ՔԵՐՈԲ ԷՔԻԶԵԱՆ

­Յու­նա­հայ գա­ղու­թը, իր ա­ւե­լի քան մէկ­դա­րեայ պատ­մու­թեամբ, կը կազ­մէ սփիւռ­քա­հայ պատ­մագ­րու­թեան կա­րե­ւոր բա­ղադ­րիչ­նե­րէն մէ­կը, հան­դի­սա­նա­լով այն գա­ղութ­նե­րէն մին, որ կազ­մո­ւե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի կրած՝ 20-րդ ­դա­րու սկիզ­բի ա­հա­ւոր ող­բեր­գու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով։ ­Հա­րիւ­րա­մեայ հանգ­րո­ւա­նը ան­ցած՝ մեր գա­ղու­թի կեան­քին ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րա­յին բազ­մա­շերտ ե­րես­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ հայ եւ յոյն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բազ­մաո­լորտ ու մեծ մա­սամբ ան­ծա­նօթ ծալ­քե­րը հա­րա­զա­տօ­րէն ար­ձա­նագ­րո­ւած են ստո­րեւ ներ­կա­յա­ցո­ւած հա­տոր­նե­րուն մէջ, ո­րոնց գլխա­ւոր մա­սը 2024-ի ըն­թաց­քին լոյս աշ­խարհ ըն­ծա­յո­ւե­ցան «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու շար­քէն, ինչ­պէս նաեւ այլ հրա­տա­րակ­չա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու ճամ­բով։ ­Հայ եւ յոյն ըն­թեր­ցա­սէր­նե­րը ա­ռի­թը ու­նե­ցան լայն տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղել գիր­քե­րուն մա­սին, ա­նոնց ներ­կա­յաց­ման ե­լոյթ­նե­րուն ա­ռի­թով, ո­րոնք ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցան անց­նող ա­միս­նե­րուն։ Այս ա­ռի­թով, կը ներ­կա­յաց­նենք հա­կիրճ նկա­րագ­րա­կան մը իւ­րա­քան­չիւր աշ­խա­տու­թեան մա­սին, մաղ­թե­լով, որ ա­նոնք՝ բա­ցի պատ­մա­կան հե­տա­զօ­տու­թեանց մար­զի ա­կա­դե­մա­կան շրջա­նա­կէն, դառ­նան կա­րե­ւոր աղ­բիւր՝ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու ի­մա­ցա­կան եւ պատ­մա­գի­տա­կան հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար։

***

«­Հա­յե­րը ­Յու­նաս­տա­նի մէջ փոք­րա­սիա­կան ող­բեր­գու­թե­նէն ետք», (Οι Αρμένιοι στην Ελλάδα μετά τη Μικρασιατική Καταστροφή), 235 էջ, հե­ղի­նակ՝ ­Յով­հան­նէս ­Ղա­զա­րեան, «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թիւն, 2024։

