­Յու­նաս­տա­նի մէջ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 107-ա­մեա­կի ո­գե­կո­չա­կան ե­լոյթ­նե­րուն ա­ռի­թով, ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Տեն­տիաս ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու վրայ պա­հած իր է­ջին մէջ, ­Կի­րա­կի, 17 Ապ­րի­լին, գրա­ռում կա­տա­րած է, ո­րուն մէջ կը նշէ հե­տե­ւեալ­նե­րը։
«Այս օ­րը, ո­րու ըն­թաց­քին ­Յու­նաս­տա­նի մէջ կը նշո­ւի ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կի օ­րը, մեր մտա­ծու­մը կ­՚եր­թայ մեր երկ­րէն ներս ու ամ­բողջ աշ­խար­հի վրայ ապ­րող ­Հա­յե­րուն։ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման ընդ­լայ­նու­մը հա­մայն մարդ­կու­թեան պարտքն է»։
Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի գրա­ռու­մի կող­քին զե­տե­ղո­ւած է նաեւ նկար մը, ո­րուն մէջ նա­խա­րա­րը կ­՚ե­րե­ւի ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րին առ­ջեւ դափ­նեպ­սակ զե­տե­ղե­լու ժա­մա­նակ, որ կա­տա­րո­ւե­ցաւ իր վեր­ջին այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին՝ 16 ­Հոկ­տեմ­բեր 2020-ին։
Ն­շենք, որ ար­ցա­խեան 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի օ­րե­րուն, ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը ե­ղաւ ա­րեւմ­տեան աշ­խար­հի միակ պաշ­տօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւ­նը, որ ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լեց եւ իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նեց հայ ժո­ղո­վուր­դին, ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան ու ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն դէմ։