«Նոա» ոտնագնդակի ակումբը` յիշատակ մը Արցախէն

0
74

Ժագ Տամատեան

Շու­տով` «ΑΕΚ»-ի բազ­մա­թիւ յու­նա­հայ երկր­պա­գու­նե­րը կ­‘ու­նե­նան բա­ցա­ռիկ հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը դի­տե­լու ի­րենց սի­րե­ցեալ խում­բը «­Նոա»-ի հան­դէպ, ինչ­պէս ան­շուշտ գա­ղու­թիս բո­լոր մար­զա­սէր­նե­րը։ Ե­րե­ւա­նեան ա­կում­բը հա­սաւ «Conference Legue»-ի ո­րա­կա­ւոր­ման 3-րդ ­հանգ­րո­ւա­նին, կա­տա­րե­լով կա­մա­յին յաղ­թա­նակ­ներ։
­Կեանք ա­ռաւ 2017-ին` «Ար­ցախ» ա­նո­ւա­նու­մով։ ­Հիմ­նադ­րու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ «­Մի­գա» մար­զա­կան կեդ­րո­նէն ներս, Ե­րե­ւա­նի պատ­մա­կան ­Շէն­կա­ւիթ թա­ղա­մա­սի մէջ։ ­Հան­դի­սու­թեան` ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան ա­կում­բի ո­գեր­գը եւ ­տա­րա­զի գոյ­նե­րը` կար­միր ու սպի­տակ։
Ա­ռա­ջին պաշ­տօ­նա­կան խա­ղը` «Ա­լաշ­կերտ 2» խում­բին դէմ ա­ւար­տեց 1-1. կօ­լի հե­ղի­նակ` ­Դա­ւիթ ­Պա­պա­յեան։ 2-էն` ան­մի­ջա­պէս կը բարձ­րա­նայ 1-ին դա­սա­կարգ և ­կը գրա­ւէ 8-րդ ­հո­րի­զո­նա­կա­նը։
2019-ին կը վե­րա­նո­ւա­նո­ւի` «­Նոյ», փո­խե­լով գոյ­ներն ալ` կա­նաչ ու սեւ։ ­Յա­ջորդ տա­րին կը նո­ւա­ճէ ա­ռա­ջին տիտ­ղո­սը` ­Հա­յաս­տա­նի ­Բա­ժա­կը։ Եզ­րա­փա­կի­չը իս­կա­կան գեր­կո­լա­ռատ մրցա­վէճ մըն էր։ Ա­րա­րատ Ար­մե­նիան կը յա­րա­ջա­նար 4-1, սա­կայն ­«Նոա»-ն հա­ւա­սա­րե­ցուց հա­շի­ւը` 4-4: Լ­րա­ցու­ցիչ ժա­մա­նա­կը նոյն­պէս ա­ւար­տեց ոչ ո­քի` 5-5: 11 մեթ­րա­նոց հա­րուած­նե­րուն` ­«Նոա»-ն յաղ­թա­յան դուրս ե­լաւ` 7-6։ ­Յա­ջոր­դա­բար` դար­ձաւ նաեւ սու­բեր­բա­ժա­կա­կիր։
Ա­կում­բին հա­մար կա­րե­ւոր է նաեւ ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դի պատ­րաս­տու­թիւ­նը։ Այս­պէս` կը պա­հէր ոտ­նագն­դա­կի դպրոց Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ։ ­Վեր­ջերս, այս աս­պա­րէ­զին վրայ, սկսած է հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն իս­պա­նա­կան ծա­նօթ «­Վի­ղիա­րեալ» խում­բին հետ, ո­րուն ա­գա­տե­միան հռչա­կա­ւոր է եւ­րո­պա­կան գետ­նի վրայ։
2023-24 մրցաշր­ջա­նին հա­մար «­Նոա»-ն դար­ձաւ ­Հա­յա­ստա­նի փո­խա­խո­յեան, ստա­նա­լով ու­ղե­գի­րը «Conference Legue»-ի հա­մար։ ­Խում­բի յար­ձա­կող Ար­թուր ­Մի­րա­նեան ամ­բողջ ա­ռաջ­նու­թեան ա­մե­նա­շատ կօլ խբողն էր, նշա­նա­կե­լով 23 կէտ։
Եւ­րո­պա­կան «ճամ­բոր­դու­թիւ­նը» սկսաւ եր­կու կա­մա­յին յաղ­թա­նակ­նե­րով ­Յի­սու­սա­յին ­Մա­գե­տո­նիոյ փո­խա­խո­յեան «Ս­գե­տի­ղիա»-ին դէմ` 2-0 Ա­բո­վեան քա­ղաք եւ 2-1 ար­տագ­նա մրցու­մին։ ­Յա­ջորդ հանգրուա­նին ­Նոան` տպա­ւո­րիչ 7-0 հա­շի­ւով ջախ­ջա­խեց ­Մալ­թա­յի «Ս­լիե­մա» խում­բին. հան­դի­պու­մը նոյն­պէս տե­ղի ու­նե­ցաւ` Ար­ցա­խի 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի հե­րոս «­Վա­հագն ­Թու­մա­սեան»ի ա­նու­նը կրող մար­զա­հա­մա­լի­րէն ներս։ ­Պա­տաս­խան խա­ղին հա­շի­ւը չբա­ցուե­ցաւ։
«ΑΕΚ»-ը, ար­մատ­նե­րով ­Պո­լի­սէն, ու­նի շատ յու­նա­հայ հա­մա­կիր­ներ։ ­Կը սպա­սո­ւին եր­կու հե­տաքրք­րա­կան մրցա­վէ­ճեր։ Ակն­յայտ է որ յու­նա­կան ա­կում­բը ա­ւե­լի փոր­ձա­րու է եւ­ ա­ւե­լի բարձր մա­կար­դա­կի, խա­ղար­կու­թեան տե­սա­կե­տով։ ­Սա­կայն` «գնդա­կը կլոր է»: