Գիրքերու աշխարհին մէջ
ՔԵՐՈԲ ԷՔԻԶԵԱՆ
«Հայ եկեղեցին», Արամ Ա. կաթողիկոս, յունարէն թարգմանութիւն, հրատարակութիւն Յունաստանի Ուղղափառ եկեղեցւոյ, Աթէնք, 2024
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի բարձր ներկայութեամբ Աթէնքի մէջ, անցեալ Մայիսին պաշտօնապէս ներկայացուեցաւ իր հեղինակած «Հայ եկեղեցին» աշխատութեան յունարէն հրատարակութիւնը։ Գիրքը, որ նախապէս լոյս տեսաւ անգլերէն լեզուով եւ մինչեւ օրս թարգմանուած է բազմաթիւ լեզուներու, գրուած է օտար ընթերցողին համար։ Իր համապարփակ եւ մատչելի ծաւալին մէջ, հատորը ամբողջական ներկայացումն է Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ պատմութեան, դաւանանքին, աստուածաբանութեան, կառոյցին ու միջազգային դերակատարութեան եկեղեցական համաշխարհային ընտանիքէն ներս։
Ծանօթ է Արամ Ա. վեհափառի մատենագիտական հարուստ արտադրութիւնը, անոր հեղինակած բազմաթիւ գործերու գիտական եւ գրական խորութիւնը, որոնց ընդմէջէն հայ եկեղեցւոյ աստուածաբանական միտքը իր արժանի տեղը կը գրաւէ ընդհանրական եկեղեցւոյ մատենագիտութեան մէջ։ Այս անգամ, Վեհափառը հարազատ ոճով, պատմագիտական ընդգրկուն ու հարուստ տուեալներով կու գայ ծանօթացնելու Հայ եկեղեցին իր պատմական ակունքներէն մինչեւ արդի ժամանակները, տալով աստուածաբանական տեսութիւնն ու մեծ մատենագիրներու հոգեմտային գանձարանը, հոգեւոր եւ վարչական բաժանումները, հայ եկեղեցւոյ նուիրապետութիւնը, դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ անոր որոշիչ դերը Եկեղեցիներու Համաշխարհային ընտանիքէն ներս։ Արդէն, Վեհափառի հայրապետի՝ աւելի քան 14 տարուան հսկայ փորձառութիւնը որպէս ատենապետ կեդրոնական եւ գործադիր խորհուրդներուն, իրաւամբ կ՚արտացոլայ գիրքի էջերուն մէջ, շեշտադրելով այն բոլոր գաղափարներն ու մտածումները որպէս եկեղեցական միջազգային կարեւոր դէմք։
Գիրքը բացառիկ բծախնդրութեամբ յունարէնի թարգմանուած է Նէա Իոնիայի եւ Ֆիլատելֆիայի մետրոպոլիտ Ղաւրիիլի կողմէ, որուն աշխատանքը կը ցոլացնէ նաեւ իր յարգալիր մօտեցումը Հայ եկեղեցւոյ ու անոր գահակալին հանդէպ։
Հրատարակուած գործը մատչելի է պարզ ընթերցողին համար, բայց մանաւանդ գիտական կարեւոր աղբիւր կը հանդիսանայ Հայ եկեղեցւոյ մասին հետազօտող ու մտաւորական շրջանակներուն համար։
«Ամենաղեկավարը՝ Սարգիս Զէյթլեան», Ա. հատոր, անթեղուած գործեր եւ
գրութիւններ, խմբագիր՝ Կարօ Յովհաննէսեան, Պէյրութ 2025