Ընկ. ­Յով­հան­նէս ­Ղա­զա­րեա­նի ստուար աշ­խա­տու­թիւ­նը յու­նա­հայ գա­ղու­թի ան­ցեա­լի եւ ար­դի պատ­կե­րին ներ­կա­յա­ցումն է, որ տեղ կը գտնէ հա­տո­րի է­ջե­րուն մէջ։
­Գիր­քը կա­րե­ւոր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու շտե­մա­րան մըն է՝ ո՛չ միայն օ­տար ըն­թեր­ցո­ղին հա­մար, այ­լեւ ա­մէն մէկ հայ­րե­նա­կի­ցի հա­մար եւս, ո­րով­հե­տեւ կը պա­րու­նա­կէ թան­կա­գին պատ­մա­կան տուեալ­ներ յու­նա­հայ գա­ղու­թի ստեղծ­ման ու հաս­տատ­ման տա­րի­նե­րէն մին­չեւ մեր օ­րե­րու բար­գա­ւաճ պատ­կե­րը։ ­Հա­տո­րը կը վեր­լու­ծէ յու­նա­հայ կեան­քի քա­ղա­քա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ե­րե­սը, ներ­կա­յաց­նե­լով գոր­ծող հայ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու պատ­կե­րը, ա­պա լայ­նօ­րէն կ­՚անդ­րա­դառ­նայ գաղ­թա­կա­յան­նե­րու օ­րե­րէն կազ­մո­ւած հա­մայք­նե­րուն, ո­րոնց­մէ ­Հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի եւ Թ­րա­կիոյ հա­յա­ւան­նե­րը ար­դէն գո­յու­թիւն ու­նէին նա­խորդ դա­րե­րէն։ ­Հե­ղի­նա­կը կը ներ­կա­յաց­նէ ե­կե­ղե­ցա­կան եւ ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու պատ­մու­թիւնն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, զարկ տա­լով իւ­րա­քան­չիւր յա­րա­նո­ւա­նու­թեան ման­րա­մասն պատ­կե­րի ներ­կա­յաց­ման։ ­Գիր­քին մէջ տեղ գտած է յու­նա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան բազ­մա­տե­սակ միու­թիւն­նե­րու եւ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու պատ­մու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ հա­յա­սէր օ­տար կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու խնա­մա­տա­րա­կան մա­տու­ցու­մը գաղ­թա­հայ ժո­ղո­վուր­դին։ ­Հա­տո­րի հե­տաքրք­րա­կան բա­ժին­նե­րուն մէջ կա­րե­լի է նշմա­րել նա­խա­պա­տե­րազ­մեան շրջա­նի պատ­մա­կան ու­րո­ւագ­ծու­մը, նաեւ Բ. հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին հա­յու­թեան ի­րա­վի­ճա­կը եւ պատ­մա­կան կարգ մը հո­լո­վոյթ­ներ։ 235 է­ջե­րու վրայ եր­կա­րող այս աշ­խա­տու­թիւ­նը լա­ւա­գոյն աղ­բիւ­րը կը հան­դի­սա­նայ ըն­թեր­ցո­ղին հա­մար, ո­րուն առ­ջեւ կը բա­ցո­ւի գա­ղու­թի մը հա­մա­պար­փակ եւ ընդգր­կուն պատ­մա­կան գան­ձա­րան մը։

«­Հայ գաղ­թա­կան­նե­րը ­Լաւ­րէո­թի­քիի մէջ», (Αρμένιοι πρόσφυγες στη Λαυρεωτική), 40 էջ, հե­ղի­նակ՝ Եոր­ղիոս Անտ. ­Փեփ­փաս, «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թիւն, 2024։

­Շատ քիչ բան ը­սուած ու գրո­ւած է ­Լաւ­րիո­յի մէջ ապ­րած հայ գաղ­թա­կա­նու­թեան մա­սին։ ­Տա­րի­ներ ա­ռաջ, շրջա­նի ծա­նօթ հան­քա­վայ­րե­րուն մէջ գտնո­ւած հայ բա­նո­ւոր­նե­րու՝ հա­յե­րէ­նով տա­շո­ւած ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը, բայց նաեւ տե­ղա­կան ­Քա­մա­րի­զա­յի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ տա­կա­ւին պա­հո­ւող հայ­կա­կան դամ­բա­րան­նե­րը ցոյց կու տան հա­յու­թեան մէկ հա­տո­ւա­ծին տա­ռա­պան­քի տա­րի­նե­րը եւ գո­յա­տե­ւե­լու պայ­քա­րը։ ­Գիր­քը կը բաղ­կա­նայ եր­կու մա­սե­րէ. ա­ռա­ջի­նը՝ ­Լաւ­րիո­յի հա­յու­թեան հաս­տատ­ման եւ ծանր աշ­խա­տան­քի տա­րի­նե­րուն ար­ձա­նագ­րու­թիւնն է, իսկ երկ­րոր­դը՝ «­Թօ Ար­մե­նա­քի (­Հա­յը)» խո­րա­գի­րով հա­տո­ւած մըն է՝ քա­ղո­ւած «Σκουριασμένο Χαμόγελο» գիր­քէն, որ յու­զու­մով կը խօ­սի հայ բա­նո­ւո­րի մը դառ­նա­ղէտ մա­հո­ւան մա­սին հան­քա­վայ­րի ըն­թեր­քի դժոխ­քին մէջ։ Ն­շենք, որ ա­ռա­ջին մա­սը Եոր­ղոս ­Փեփ­փա­սին կող­մէ ներ­կա­յա­ցո­ւած է որ­պէս զե­կու­ցում ­Մե­սո­ղիա շրջա­նին մա­սին ի­րա­գոր­ծո­ւած 17-րդ ­պատ­մա­գի­տա­կան խորհրդա­ժո­ղո­վին։ ­Գիր­քին վեր­ջըն­թեր մա­սը կը պա­րու­նա­կէ պատ­մագ­րա­կան եւ վի­ճա­կագ­րա­կան կա­րե­ւոր տե­ղե­կու­թիւն­ներ շրջա­նի հա­յե­րու կնքած ա­մուս­նու­թիւն­նե­րուն, ծնունդ­նե­րուն, մկրտու­թիւն­նե­րուն եւ մա­հե­րուն մա­սին, տա­լով իւ­րա­քան­չիւր հա­յու ա­նունն ու ըն­տա­նե­կան-տո­մա­րա­կան տո­ւեալ­նե­րը։
Հ­րա­տա­րա­կու­թեան վեր­ջին է­ջե­րուն վրայ տեղ գտած են ­Լաւ­րիո­յի հա­յու­թեան պատ­մա­կան լու­սան­կար­ներ, ինչ­պէս նաեւ հան­քե­րու ու գե­րեզ­մա­նա­տան հայ­կա­կան հետ­քե­րուն նմուշ­նե­րը։

«­Զու­գա­հեռ կեան­քեր. հա­յեր եւ յոյ­ներ, միլ­լիէ­թէն մին­չեւ ազգ-պե­տու­թիւն», (Βίοι Παράλληλοι: Έλληνες και Αρμένιοι, από τα μιλλιέτ στα έθνη-κρατη), 215 էջ, հե­ղի­նակ՝ ­Ճորճ ­Մե­նե­շեան, «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թիւն, 2024։

­Յու­նա­հայ ե­րի­տա­սարդ եւ ար­դէն փոր­ձա­ռու­թիւն ձեռք ձգած քա­ղա­քա­կան փոր­ձա­գէտ ­Ճորճ ­Մե­նե­շեա­նի ա­ռա­ջին մեծ աշ­խա­տու­թիւնն է, որ կը վեր­լու­ծէ հայ եւ յոյն ազ­գե­րու, նաեւ եր­կու պե­տու­թեանց պատ­մա­կան, քա­ղա­քա­կան, ռազ­մա­կան եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը 19-րդ ­դա­րէն մին­չեւ մեր օ­րե­րը։ Աշ­խա­տու­թիւ­նը յե­նո­ւած է բազ­մա­թիւ պատ­մագ­րա­կան աղ­բիւր­նե­րու վրայ, ո­րոնց նշու­մը եւ բա­ցա­տու­թիւն­նե­րու ամ­փո­փու­մը ցոյց կու տան բազ­մաբ­նոյթ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու եւ պատ­մա­կան տա­րա­ծուն տո­ւեալ­նե­րու առ­կա­յու­թիւ­նը։
­Գիր­քի ա­ռա­ջին մա­սին մէջ, հե­ղի­նա­կը փորձ կը կա­տա­րէ գծել 19-րդ ­դա­րու հայ յե­ղա­փո­խա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ­Յու­նաս­տա­նի մէջ եւ յու­նա­կան պե­տու­թեան նախ­նա­կան կաս­կա­ծամ­տու­թիւ­նը ­Հայ­կա­կան հար­ցին եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­զա­տագ­րա­կան ձգտում­նե­րուն հան­դէպ։
­Հե­տաքրք­րա­կան բա­ժին­նե­րէն մէկն է նաեւ 20-րդ ­դա­րու ա­ռա­ջին եր­կու տաս­նա­մեակ­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վեր­լու­ծու­մը, տեղ տա­լով ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մի­ջեւ քա­ղա­քա­կան, ռազ­մա­կան եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան կա­պե­րուն։
­Կա­րե­ւոր մաս մը գիր­քէն կ­՚ընդգր­կէ նա­խա­պա­տե­րազ­մեան եւ յետ­պա­տե­րազ­մեան ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րու վեր­լու­ծու­մը, անդ­րա­դառ­նա­լով գաղ­թա­կա­նա­կան հո­սանք­նե­րուն, Բ. հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի օ­րե­րուն եւ 1950-ա­կան թո­ւա­կան­նե­րէն ետք հայ-յոյն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու սեր­տաց­ման։
­Գիր­քի վեր­ջին մա­սը կը ներ­կա­յաց­նէ 1991-էն ետք վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի դի­ւա­նա­գի­տա­կան կա­պե­րը ­Յու­նաս­տա­նի պե­տու­թեան հետ՝ Ար­ցա­խի ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի խո­րա­պատ­կե­րին մէջ ու ընդ­հան­րա­պէս եր­կու եր­կիր­նե­րու բազ­մա­բե­ւեռ գոր­ծակ­ցու­թեան մթնո­լոր­տին ներ­քեւ։
Երկ­դա­րեայ քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ռօտ բայց բո­վան­դա­կա­լից ներ­կա­յաց­ման կող­քին, գիր­քը կը պա­րու­նա­կէ քար­տէս­ներ եւ բազ­մա­թիւ պատ­մա­կան աղ­բիւր­ներ։

«­Հա­յե­րը եւ յու­նա­կան պե­տու­թիւ­նը ­Պաղ պա­տե­րազ­մի շրջա­նին. «տա­րագ­րու­թե­նէն» մին­չեւ «ճա­նա­չում» (1945-1991), (Αρμένιοι και ελληνικό κράτος στον Ψυχρό Πόλεμο, από τον «διωγμό» στην «αναγνώριση» (1945-1991), 480 էջ, հե­ղի­նակ՝ ­Լե­ւոն ­Տիլ­սի­զեան, Կ­րե­տէի ­Հա­մալ­սա­րա­նա­կան հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու շարք, 2024։

Ա­կա­դե­մա­կան շրջա­նակ­նե­րուն մէջ մեծ համ­բաւ վա­յե­լող «Կ­րե­տէի ­Հա­մալ­սա­րա­նա­կան հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ»ուն կող­մէն հրա­պա­րակ ե­լած նոր հա­տո­րը իւ­րա­յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն եւ պատ­մա­կան կա­րե­ւոր աղ­բիւ­րի մը դե­րը վերց­նե­լու յա­ւակ­նու­թիւ­նը ու­նի։ Ար­դէն, յու­նա­կան մա­մու­լին մէջ լոյս տե­սած գրա­խօ­սա­կան­նե­րը, գիր­քի պաշ­տօ­նա­կան շնոր­հա­հան­դէ­սէն ա­ռաջ եւ ետք, ցոյց կու տան ա­նոր ըն­կա­լու­մը ա­կա­դե­մա­կան եւ պատ­մա­հե­տա­զօ­տա­կան շրջա­նակ­նե­րուն կող­մէ։
­Փան­տիօ հա­մալ­սա­րա­նի պատ­մու­թեան եւ քա­ղա­քա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու յետ-տոք­թո­րա­կան վկա­յա­կան նո­ւա­ճած հե­ղի­նակ եւ գի­տաշ­խա­տող ­Լե­ւոն — ­Լէո­նի­տաս ­Տիլ­սի­զեան փորձ կը կա­տա­րէ լոյ­սին բե­րել յու­նա­հայ կեան­քի կա­րե­ւոր ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը, որ կ­՚ընդգր­կէ գա­ղու­թա­հայ պատ­մու­թեան յետ­մա­տե­րազ­մեան շրջա­նը, ­Պաղ պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ, որ տե­ւեց մին­չեւ ­Խորհր­դա­յին միու­թեան փլու­զու­մը 1991-ին։ Ա­ռա­ջին քա­նի մը տաս­նեակ է­ջե­րուն մէջ, ­Տիլ­սի­զեան նաեւ կը կա­տա­րէ յոյն պե­տու­թեան եւ հայ գաղ­թա­կան զան­գո­ւած­նե­րուն մի­ջեւ նա­խա­պա­տե­րազ­մեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն բնու­թագ­րու­մը։ ­Յա­ջոր­դա­բար, ան կը խօ­սի պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին հա­յու­թեան ի­րա­վի­ճա­կին մա­սին։
­Մե­ծա­ծա­ւալ հա­տո­րի գլխա­ւոր մա­սը պատ­մա­կան կա­րե­ւոր անդ­րա­դարձ կը կա­տա­րէ 1945-էն ետք ստեղ­ծուած կա­ցու­թեան շուրջ, որ յատ­կան­շո­ւե­ցաւ դէ­պի ­Հա­յաս­տան ներ­գաղ­թի եւ դէ­պի Ա­րեւ­մուտք ար­տա­գաղ­թի մեծ հո­սանք­նե­րով, ո­րոնք նոս­րա­ցու­ցին հա­յու­թեան վի­ճա­կագ­րա­կան պատ­կե­րը։ ­Հե­ղի­նա­կը կը ներ­կա­յաց­նէ մնա­ցորդ գա­ղու­թին ըն­կե­րա­յին, կրթա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան կեան­քը, յու­նա­կան հպա­տա­կու­թիւն ստա­նա­լու ջան­քե­րը, ինչ­պէս նաեւ ­Հայ­կա­կան հար­ցին հան­դէպ հել­լէն պե­տու­թեան պաշ­տօ­նա­կան ու ան­պաշ­տօն կե­ցո­ւածք­նե­րը։
­Տիլ­սի­զեա­նի աշ­խա­տու­թիւ­նը, որ յե­նո­ւած է բազ­մա­թիւ ար­խի­ւա­յին տո­ւեալ­նե­րու եւ փաս­տա­թուղ­թե­րու վրայ, կը փոր­ձէ ման­րա­մաս­նօ­րէն լու­սար­ձա­կի տակ առ­նել յոյն պե­տու­թեան վե­րա­բե­րու­մը յու­նա­հա­յու­թեան հան­դէպ՝ տար­բեր ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւած­նե­րու եւ ա­նոնց պատ­մա­քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ։ ­Սոյն աշ­խա­տու­թեան վեր­լու­ծում­նե­րու եւ աղ­բիւր­նե­րու գլխա­ւոր մա­սե­րէն ե­ղած է նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի ար­խի­ւը։ ­Կա­րե­ւոր այս գոր­ծը գի­տա­կան լոյս կը սփռէ ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը վրայ, ո­րուն դեր վե­րա­պա­հո­ւե­ցաւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի՝ մին­չեւ օրս եր­կա­րող դի­մա­գի­ծի կազ­մա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ։

«­Տուր­ղու­թի. հայ եւ յոյն գաղ­թա­կան­ներ, յի­շո­ղու­թիւն եւ պատ­մու­թին», (Δουργούτι, Αρμένιοι και Έλληνες πρόσφυγες, Μνήμη και Ιστορία), 355 էջ, հե­ղի­նակ՝ ­Փո­փի Ա­րա­փի­նի, «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թիւն, 2024։

