«­Զօ­րաց ­Քա­րեր» հնա­գի­տա­կան բնա­կա­վայ­րի պե­ղում­նե­րու ըն­թաց­քին, 2016 թո­ւա­կա­նին, գտնո­ւած են մեծ քա­նա­կու­թեամբ խե­ցե­ղէ­նի բե­կոր­ներ, եր­կա­թէ պատ­րաս­տո­ւած զէն­քե­րու եւ աշ­խա­տան­քա­յին գոր­ծիք­նե­րու մնա­ցորդ­ներ:
Լ­րագ­րող­նե­րու հետ կա­յա­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին այս մա­սին յայտ­նած է «­Պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ար­գե­լոց–­թան­գա­րան­նե­րի եւ պատ­մա­կան մի­ջա­վայ­րի պահ­պա­նու­թեան ծա­ռա­յու­թիւն» կազ­մա­կեր­պու­թեան գի­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու փոխ-տնօ­րէն Ա­շոտ ­Փի­լի­պո­սեան՝ ա­ռանձ­նաց­նե­լով յատ­կա­պէս դամ­բա­րա­նի պե­ղում­նե­րու ըն­թաց­քին 11-13րդ ­դա­րեր թո­ւագ­րո­ւած ա­պա­կէ ա­պա­րան­ջա­նը: «­Պարզ­ւում է, որ այդ դա­րե­րում, երբ ­Բագ­րա­տու­նի­նե­րի ան­կու­մից յե­տոյ բա­ւա­կան ծանր ի­րա­վի­ճակ էր ­Հա­յաս­տա­նում, այս մեծ դամ­բա­րան­նե­րը մոն­ղոլ–­թա­թար­նե­րի, սել­ջուկ­նե­րի ար­շա­ւանք­նե­րի ժա­մա­նակ որ­պէս գաղտ­նա­րան­ներ են ծա­ռա­յել մարդ­կանց հա­մար»,- ը­սած է ան: ­Փի­լի­պո­սեա­նի հա­մա­ձայն՝ կեդ­րո­նա­կան դամ­բա­րա­նէն, որ կ­՛օգ­տա­գոր­ծո­ւէր որ­պէս աստ­ղա­դի­տա­րան, ա­ւե­լի քան չորս սա­լեր դուրս բե­րո­ւած են: «Այս բո­լոր գտա­ծո­նե­րը խօ­սում են այն մա­սին, որ յու­շար­ձա­նը եր­կա­թի դա­րի կա­ռոյց է, ո­րի պե­ղում­նե­րը նա­խա­տես­ւում է շա­րու­նա­կել նաեւ 2017 թո­ւա­կա­նին»,- դի­տել տո­ւած է ­Փի­լի­պո­սեան՝ յոյս յայտ­նե­լով այն մա­սին, որ «­Զօ­րաց ­Քա­րեր»ու եւ դամ­բա­րա­նա­դաշ­տին մէջ, նաեւ այդ տա­րած­քին յա­ռա­ջի­կա­յին շատ ա­ւե­լի յստակ ու ճշգրիտ փաս­տեր կա­րե­լի կ­՛ըլ­լայ ձեռք ձգել։
­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան 2009ի ո­րո­շու­մով՝ «­Զօ­րաց ­Քա­րեր» հնա­գի­տա­կան բնա­կա­տե­ղին ար­գե­լոց-մաս­նա­ճիւ­ղի կար­գա­վի­ճա­կով նե­րա­ռո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան «­Պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ար­գե­լոց-թան­գա­րան­նե­րի եւ պատ­մա­կան մի­ջա­վայ­րի պահ­պա­նու­թեան ծա­ռա­յու­թիւն» կազ­մա­կեր­պու­թեան կազ­մին մէջ, իսկ 2010 թո­ւա­կա­նի ­Դեկ­տեմ­բեր 2ի ո­րոշ­մամբ՝ «­Զօ­րաց ­Քա­րեր»ու տա­րած­քը սահ­մա­նո­ւած է 50 հեկ­տար: ­Յու­շար­ձա­նը 20րդ ­դա­րու սկիզ­բէն եր­բեմն-եր­բեմն են­թար­կո­ւած է ոչ-պար­բե­րա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու: ­Հե­տա­գայ տա­րի­նե­րուն, յու­շար­ձա­նի տա­րած­քին պե­ղում­ներ եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ չեն կա­տա­րո­ւած, 2013ին մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան «­Պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ար­գե­լոց–­թան­գա­րան­նե­րի եւ պատ­մա­կան մի­ջա­վայ­րի պահ­պա­նու­թեան ծա­ռա­յու­թիւն» կազ­մա­կեր­պու­թեան եւ կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան «­Գի­տու­թեան ­Պե­տա­կան ­Կո­մի­տէ»ին կող­մէ հաս­տա­տո­ւած տա­րե­կան 3 մի­լիոն դրամ գու­մա­րի չա­փով տնտե­սա­ւո­րո­ւող «­Զօ­րաց ­Քա­րեր» բնա­կա­տե­ղիի պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ար­գե­լոց մաս­նա­ճիւ­ղի զար­գաց­ման նպա­տա­կա­յին ծրա­գի­րով՝ 2014ին վերսկ­սած են պեղ­ման եւ ու­սում­նա­սի­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը:
Այդ ծրա­գի­րով կը կա­տա­րո­ւին ո՛չ միայն յու­շար­ձա­նի պեղ­ման եւ բա­ցո­ւած տե­ղա­մա­սե­րու ծածկ­ման, այլ նաեւ յու­շար­ձա­նին վե­րա­բե­րող նիւ­թե­րու հա­ւաք­ման, մշակ­ման, պե­ղո­ւած տա­րած­քի չա­փագր­ման, յայտ­նա­բե­րո­ւած հնա­գի­տա­կան ար­ժէք­նե­րու վե­րա­կանգն­ման ու ամ­րա­կայ­ման աշ­խա­տանք­նե­րը:
2014ին ի­րա­կա­նա­ցո­ւած են ար­գե­լո­ցի տա­րած­քի (50 հա.) սահ­ման­նե­րու ճշգրտման եւ սահ­մա­նագծ­ման աշ­խա­տանք­ներ, ո­րոնց հա­մար յատ­կա­ցո­ւած է 600 հա­զար դրամ: ­Նոյն տա­րին ցան­կա­պա­տո­ւած է ար­գե­լո­ցի տա­րած­քին մէկ մա­սը՝ 1350 մեթր եր­կա­րու­թեամբ: Եր­թե­ւե­կու­թիւ­նը եւ զբօ­սաշր­ջա­յին մար­դա­տար­նե­րու ե­ռու­զե­ռը կար­գա­ւո­րե­լու հա­մար յու­շար­ձա­նի պահ­պա­նա­կան գօ­տիի մուտ­քին մօտ կա­տա­րո­ւած են կա­ռա­տան, թան­գա­րա­նի շէն­քի եւ վար­չատն­տե­սա­կան մա­սի նա­խա­պատ­րաստ­ման եւ հո­ղի հար­թեց­ման աշ­խա­տանք­ներ։