Հայ ժողովուրդի գիրերու ու դպրութեան մեծագոյն տօնին՝ Ս. Թարգմանչացի նշումնե-րու ծիրէն ներս յունահայ իրականութեան մէջ, ուշադրութեան արժանի ելոյթ մը կազ-մակերպուեցաւ Ուրբաթ, 9 Հոկտեմբեր 2026-ին, Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հան-րապետութեան դեսպանութեան կողմէ, գործակցութեամբ «Էքաթերինի Լասքարիտի» հիմնադրամին եւ Երեւանի Մատենադարանին։ «Յունաստանը՝ հայերէնով» խո-րագիրով գիրքերու ցուցահանդէսը մեկնարկ կատարեց «Լասքարիտիս» հիմնադրամի գրադարանէն ներս, Փիրէայի մէջ։ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս կազմակերպուած ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ յունարէն բնագիրներէ հայերէնի թարգմանուած ու հրատարակուած երկերու հարուստ ժառանգութիւնը՝ հին յունական դասական գրականութենէն մինչեւ մեր օրերը։ Ցուցադրութեան դրուած են Մատենադարանի հաւաքածոյէն ընտրուած 38 հրատարակութիւններ, որոնք կը վկայեն աւելի քան 16 դարերու վրայ երկարող հայ-յունական գրական եւ մտաւոր կապերուն մասին։ Հին յունական դասական հեղինակներու գործերէն եւ բիւզանդական գրականութենէն մինչեւ նորագոյն ու ժամանակակից յոյն հեղինակներու ստեղծագործութիւնները՝ ցուցահանդէսը ի յայտ կը բերէ յունական գրականութեան, փիլիսոփայութեան եւ քննական մտածողութեան ազդեցութիւնը հայ մշակոյթի զարգացման վրայ։ Ցուցահանդէսի բացման առիթով, նմուշներու շարքին իւրայատուկ տեղ գրաւեց Աթէնքի Պենաքի թանգարանին կողմէ տրամադրուած 1787-ին Ակնի շրջանի Վանք գիւղին մէջ ընդօրինակուած հայ հոռոմներու՝ ուղղափառ հայերու բացառիկ ձեռագիր Աւետարանը։ Հայկական եկեղեցական եւ բիւզանդական աւանդութիւններու փոխազդեցութիւնը արտացոլացնող այս ձեռագիրը հայ եւ յոյն ժողովուրդներու պատմական ու հոգեւոր կապերուն յատկանշական վկայութիւններէն մէկն է։ Ցուցադրուեցաւ նաեւ «Լասքարիտի» հիմնադրամի հաւաքածոյին մաս կազմող հայերէն ձեռագիր մատեան մը։ Բացման ելոյթին ներկայ եղան Աթէնքի հոգեւոր հովիւ Տ. Եզրաս վրդ. Թէնէքէճեան, ներկայացնելով Առաջնորդ Սրբազան հայրը, Նէոս Գոզմոսի հոգեւոր հովիւ Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան, վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, յունահայ կառոյցներու եւ մամուլի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ յոյն եւ հայ գրասէր հասարակութիւն մը։ Երեկոյի հանդիսավարն էր օր. Անայիս Աքսարէլեան։ Առաջին խօսողը եղաւ «Լասքարիտիս» թանգարանի տնօրէն Քոնսթանթինոս Մազարաքիս, որ նշեց ցուցահանդէսի կազմակերպման կարեւորութիւնը՝ նկատի ունենալով հիմնադրամի Պատմական գրադարանին ունեցած նշանակալից դիրքը Յունաստանի հնատիպ գիրքերու հաւաքածոներուն մէջ։ Ան անդրադարձ կատարեց ցարդ հրատարակուած մատեաններուն եւ գնահատեց հայ-յունական գիտական ու մշակութային գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Յունաստանի մէջ նման բնոյթի ցուցահանդէսի առա-ջին անգամ կազմակերպումը։ Բացման հանդիսութեան գլխաւոր խօսքը արտասանեց Յունաստանի մէջ Հ.