Յունուար 3ին մեր ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը հայ գրականութեան նորագոյն շրջանի տաղանդաւոր ներկայացուցիչներէն Ստեփան Ալաջաջեանի, որ 1960ականներուն լոյս տեսած իր «Եղէգները չխոնարհուեցին» վէպով անմահութիւն նուաճեց։
Իրաւա՛մբ հայ ժողովուրդի «չխոնարհուող եղէգներուն» պատգամաբեր արձակագիրը եղաւ Ս. Ալաջաջեան, որ նաեւ իր կենսագրութեամբ իւրօրինակ վկայ մը դարձաւ… հայ «չխոնարհուող եղէգի»։
Ալաջաջեան իր գրիչով շնչաւորեց պատգամը 19րդ դարավերջին թափ առած եւ 20րդ դարու առաջին տասնամեակներուն պատմական իր շրջանը աւարտած հայ ազգային-ազատագրական պայքարին։ Թշնամական ու եղեռնագործ հարուածներու տակ չկքելու եւ չխոնարհուելու, այլեւ՝ օտարի լուծին դէմ կենաց-մահու պայքար մղելու եւ սեփական հայրենիքի ազատութիւնն ու անկախութիւնը նուաճելու հայ ազգային Պատգամը, Ալաջաջեանի գրչին տակ, սերունդներուն մատուցուեցաւ «Չխոնարհող Եղէգներ»ու սրտառուչ պատկերով։
Թրքական լուծին եւ եաթաղանին դէմ հայ ժողովուրդի հերոսական ծառացումը, մանաւա՛նդ գերագոյն զոհաբերութեան գնով պատմութեան թաւալգլոր անկումի անիւը շրջելու եւ ազատութիւն նուաճելու հայկական մարտունակութիւնը իրենց յաղթահասակ մարմնաւորումը գտան Ալաջաջեանի ապրեցուցած մարդկային «Եղէգներ»ոն մէջ, որոնք ահաւոր ճնշումներու եւ հարուածներու ենթարկուելով հանդերձ՝ բնաւ «չխոնարհուեցին»…
«Մարդն ապրել է ուզում, ազգն ապրել է ուզում, հայրենիքը ազատութիւն է ուզում, գաղափարների համար մարդը պարտաւոր է գնալ կռուի» պատգամով՝ Ս. Ալաջաջեան ստեղծեց «Եղէգները Չխոնարհուեցին» վէպին երկու հատորները, որոնք լոյս ընծայուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան յիսնամեակին առթիւ տեղի ունեցած մեծագոյն ցոյցէն յետոյ, 1966 եւ 1967 թուականներուն:
Ինչպէս գրականագէտ Սեւակ Արզումանեան հետագային պիտի նշէր «Ստեփան Ալաջաջեան» խորագրով իր մենագրութեան մէջ՝ Ալաջաջեան «իր գեղեցիկ տաղանդը փայլուն կերպով հաստատում է այս վէպով: Նա մեծ արուեստի ուժով պատկերել է հռչակաւոր զէյթունցիների վերջին հերոսամարտը 1915 թուականի Եղեռնից յետոյ:
«Զէյթունի վերջին հերոսամարտի գեղարուեստական տարեգրութիւնն է Ալաջաջեանի այս վէպը, հերոսական մի ասք-պատում, որը կերպարների տիպականացմամբ, հոգեբանական խտացումներով, յուզական ներազդեցութեան ուժով, անշուշտ, 1960ական թուականների հայոց վիպասանութեան նուաճումներից մէկը եղաւ»:
Ստեփան Ալաջաջեան նաեւ հայրենադարձի իր կենսագրութեամբ՝ տարագիր հայութեան յետ-Եղեռնեան Առաջին Սերունդի իւրայատուկ պատգամաբեր մը հանդիսացաւ։ 1946ին ներգաղթեց Հայաստան, խորհրդային կարգերուն «յարմարուելու» տիրական հոսանքին հետ քայլ պահողներէն եղաւ, Կոմունիզմի ամբողջատիրական իշխանապետութեան աստիճաններէն բարձրացաւ վեր, հասարակական-պետական գործիչ ալ դարձաւ, բայց իր մտքին ու հոգիին խորերէն միշտ ալ ուրիշ «Աստուծոյ» երկրպագեց։
Հայ ժողովուրդի ազատութեան եւ անկախութեան Աստուածը բնաւ չլքեց Ալաջաջեանի ներաշխարհը։
