Պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ Շարլ եւ Նիկոլա Ազնաւուրներուն կողմէ՝ «Ազնաւուր Հիմնադրամի» ստեղծման մասին, երէկ՝ Յունիս մէկին, Կասկատի վրայ գտնուող Ազնաւուրի թանգարանի շէնքին առջեւ, ուր ներկայ գտնուեցաւ Հ.Հ. նախագահը եւ բանալիները անձամբ յանձնեց Շարլ Ազնաւուրին:
Թանգարանը լիովին պիտի վերափոխուի՝ դառնալով interactive թանգարան: Հոս պիտի տեղափոխուին Շարլ Ազնաւուրի անձնական իրերը: Թանգարանը պիտի դառնայ աշխարհի մէջ առաջին interactive թանգարանը, ուր նոյնինքն հերոսը ինք պիտի պատմէ իր կեանքի ու գործունէութեան մասին:
Երգիչը իր ամբողջ կենսագրութիւնը գրած ու ձայնագրած է։ Այսպէ՛ս, թանգարանի այցելուները իր կեանքի պատմութեան մասին պիտի իմանան ուղղակի Շարլ Ազնաւուրի կողմէ:
Շարլ Ազնաւուրի interactive թանգարանը
Երեւանի մէջ պիտի կառուցուի Շարլ Ազնաւուրի interactive թանգարանը