Հայ Օգնութեան Միութիւն կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ՝ «Նամակ՝ հայ զինուորին» ծրագիրը իրականացաւ։
Սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներու հայկական դպրոցներու աշակերտներ նամակներ գրեցին հայ զինուորին՝ Արցախի Քառօրեայ պատերազմէն մէկ տարի ետք։
Այսպէս ալ, Գոքինիոյ «Զաւարեան», Ֆիքսի «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» վարժարաններու եւ «Ճէնազեան» միջնակարգ վարժարանի աշակերտները նամակներ գրեցին՝ ուղղուած հայ զինուորին։
Լ.Ղ.Հ. արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի Աթէնք այցելութեան առիթով եւ պրն. նախարարի ձեռամբ՝ զինուորներու պատասխան-նամակներու առաջին ծրարը օրին յանձնուեցաւ արդէն աշակերտներուն, որոնք մեծ խանդավառութեամբ ստացան իրենց ուղղուած պատասխանները:
Նամակագրութիւնը շարունակուեցաւ, ապա՝ աշակերտները դարձեալ նամակներ ուղղեցին հայ զինուորներուն, դասարաններուն մէջ մէկիկ-մէկիկ ընթերցելէ ետք իրենց ուղղուած աատասխան-նամակներուն բովանդակութիւնը:
Աշակերտներուն յղած նոր նամակներուն մէջ, անոնք իրենց մտածումները կը յայտնեն սահմանին կանգնած զինուորներուն, կը նկարագրեն իրենց պատկերացումները հայրենասիրութեան, հայրենի սահմանները անառիկ պահելու վերաբերեալ։
«Ազատ Օր»ի խմբագրութեան յանձնուեցան այդ նամակներու պատճէնները, որոնք գծագրութիւններով, վառ գոյներով եւ յուզիչ գրութիւններով գեղեցիկ նամակներ են:
Անոնցմէ քանի մը օրինակներ կը հրատարակենք ստորեւ.-