 20-25 վայրկեան իրականացնել օդի մէջ:
Մինչդեռ ատրպէյճանական կողմը ասիկա կը ներկայացնէ իբրեւ Ատրպէյճանի օդային տարածքի խախտում՝ շարունակելով Ստեփանակերտի օդակայանի շուրջ ժամանակին բարձրացուցած աղմուկը:
Ասիկա, ըստ էութեան, ներ-պետական զբօսաշրջային թռիչքներ իրականացնելու ծրագիր է, որ որեւէ առնչութիւն չունի Ատրպէյճանի հետ եւ չունի որեւէ միջազգային համաձայնեցման անհրաժեշտութիւն: Ի վերջոյ, այս օդանաւերով իրականացուող թռիչքները քիչ կը տարբերին ուղղաթիռներով պարբերաբար իրականացուող թռիչքներէն, եւ որեւէ կերպ չեն կառավարուիր միջազգային չափանիշներով:
Եւ բացի այդ, զարհուրելի է, որ Ատրպէյճանը հերթական անգամ կը յաւակնի սահմանափակելու արցախցիներու ազատ տեղաշարժին իրաւունքը՝ փորձելով ամէն կերպ խոչընդոտել հաղորդակցութեան ուղիներու, զբօսաշրջութեան եւ ընդհանրապէս Արցախի բնականոն զարգացման: Ասոնք քայլեր են, որոնք կոպտօրէն կը խախտեն միջազգային մարդասիրական իրաւունքը եւ որոնց դէմ միջազգային հանրութիւնը պէտք է կոշտ քայլերու ձեռնարկէ:
Armedia.am