Հ. դեսպան Տիգրան Մկրտչեան, որ անդրադարձաւ յունական գրականութեան եւ փիլիսոփայական միտքի ունեցած նշանակութեան՝ հայոց հոգեւոր եւ կրթական ժառանգութեան կազմաւորման մէջ։ Ան մասնաւորապէս ընդգծեց թարգմանիչներուն կատարած դերը՝ իբրեւ մշակոյթներու միջեւ հաղորդակցութեան եւ փոխադարձ ճանաչողութեան կամուրջ։ Յիշատակեց ակադեմիկոսներ, նախկին յունահայ Սիմոն Քրքաշարեանի եւ Հրաչ Բարթիկեանի գիտական ու թարգմանական վաստակը, ինչպէս նաեւ հայ եւ յոյն բազմաթիւ գիտնականներու եւ թարգմանիչներու ներդրումը՝ երկու ժողովուրդներու հասարակաց մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ տարածման գործին մէջ։
Դեսպանը անդրադարձաւ նախորդ դարերու Յունաստանի եւ Եւրոպայի մէջ լուսաւո-րութեան գաղափարներուն եւ ազատագրական շարժումներուն, որոնք ներշնչման աղբիւր հանդիսացած են նաեւ Հայաստանի անկախութեան շարժման համար։ Ելոյթի յայտագիրին մէջ, ուշագրաւ ներկայացումներ կատարեցին Մատենադարանի աւագ գիտաշխատողներ եւ թարգմանիչներ Արամ Թոփչեանն եւ Գոհար Մուրատեանը, որոնք ներկայացուցին հին յունարէնէն հայերէնի կատարած իրենց թարգմանական աշխատանքները։ Անոնք անդրադարձան յատկապէս Հոմերոսի, Եւրիպիդէսի, Սոփոկլէսի, Արիստոփանէսի, Արիստոտէլի եւ հին յունական գրականութեան այլ մեծա-նուն ներկայացուցիչներու ստեղծագործութիւններուն։ Իր կարգին, տիկ. Մուրատեան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ յունական նորագոյն գրականութեան թարգմանական աշխատանքը։ Առանձնայատուկ ուշադրութեամբ ունկնդրուեցաւ Թեսաղոնիկէէն թարգմանիչ Շամրիկ Խաչատրեանի խօսքը։ Ան ներկայացուց ժամանակակից յունական գրականութենէն հայերէնի կատարած իր թարգմանութիւնները, որոնք լոյս տեսած են հայրենի հրատարակչական իրականութեան մէջ։ Անոնց շարքին՝ ներկայացնելով մեծանուն գրող Նիքոս Քազանծաքիսի ստեղծագործութիւնները յայտնեց, թէ յոյն գրողին ոճական անծայրածիր դաշտը կը պահանջէ յատուկ ուշադրութիւն եւ բառերու ընտրութիւն, տալու համար հարուստ ներաշխարհն ու ստեղծագործական հարստութիւնը։ «Յունաստանը՝ հայերէնով» ցուցահանդէսը առիթ հանդիսացաւ լուսարձակի տակ առնելու հայ եւ յոյն ժողովուրդներու միջեւ դարերու ընթացքին զարգացած գրական ու մտաւոր փոխանակումները։ Մատենադարանի հրատարակութիւններուն եւ պատմական ձեռագիրներուն ներկայացումը միաժամանակ ընդգծեց թարգմանական աշխատանքի շարունակական նշանակութիւնը՝ իբրեւ երկու ժողովուրդներու մշակութային կապերը պահպանելու եւ նոր սերունդներուն փոխանցելու միջոց։ Նշենք, թէ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ հանրութեան համար մինչեւ 10 Դեկտեմբեր։ Ցուցահանդէսը յարմարագոյն առիթը կը հանդիսանայ, որպէսզի յունահայ հայրենակիցները մօտէն ծանօթանան յոյն գրականութեան արժանաւոր ներկայութեան Հայաստանի մէջ։ Նաեւ, ան լաւագոյն պատեհութիւնն է, որպէսզի հայ վարժարաններու աշակերտութիւնը նախ ընտենալայ գիրքի աշխարհին, ապա մօտէն ծանօթանայ յունական գրականութեան գանձերու ստուար շարքին՝ հայերէն լեզուի ու ոճի մատուցումով, որպէս երկու ժողովուրդներու մշակութային հարստութիւնը կապող կամուրջ։










