Ի գիտութիւն հաւատացեալ մեր ժողովուրդին կը հաղորդենք, թէ Չորեքշաբթի, 1 Յունուար 2025-ի առաւօտեան ժամը 11։00-ին, թեմիս մեր եկեղեցիներէն ներս պիտի կատարուի նոր տարուան Ս. պատարագը։ Այս առիթով կը հրաւիրենք մեր հայորդիները եկեղեցի, որպէսզի աղօթքով, Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ վերանորոգուած յոյսերով սկսին նոր տարին։
Կրօնական Ժողով