«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը զօրակցի Արցախի մէջ Սարդարապատի շունչով հայոց հողը ու իրաւունքը պաշտպանող հերոսներուն» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 100ամեակի նախօրեակին՝ Կիրակի, 28 Մայիս 2017ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, տեղի ունեցաւ Հանրապետական Մաղթանք եւ հանդիսաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն Սարդարապատի ճա-կատամարտին իրենց կեանքը զոհաբերած քաջարի հերոսներու հոգիներու յիշատակին: Արարողութեանց հանդիսապետեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը:
Ս. Պատարագէն անմիջապէս ետք Վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Սարդարապատի հերոսամարտին եւ Վեհափառ Հայրապետին անուանակոչութեան զոյգ առիթներուն նուիրուած յատուկ հանդիսութիւն:
Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբան Հայրերուն ուղերձ կարդաց Գարեգին Վրդ. Շխրտմեան:
Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբին կատարողութեամբ հնչեցին Սարդարապատի հերոսամարտին նուիրուած ազգային ու հայրենասիրական երգեր, որոնցմէ են «Արեւ Ելաւ»ը, «Հիմի Էլ Լռենք»ը, «Սարդարապատ»ը ու այլ երգեր:
Երգեցողութեանց աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր հայրապետական պատգամը: Վեհափառը այս առիթով անդրադարձաւ Մայիս 28ին հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ունեցած անկիւնադարձային դէպքին, զայն բնորոշելով որպէս «հայ ժողովուրդի ազատագրութեան ու անկախութեան պայքարին ոգին մարմնացնող թուական»: Հայրապետը իր պատգամին մէջ որպէս տիպարներ այսօրուան մեր կեանքին ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երջանկայիշատակ կաթողիկոսներէն Գարեգին Ա. Յովսէփեան Կաթողիկոսը եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանը:
Վերոյիշեալ երկու հսկաներուն մասին խօսելով, Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ ընդգծեց. «Գարեգին Կաթողիկոս սովորական հոգեւորականի սահմաններէն դուրս գալով եւ ճշմարիտ հոգեւորականի ոգիով ու հաւատքով «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» մեր զինուորներուն, հերոսներուն ու մեր ժողովուրդին հետ եղաւ: Ան Սարդարապատի ճակատամարտին ոգի, հաւատք ու կամք ներարկեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ այսօր եւս նոյն ոգիով պէտք է առաջնորդուին մեր հոգեւորականները: Իսկ Արամ Մանուկեանը կը խոր- հըրդանշէ հայ ժողովուրդին հաւատքն ու ուժը:
Վեհափառը իր պատգամը աւարտեց՝ յիշելով մերօրեայ Սարդարապատեան ոգիով մղուող Արցախեան ճակատումները: «Մայիս 28ն այսօր եւս կը շարունակուի: Այսօր Արցախի մեր հերոս տղաքը Սարդարապատի ոգիով կը կռուին՝ ըսելով Արցախը մեզի կը պատկանի, Արցախի անկախութիւնը մեր ժողովուրդի իրաւունքն է եւ ո՛չ ոք կրնայ զայն մեզմէ խլել»: Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ «Կիլիկիա» մաղ- թերգով: