Յունաստանի զինեալ ուժերու Սպայից Վարժարանի պատասխանատու գնդապետ Կրէցաս Նիքոլաոսի հրաւէրով՝ Յունաստանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան եւ Յունաստանի հայոց թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան Ուրբաթ՝ 21 Դեկտեմբեր 2018ի առաւօտեան ժամը 10ին ներկայ գտնուեցան Սպայից Վարժարանի առաջին տարուան ուսանողներու երդման արարողութեան։ Երդուող ուսանողներուն մէջ մէկ հայ ուսանող կը մասնակցէր արարողութեան։ Կան ինը այլ հայ ուսանողներ, որոնք աւելի բարձր կարգերու մէջ կը շարունակեն իրենց ուսումնառութիւնը։
Արարողութենէն առաջ Սպայից Վարժարանի տնօրէնութեան փափաքով՝ Առաջնորդ Սրբազանն ու պրն. ատենապետը առանձին հանդիպում մը ունեցան հայ ուսանողներուն հետ եւ շնորհաւորեցին ու քաջալերեցին զանոնք՝ որպէս Հայաստանի Բանակի ապագայ բարձրաստիճան պատասխանատուներու։ Այս առիթով՝ Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ նաեւ հայ ուսանողներուն։
Երդման արարողութեան աւարտին, Սրբազան Հայրն ու պրն. ատենապետը հանդիպեցան Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար պրն. Փանոս Քամենոսի հետ, որ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց ներկայութեան համար՝ հաստատելով, որ հայ ուսանողները յաջող ու փայլուն մասնակցութիւն կը բերեն Սպայից Վարժարանի դասընթացներուն։
Առիթը ունեցան նաեւ հանդիպելու պաշտպանութեան փոխ-նախարարուհի տիկ. Մարիա Քոլիա-Ցարուխայի եւ Յունաստանի զինեալ ուժերու ընդհ. հրամանատար Ծովակալ Էվանկելոս Ափոսթոլաքիսի հետ։
Ուսանողներու տողանցքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը եւ պրն. ատենապետը ներկայ եղան պաշտօնական հիւրասիրութեան։