­Պոն­տա­ցի­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան 105-րդ ­տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով, ամ­բողջ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ո­գե­կո­չա­կան ե­լոյթ­նե­րուն շար­քին, ­Կի­րա­կի, 19 ­Մա­յիս 2024-ին, ­Նի­քէա­յի ­Քաթ­րա­քիօ թատ­րո­նին կից գտնո­ւող ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­կո­թո­ղին առ­ջեւ, տե­ղի ու­նե­ցաւ յի­շա­տա­կի յա­տուկ ե­լոյթ։ Իւ­րա­քան­չիւր տա­րո­ւան նման, Հ.Յ.Դ. ­Գո­քի­նիոյ «­Վա­րան­դեան» կո­մի­տէին կող­մէ ներ­կայ ե­ղաւ եւ Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ու­ղեր­ձը ար­տա­սա­նեց ընկ. ­Գէորգ Ա­ւա­գեան։
Իր խօս­քին մէջ, ան նշեց, թէ 105 տա­րի ա­ռաջ, օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ կող­մէ ծրագ­րո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը նպա­տակ ու­նէին ամ­բող­ջու­թեամբ վե­րաց­նել հա­յերն ու յոյ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեայ տար­րը, ա­ռանց ո­րե­ւէ խիղ­ճի։
­Թուր­քիան մին­չեւ այ­սօր կը շա­րու­նա­կէ մեր­ժել իր գոր­ծած ո­ճիր­նե­րը բո­լոր այն ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հան­դէպ, ո­րոնք խա­ղաղ գո­յակ­ցած էին եր­կար դա­րե­րէ ի վեր ի­րենց պա­պե­նա­կան հո­ղե­րուն վրայ։ Ն­ման ո­ճիր­ներ կա­րե­լի չէ ան­պա­տիժ ու ան­հա­տոյց թո­ղել, իսկ պէտք չէ հան­դուր­ժել նոր ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­ներ նոյն դա­հի­ճին կող­մէ։
­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ա­նու­նով ան իր ան­վե­րա­պահ զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նեց պոն­տա­կան աշ­խար­հին, նշե­լով, թէ հա­յու­թեան ար­դար պայ­քա­րին զու­գա­հեռ, հա­յե­րը պի­տի շա­րու­նա­կեն նե­ցուկ կանգ­նիլ պոն­տա­ցի յոյ­նե­րու դա­տին ու ա­նոնց ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­տուց­ման։
Ն­շենք, որ ե­լոյ­թը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր ­Նի­քէա-­Քո­րի­տա­լո­յի պոն­տա­կան միու­թեան կող­մէ։ ­Ներ­կայ ե­ղան եւ խօսք ա­ռին ­Նի­քէա­յի եւ ­Քո­րի­տա­լո­յի քա­ղա­քա­պե­տե­րը։ ­Նաեւ նշո­ւե­ցաւ ներ­կա­յու­թիւ­նը նախ­կին քա­ղա­քա­պե­տե­րուն, խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խան­նե­րու, շրջա­նի հա­սա­րա­կա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն եւ բազ­մա­թիւ յոյ­նե­րու, յար­գե­լով յի­շա­տա­կը հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր պոն­տա­ցի­նե­րուն, ո­րոնք 20-րդ ­դա­րու սկիզ­բին զոհ դար­ձան ­Թուր­քիոյ ցե­ղաս­պա­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։

ԹՂԹԱԿԻՑ