Տարաբախտ կեանք մը ունեցաւ Ս. Ալաջաջեան։ Կոկորդի քաղցկեղ յայտնուեցաւ մօտը եւ ստոյգ մահէ փրկուեցաւ 1980ականներու սկզբնաւորութեան, երբ վիրահատեցին եւ ձայնային լարերը հեռացուցին։ Մնաց առանց մարմնական ձայնի, կեանքին մնացեալ ժամանակը արուեստական խօսափող օգտագործեց, բայց գրիչը բնաւ ձեռքէն վար չդրաւ եւ անդուլ իր սիրտն ու միտքը բաց պահեց ինչպէս իր պաշտած Աստուծոյ, նոյնպէս եւ իր պատգամին արձագանգող ընթերցողներուն առջեւ։
Հայաստանի վերանկախացման առաջին իսկ օրերուն, 1991ին, Ս. Ալաջաջեան իր կարգին արտագաղթեց Հայաստանէն եւ մինչեւ իր վախճանը մնայուն բնակութիւն հաստատեց Լոս Անճելըսի մէջ։ Յատկանշականօրէն իր «հայրենաթողութիւնը» թիրախ չդարձաւ քարկոծումի, ոչ ալ 1991էն ետք իր ունեցած հակախորհրդային սուր քննադատութիւնները վերապահութեամբ ընկալուեցան։ Այդպէ՛ս, Հայու Հայրենասիրութեան նոր բովանդակութիւն ներարկող պատգամաբերը դարձաւ Ալաջաջեան՝ իր թէ՛ հայրենադարձութեամբ, թէ՛ հայրենիքէն ֆիզիքական հեռացումով…
Տաղանդաւոր գրողը ծնած էր Հալէպ, Սուրիա, զէյթունցի Եղիա Ալաջաջեանի յարկին տակ։ Կրթական ու գրական իր կազմաւորումը ստացած երիտասարդ էր արդէն, երբ 1946ին ընտանեօք տեղափոխուեցան Հայաստան ու հաստատուեցան Զէյթուն թաղամասը։
1951ին աւարտեց Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական բաժնի հոգեբանութեան եւ տրամաբանութեան հիմնարկը, իսկ 1957ին Խ.Ս.Հ.Մ. Գրողների Միութեան առընթեր գրական բարձրագոյն դասընթացները (Մոսկուա): 1957-1963ին մաս կազմեց «Սովետական Գրականութիւն» ամսագրի խմբագրութեան, իբրեւ արձակի բաժնի վարիչ: 1966-1967ին ստանձնեց «Հայաստան» հրատարակչութեան գեղարուեստական գրականութեան խմբագրութեան վարիչի պատասխանատուութիւնը։ 1967էն 1975, եղաւ Հայաստանի Սովետական Գրողների Միութեան վարչութեան քարտուղար։ Իսկ 1980էն ետք ստանձնեց Հ.Խ.Ս.Հ. մշակոյթի նախարարութեան Ե. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին տնօրէնութիւնը։
1991 թուին Ս. Ալաջաջեան արտագաղթեց Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուեցաւ Լոս Անճելըս, ուր հիմնեց եւ հրատարակեց «Համայնապատկեր» ամսագիրը։ Իր կեանքին վերջին 19 տարիները Հայաստանէն հեռու ապրելով հանդերձ՝ Ալաջաջեան ոչ մէկ պարագայի խզուեցաւ հայրենի իրականութենէն։ Թափով շարունակեց գրել ինչպէս գեղարուեստական նոր երկեր, նոյնպէս եւ յուշագրական գործեր։ 2008ին արժանացաւ Հ.Հ. մշակոյթի նախարարութեան ոսկեայ մետալին՝ առ ի գնահատանք տասնամեակներու իր ստեղծագործական վաստակին եւ ազգային-հասարակական ծառայութեան։
Ս. Ալաջաջեանի գրական առաջին գործը՝ «Ծովուն երգը» ոտանաւորը լոյս տեսած է 1939ին, 15 տարեկանին, Պէյրութ հրատարակուող «Պատանեկան Արձագանգ» պարբերաթերթի էջերուն։ Իսկ 1942ին, Հալէպի «Տիգրիս» տպարանը լոյս ընծայած է 18ամեայ հեղինակին քերթուածներու երեխայրիքը՝ «Վշտի ծաղիկներ» գրքոյկը, 47 էջով։
Հայաստան ներգաղթելէ ետք, Ս. Ալաջաջեան նետուեցաւ արձակագրութեան ասպարէզ եւ 1953էն սկսեալ, յաջորդաբար, լոյս ընծայեց «Անապատում», «Պարտութիւն», «Փիւնիկ» ու «Առանց հայրենիքի» վիպակները, նաեւ՝ «Եռաթեւ ծիածան», «Մադլէնն ապրում է Փարիզում» եւ «Արծիւն ու հովիւը» պատմուածքներու ժողովածուները, ինչպէս նաեւ՝ «Այգիների աշխարհում» ակնարկը։
Բայց Ալաջաջեանի տաղանդին լիարժէք դրսեւորումը կապուեցաւ «Եղէգները չխոնարհուեցին» երկհատոր վէպի հրատարակութեան հետ՝ 1966ին եւ 1967ին։ Հայ ազգային-ազատագրական շարժումէն վերցուած կերպարներով ու դրուագներով՝ հեղինակը նորովի շունչով ընթերցողին հասցուց հայ ժողովուրդի հերոսական խոյանքին խորհուրդն ու պատգամը։ Ոչ միայն գաղափարական իր խորքով, այլեւ գեղարուեստական իր մշակումով՝ Ալաջաջեանի արձակը վերանորոգեց հայ գրականութիւնը։ Պատումի անմիջականութիւնը եւ հաղորդականութիւնը, պարզ ու գեղեցիկ ոճով կերպարներու եւ պահերու հոգեբանական շնչաւորումը կազմեցին հիմքը Ալաջաջեանի գեղարուեստական ոճին՝ «Եղէգները չխոնարհուեցին» գործը արժանացնելով հայ ժամանակակից գրականութեան գլուխ-գործոցներու պատուանդանին։
Քաջալերուած իր վէպին գտած յաջողութենէն, Ալաջաջեան թափով շարունակեց ստեղծագործել։ 1977ին լոյս ընծայեց «Վերածնունդ» ժողովածուն, ուր տեղ գտաւ անոր «Զարմանալի Հայաստան» գործը։ Հետեւեցաւ «Անառագաստ նաւակներ» վիպակը, 1978ին, 128 էջով։ Իսկ 1980-1981ին իրարու ետեւէ լոյս ընծայեց «Ապառաժները արտասուել գիտեն» եւ «Ոսկեգոյն ծիրկաթին» վիպակները։
Ալաջաջեան փորձեց եւ յաջողեցաւ նաեւ շարժանկարի համար բեմագրութիւններու մշակումին մէջ։ Հենրիկ Մալեանի հետ համահեղինակ եղաւ, 1980ին, Հայֆիլմի գլուխ-գործոցներէն համարուող՝ ժողովրդային մեծ ընդունելութեան արժանացած «Կտոր մը երկինք» ժապաւէնի բեմագրութեան։ Ալաջաջեանի հեղինակութիւնն է, նոյնպէս Հայֆիլմի կողմէ նկարահանուած, «Ճերմակ անուրջներ» ժապաւէնին բեմագրութիւնը։
Հայրենիքի մէջ Ալաջաջեանի ստեղծագործած վերջին երկը եղաւ «Չսպիացած վէրք» երկհատոր վէպը, 1989-1990ին։
Իսկ 1991էն ետք, արդէն Լոս Անճելըս հաստատուած, Ալաջաջեան լոյս ընծայեց «Լուսաւորեալ խորաններ» յուշագրութիւնը, 1993ին. «…Եւ Ատրուշաններ» խորագրով դարձեալ յուշագրական գործը, 1995ին։ Յաջորդեց «Ճամբեզրի վրայ» ժողովածուն, 1998ին։ «Վաթսունականք»ը՝ 2002ին։ «Ձայն բազմաց»ը՝ 2008ին։ «Հայ մամուլի էջերում (1957-2005)»ը՝ 2008ին, ուր մէկտեղուած են բազմավաստակ գրողին ու խմբագրին յօդուածներու, ակնարկներու, քննական ուսումնասիրութեանց, գրախօսականներու, դիմանկարներու եւ հարցազրոյցներու ընտրանին։ «Յորձանուտը»՝ 2009ին, դարձեալ յուշեր: «Վերջին հունձքը»՝ 2010ին։
Ալաջաջեանի գործերը թարգմանուած են ռուսերէնի, անգլերէնի, ֆրանսերէնի, չեխերէնի, պուլկարերէնի, էստոներէնի եւ բազմաթիւ այլ լեզուներու՝ արժանանալով առանձին հրատարակութեանց։
Նաեւ ինք՝ Ս. Ալաջաջեան տաղանդաւոր թարգմանիչ էր։ Շէյքսփիրի եւ Ժան-Փօլ Սարթրի կարեւոր գործերը հայացուցած է։
«Չխոնարհուող Եղէգներու» մեծատաղանդ պատգամաբերին ծննդեան տարեդարձին նշումը առիթ թող ըլլայ վերանորոգուելու Ստեփան Ալաջաջեանի իմաստուն խորհուրդով.-
«Միշտ էլ աւագները կարծում են, որ իրենց անցեալը դաստիարակ կը դառնայ ապագայ սերունդների համար: Ես էլ եմ այդպէս կարծում. նոր սերունդը իր ներկայի մէջ կը ձգտի՝ աւագների անցեալն իմանալով՝ դասեր վերցնել նրանից»:
Ստեփան Ալաջաջեան (1924-2010)
Ստեփան Ալաջաջեան (1924-2010). «Չխոնարհուող Եղէգներ»ուն տաղանդաւոր պատգամաբերը Ն.