­Գիրք մը եւս լոյս տե­սած է, որ անդ­րա­դարձ կը կա­տա­րէ յու­նա­հա­յու­թեան գաղ­թա­կա­նա­կան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն, հաս­նե­լով մին­չեւ Բ. աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տը։ Այս ան­գամ, գիր­քը իր լու­սար­ձակ­նե­րը կը սփռէ ­Տուր­ղու­թիի գաղ­թա­կա­յա­նին վրայ, ուր տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր հա­յեր եւ յոյ­ներ կազ­մե­ցին թի­թե­ղա­շէն նո­րաստեղծ քա­ղա­քի մը խօ­սուն պատ­մու­թիւ­նը իր մարդ­կա­յին, ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րա­յին կեան­քով։
Այ­սօր, թէեւ գո­յու­թիւն չու­նի հիւ­ղա­ւա­նը, ո՛չ ալ ա­նոր ա­նու­նը գոր­ծա­ծու­թեան մէջ է այ­լեւս, սա­կայն հա­յու­թեան կա­րե­ւոր հետ­քե­րը, ինչ­պէս նաեւ յոյն գաղ­թա­կան հո­սանք­նե­րուն այ­սօ­րո­ւան շա­ռա­ւիղ­նե­րը կու գան յի­շեց­նե­լու մեր գա­ղու­թի պատ­մա­կան շրջա­նի մը օ­րե­րը, ո­րոնք զրկան­քի, թշո­ւա­ռու­թեան, դի­մադ­րու­թեան եւ ող­բեր­գու­թեան տա­րի­նե­րուն մէ­ջէն, վառ պա­հե­ցին վե­րապ­րու­մի ճրա­գը, տո­կա­լու եւ ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու կամ­քով։
­Հե­ղի­նա­կը կը փոր­ձէ ու­րո­ւագ­ծել ­Տուր­ղու­թիի գաղ­թաշ­խար­հի ըն­կե­րա­յին եւ ազ­գագ­րա­կան պատ­կե­րը, տա­լով ա­ռօ­րեայ կեան­քը, ա­նոր մշա­կու­թա­յին եւ ըն­կե­րա­յին դի­մա­գի­ծը, ստեղ­ծա­գործ աշ­խա­տան­քի մթնո­լոր­տը եւ մօ­տա­կայ գոր­ծա­տու­նե­րու ու աշ­խա­տա­տե­ղի­նե­րու պայ­ման­նե­րը։ ­Գիր­քի լայն մա­սը նո­ւի­րո­ւած է գեր­մա­նա­կան բա­նակ­նե­րուն կող­մէ գրաւ­ման շրջա­նին եւ ա­նոնց դէմ դի­մադ­րա­կան շար­ժու­մին, որ ծա­ւա­լե­ցաւ ­Տուր­ղու­թիի սահ­ման­նե­րէն ներս, իր մէջ նե­րառ­նե­լով նաեւ շարք մը հա­յեր։ ­Յա­տուկ բա­ժին տրա­մադ­րո­ւած է ­Տուր­ղու­թիի շրջա­փա­կու­մին գեր­մա­նա­ցի­նե­րուն կող­մէ եւ մեծ թի­ւով ձեր­բա­կա­լո­ւած­նե­րու անխ­նայ ոչն­չա­ցու­մին։
­Պէտք է նշել, թէ թիւ մը նկար­ներ եւ փաս­տա­թուղ­թեր տեղ գտած են հրա­տա­րա­կու­թեան մէջ, ո­րոնք ցոյց կու տան հիւ­ղա­ւան­նե­րու վի­ճա­կը, հայ­կա­կան բազ­մե­րես կեան­քը եւ ա­ռօ­րեան։
­Շարք մը քար­տէս­ներ եւ ա­նո­ւա­նա­ցան­կեր կու գան ամ­բող­ջաց­նե­լու, այ­լեւս պատ­մու­թեան յի­շո­ղու­թեան ան­ցած, ­Տուր­ղու­թիի գաղ­թա­կա­յա­նի ներ­կա­յաց­ման նո­րա­տիպ աշ­խա­տու­թիւ­նը։

«­Կա­թիլ մը մեղր… հայ ժո­ղովր­դա­յին բա­նա­սի­րու­թե­նէն», (Μια σταγόνα μέλι… από την Αρμενική λαϊκή λογοτεχνία), 133 էջ, հե­ղի­նակ՝ ­Գո­ւին ­Մի­նա­սեան, «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թիւն, 2024։

1998-էն ետք, իր չոր­րորդ վե­րահ­րա­տա­րա­կու­թեան ար­ժա­նա­ցած գիր­քը հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­յին հե­քիաթ­նե­րու աշ­խար­հը կը բա­նայ մեր առ­ջեւ, որ փոք­րին ու մե­ծին աչ­քե­րուն մէջ կը բե­րէ հայ­րե­նի աշ­խար­հին հա­րա­զատ պատ­կեր­նե­րը՝ իր գու­նա­գեղ տե­սա­րան­նե­րով, հե­քիա­թա­յին հարս­տու­թեամբ ու նկա­րագ­րա­կան հա­րուստ շա­րո­ւած­քով։
­Գիր­քը ամ­բող­ջու­թեամբ կը տար­բե­րի վե­րը նշո­ւած քա­ղա­քա­կան եւ պատ­մա­կան վեր­լու­ծու­թիւն­նե­րէն։ Ան կը կազ­մէ հե­ղի­նա­կին թարգ­մա­նա­կան ա­ռա­ջին փոր­ձը, որ կա­տա­րուե­ցաւ մօտ 25 տա­րի ա­ռաջ եւ մին­չեւ այ­սօր կը պա­հէ իր հե­քիա­թա­յին քնքու­շու­թիւ­նը, հայ­կա­կան հո­ղին ու տոհ­միկ կեան­քին ե­ռան­դը։
­Թու­մա­նեա­նի «­Քաջ ­Նա­զար»-էն մին­չեւ «Աղ­թա­մարն» ու «Ա­րեգ­նա­զա­նը», Ա­րե­ւել­քի խորհր­դա­ւոր պատ­կեր­նե­րը կը միա­խառ­նո­ւին ժո­ղովր­դա­յին խօս­քին հետ, ցո­լաց­նե­լու հա­մար ա­րեւ­շատ հայ­կա­կան լեռ­նա­յին կեան­քը, գիւ­ղա­կան կեն­ցա­ղը եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի բա­նա­հիւ­սու­թեան անկրկ­նե­լի գան­ձե­րը։
­Գո­ւին ­Մի­նա­սեան, հա­ւա­տա­րիմ բնա­գի­րի խօս­քին, կա­րո­ղա­ցած է իր նուրբ նե­րաշ­խար­հի զգա­յուն ար­տա­յայտ­չա­կան ե­րանգ­նե­րով ո­չինչ պակ­սեց­նել հայ­կա­կան բնա­գի­րի ի­մաս­տէն ու ան­կէ բխող նկա­րագ­րում­նե­րու հարս­տու­թե­նէն։
Ար­դէն, իր չոր­րորդ հրա­տա­րա­կու­թեան ար­ժա­նա­ցած գիր­քը ցոյց կու տայ, թէ քա­նի մը ան­գամ սպա­ռած ըլ­լա­լով, մեծ ըն­դու­նե­լու­թիւն գտած է հայ եւ յոյն հա­սա­րա­կու­թեան կող­մէ։
Ա­մէն տա­րի­քի ըն­թեր­ցող­նե­րուն հա­մար խնամ­քով պատ­րաս­տո­ւած այս գիր­քը, գի­շե­րո­ւան խորհր­դա­ւո­րու­թեան մէջ, դէ­պի հայ­րե­նի աշ­խարհ ճամ­բոր­դող ե­րե­ւա­կա­յա­կան ա­րա­գաս­լաց գորգ մըն է։