Հինգշաբթի՝ 7 Դեկտեմբեր 2017ի առաւօտեան ժամը 10։30էն սկսեալ, մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ աւանդատան մէջ, գլխաւորութեամբ շրջանիս հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանի եւ մասնակցութեամբ Տիկնաց Միութեան բոլոր անդամուհիներուն, պատրաստուեցաւ մաս եւ նշխար։
Այս առիթով, կը գնահատենք Տիկնաց Միութեան անդամուհիները եւ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն բարեբաստիկ առիթով կը մաղթենք առողջութիւն, յաջողութիւն եւ փափաքներու իրականացում։
Թող Աստուծոյ օրհնութիւնը ձեր եւ ձեր ընտանիքի անդամներուն վրայէն անպակաս ըլլայ։
«ՎԱՐՁՔԵՐՆԻԴ ԿԱՏԱՐ»
Մասի եւ նշխարի պատրաստութիւն Թեսաղոնիկէի մէջ
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով՝ մասի եւ նշխարի պատրաստութիւն Թեսաղոնիկէի մէջ