Հայաստանի մէջ Յունական համայնքներու միութեան կազմակերպութեամբ, «Փրկութեան արձագանգները. Ճշմարտութեան եռերգութիւն» վաւերագրական շարժապատկերի նախագիծի շրջագիծէն ներս, Շաբաթ, 12 Ապրիլին տեղի ունեցաւ յոյն բեմադրիչ Քոնստանթինոս Եորղոփուլոսի «Նոր Հայրենիք» փաստավաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը։ Տեսանիւթը լայնօրէն կը ներկայացնէ անցեալ դարու 20-ական թուականներու սկիզբին հայերու տարագրութիւնը Յունաստան, անոնց վերաբնակեցումը եւ հետագայ կեանքը երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ: Յիշեցնենք, որ ժապաւէնը պատրաստուած է «Արմենիքա» պարբերաթերթին կողմէ եւ ցուցադրուած է Թեսաղոնիկէի վաւերագրական ֆիլմերու փառատօնի ծիրէն ներս արժանանալով յատուկ գնահատանքի:
Ժապաւէնը Յունաստանի մէջ ձեւաւորուած հայ գաղութին մասին պատմական առաջին ակնարկն է. անդրադարձ կատարուած Հայոց ցեղասպանութեան եւ փոքրասիական աղէտէն յետոյ հայ տարագիրներու կեանքին:
Ֆիլմը կը ցուցադրէ արխիւային հազուագիւտ նիւթեր։ Ժապաւէնի բեմադրիչ Գ. Եորղոփուլոս կեդրոնացած է վկայութիւններու եւ պատմութիւններու վրայ, որոնք տարագիր հայերու առաջին սերունդները պահպանած ու փոխանցած են բեմադրիչին: Ժապաւէնը ի յայտ կը բերէ ժամանակակից Յունաստանի նորագոյն պատմութեան անյայտ կողմերը:
Փաստավաւերագրական ծանօթ նիւթը անցեալին ներկայացուած էր Աթէնքի շարժապատկերի սրահներուն մէջ, իսկ այժմ մատչելի դարձաւ Հայաստանի յունական համայնքին, շնորհիւ Ցեղասպանութեան թանգարանի գիտաշխատող Թեհմինէ Մարտոյեանի եւ Հայաստանի յունական միութիւններու նախագահ Մարիա Լազարեւայի ջանքերուն։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք «Նոր Հայրենիք» ժապաւէնի ցուցադրութիւն Հայաստանի մէջ