Համազգայինի Վահէ Սէթեան հրատարակչատունէն լոյս տեսած մեծածաւալ հատորը կու գայ լոյս սփռել հայ ժողովուրդի եւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան անզուգական ղեկավարին՝ Սարգիս Զէյթլեանի քաղաքական եւ գաղափարական աւանդին վրայ, որպէս հայութեան բախտորոշ ժամանակահատուածի մը քաղաքական առաջնորդ եւ գաղափարական դարբին։ Սարգիս Զէթլեանի տմարդի արեւանգումը եւ սպանութիւնը կասեցուցին դաշնակցական մեծ գաղափարախօսին կեանքն ու ստեղծագործական աշխատանքը ազգային-գաղափարական սերունդներու կազմաւորման մէջ։ Գիրքը, իր 800 էջերու ծաւալուն բովանդակութեամբ, արժանի տուրք կը մատուցէ մեծ երախտաւորին, որուն յօդուածները եւ հրապարակային խօսքերը ներշնչեցին գաղափարապաշտ երիտասարդութիւնը, անոնց արձագանգը հասնելով մինչեւ Արցախի հերոսապատումին մասնակցող ազատամարտիկներուն։
Գիրքի խմբագիր Կարօ Յովհաննէսեան առաջին երկու հարիւր էջերուն մէջ հանգամանօրէն կու տայ Զէյթլեանի կենսագրական գիծերը, ինչպէս նաեւ անոր մանկավարժական ասպարէզի տարիները Գահիրէ եւ Այնճար, որպէս ուսուցիչ եւ տնօրէն հայկական վարժարաններէն ներս։ Մօտ երեք հարիւր էջերու մէջ, ընծայուած է նաեւ անոր հրապարագրական աշխարհը «Յուսաբեր»-ի եւ «Ազդակ»-ի թիւերուն մէջէն, ուր Զէյթլեան կը ծաւալէ հրապարագիրի, գաղափարախօսի եւ ազգային մտածողի յատկութիւնները, որոնք աչքի կը զարնէին քաղաքական հասունութեամբ եւ գաղափարական միտքի պայծառութեամբ։ Այդ շրջանի գրութիւնները նուազ ուսումնասիրուած են. ըստ հատորի խմբագիրին՝ ներկայ աշխատասիրութիւնը կը միտի լեցնել այդ բացը։ Կարօ Յովհաննէսեան կը ծրագրէ երկրորդ հատորի պատրաստութեան, որ պիտի ընդգրկէ 1966-էն ետք Սարգիս Զէյթլեանի հրապարագրութիւնը եւ կազմակերպական գործունէութիւնը։
Համազգայինի «Բագին» գրական պարբերաթերթ, թիւ 4, Պէյրութ, Դեկտեմբեր 2024
Հայ գրական եւ մտաւորական իրականութեան մէջ, Համազգայինի «Բագին» պարբերաթերթը կը շարունակէ մնալ հայ գիրի անդաստանէն ներս խորասուզուող ընթերցասէրներու եւ մեր գրական հարստութեան հետեւորդներու լաւագոյն հարթակներէն մէկը։ Խմբագիր Սոնա Քիլէճեան-Աճէմեան, խմբագրական կազմը եւ անոնց կողքին գրական-մտաւորական անձնաւորութիւններէ բաղկացած խորհուրդը ընթերցողին կը հրամցնեն գեղատիպ հրատարակութիւն մը, որու էջերուն մէջէն, տարեկան չորս թիւերով, կ՚արձագանգեն հայրենի եւ սփիւռքեան գրական պտուղները՝ մանաւանդ արդի ստեղծագործութիւններով եւ բանասիրական վերլուծական աշխատութիւններով, որոնք աւելիով կը հարստացնեն ընթերցող շրջանակի իմացական աշխարհը եւ գրականասիրական որոնումները։ Պիտի խուսափինք մասնայատուկ նշում ընելէ վերջին թիւի բովանդակութեան մասին, քանի որ ամէն թիւ կը պահէ իր այժմէականութիւնն ու մնայուն արժէքը, նոյնիսկ տարբեր ժամանակահատուածի մէջ կարդալու մտադրութեամբ։
Պօղոս Սնապեանի օրերէն, «Բագին» գրական պարբերաթերթը կը կրէ իւրաքանչիւր խմբագիրի գրական հարուստ իմացականութեան կնիքը, իսկ նոր շրջանի հրատարակութիւնը լեզուի ու գրական արտադրութեան արդի գանձարան մըն է, որուն մէջէն գիրի գոհարները կու գան իրենց շուքով զովացնելու արդի հայ գրականութեան անծայրածիր ովասիսին մէջ ճամբորդող գրասէրը։