Աթէնքի Ողիմպիական համալիրի մարզադաշտին մէջ, 5 Ապրիլին կայացան դասական մարմնամարզութեան Յունաստանի ախոյենութեան կիսաեզրափակիչ փուլի մրցումները:
Աղջիկներու երիտասարդական դասակարգի խումբով հանդէս եկաւ յունահայ հայրենակից Էմմի Յովսէփեան եւնուաճեց փայլուն յաղթանակ 3 ոսկի մետալ (1 անհատական եւ 2 առանձին վարժութիւններուն ընթացքին), ինչպէս նաեւ 2 արծաթէ մետալ (առանձին վարժութիւններուն ընթացքին):
Էմմա Յովսէփեանի դասական մարմնամարզին մէջ ձեռք բերուած յաջողութիւնները հետեւողական փորձերու, կամքի եւ աշխատասիրութեան ցայտուն արդիւնքներն են: Իր յաղթանակով, Էմմա Յովսէփեան ծանօթ դարձուց հայկական անունը Յունաստանի դասական մարմնամարզի բնագաւարէն ներս։ Կը շնորհաւորենք երիտասարդ մարզիկը եւ կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ: