Ի պատիւ Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Եմիշեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման, Ազգային վարչութիւնը կը կազմակերպէ պաշտօնական ընդունելութիւն եւ ճաշկերոյթ, Կիրակի, 30 Մարտ 2025-ին, ժամը 13.30-ին, Olympic Royal պանդոկի Roof Garden-ին մէջ։
Մասնակցելու համար կը խնդրուի նախապէս ապահովել տոմսակները, մինչեւ 21 Մարտ 2025-ին։ Մասնակցութեան գին՝ 60 եւրօ անձ գլուխ։
Տեղ ապահովելու համար կրնաք հեռաձայնել տիկ. Զապէլ Այվազեանին 6932808972 եւ
տիկ. Շողիկ Տատոյեանին 6951006278։
Ծանօթ.- Տեղերը սահմանափակ են։
Ազգային Վարչութիւն