­Նա­խա­պատ­րաս­տա­կան կրթու­թիւ­նը ան­կաս­կած կրթու­թեան ան­բա­ժան ու հար­կա­ւոր մաս կը կազ­մէ, ­քան­զի այդ ըն­թաց­քին կը դրո­ւին մա­նուկ­նե­րուն կրթա­կան կեան­քի հի­մե­րը: Իւ­րա­քան­չիւր մար­դու հա­մար՝ ­Ման­կա­պար­տէ­զը ա­ռա­ջին ու կեն­սա­կան հանգրուանն է, ուր պի­տի ար­ձա­նագ­րէ դաս­տիա­րակ­չա­կան եւ հո­գե­շար­ժա­կան զար­գաց­ման իր ա­ռա­ջին քայ­լե­րը. կրթա­կան սկզբնա­կէ­տը՝ ո­րու ըն­թաց­քին պի­տի լու­սա­ւո­րո­ւի մա­նու­կին գու­նա­ւոր աշ­խար­հը եւ յու­շիկ-յու­շիկ պի­տի ծաղ­կի ու ներ­դաշ­նա­կու­թեամբ պի­տի թրծո­ւի ա­նոր միտ­քը, հո­գին ու նկա­րա­գի­րը. պի­տի մշա­կո­ւին ըն­կե­րա­յին ա­ռա­ջին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը՝ քաղցր յու­շե­րու կծիկ մը փաթ­թե­լով:
­Մեր հայ կրթօ­ճա­խին գե­րա­գոյն եւ նո­ւի­րա­կան ար­ժէ­քին ա­ռըն­թեռ՝ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ տեղ կը գրա­ւէ ­Ման­կա­պար­տէ­զի գու­նա­ւոր աշ­խար­հը:
­Ջերմ բոյն մը՝ որ զգա­լիօ­րէն մար­դա­կեր­տու­մի եւ հա­յա­կեր­տու­մի թա­փան­ցիկ սկզբնաղ­բիւրն է, ուր թի­րա­խա­ւո­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րը եւ նո­րա­ձեւ ման­կա­վար­ժա­կան կի­րար­կում­նե­րը  կ­՚ար­դիւ­նա­ւո­րեն հայ ­Ման­կա­պար­տէ­զին նպա­տա­կը: ­Նոր սե­րունդ պատ­րաս­տե­լու ճամ­բուն վրայ, մեր գոր­ծադ­րո­ւած հա­յա­բոյր ծրա­գիր­նե­րը, ո­րոնք ի մի­ջի այ­լոց կը մի­տին բազ­մա­կող­մա­նի զար­գա­ցում տալ, ա­ռի­թը կ­՚ըն­ծա­յեն մեր մատ­ղաշ հունձ­քին լե­զուն բա­նալ հա­յե­րէ­նով: ­Խաղ, լե­զու, երգ, ե­րաժշ­տու­թիւն, պատ­մու­թիւն, աշ­խար­հագրու­թիւն, գի­տա­կան յայտ­նա­բե­րում­ներ, թո­ւա­բա­նու­թիւն եւ ա­րուեստ ի­րա­րու շա­ղա­խո­ւած՝ փունջ մը կա­րե­ւոր գի­տե­լիք­ներ կը հրամց­նեն ե­րե­խա­նե­րուն, ո­րոնք ա­նուղ­ղա­կի ձե­ւով, բնա­կա­նօ­րէն ու հա­ճոյ­քով կը սե­փա­կա­նաց­նեն հա­յե­րէ­նը. Կ­՚ընդ­լայ­նեն ի­րենց հո­րի­զոն­նե­րը ու վե­րոգ­րեալ բո­լոր մի­ջոց­նե­րով այս մատ­ղաշ տա­րի­քէն սկսեալ կա­թիլ – ­կա­թիլ կը թաթ­խո­ւին հայ մշա­կոյ­թի եւ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու հա­րուստ աշ­խար­հին մէջ. ի­րենց ստա­ցած գի­տե­լիք­նե­րով մեր հայ­կա­կան տօ­նե­րուն շուրջ, ստեղ­ծա­գործ ո­գիով, պա­րով, խա­ղով ու ժպի­տով, ա­ռի­թը կ­՚ու­նե­նան մաս­նակ­ցե­լու զա­նա­զան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու: ­Յա­ճախ կը զգաց­նեն թէ հա­յե­րէ­նը շրջա­պա­տը յայտ­նա­բե­րե­լու մի­ջոց է եւ ո՛չ նպա­տակ: Իւ­րա­քան­չիւր օր ­Ման­կա­պար­տէ­զի եր­դի­քին տակ տար­բեր գոյն ստա­ցող օր մըն է:
Ե­րե­խա­նե­րու ան­ծայ­րա­ծիր ե­րե­ւա­կա­յու­թիւ­նը եւ ան­վերջ հե­տաքրք­րու­թիւ­նը, խա­ղի լե­զուն եւ ե­ռան­դը, դաս­տիա­րա­կին պատ­րաս­տա­կա­նու­թիւ­նը եւ նպա­տա­կաուղ­ղո­ւած դա­ստիա­րակ­չա­կան ծրա­գիր­նե­րը՝ ան­տա­րա­կո՛յս բա­րեն­պաստ այն մի­ջա­վայ­րը կը ստեղ­ծեն, որ­պէս­զի ա­մէն օր ծլում- ծաղ­կում մը ար­ձա­նագ­րո­ւի: Ա­պա­հով եւ սէ­րով շրջա­պա­տո­ւած ծաղ­կո­ցը, ուր կը թա­փան­ցէ հայ սա­նե­րու ե­ռան­դը հա­յե­րէ­նի զար­գաց­ման ըն­թաց­քին՝ լոյ­սի եւ յոյ­սի կան­թե­ղը վառ կը պա­հէ ու մոռց­նել կու տայ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող մեր աշ­խար­հաս­փիւռ դի­մագ­րա­ւո­ւած մար­տահ­րա­ւեր­նե­րը եւ խո­չըն­դոտ­նե­րը:
­Հա­յա­շունչ կրթօ­ճա­խին մէջ ծա­ռա­յե­լը ու ե­րե­խա­նե­րուն հետ աշ­խա­տի­լը պար­գեւ ու ա­ռողջ ապ­րե­կերպ մըն է: ­Հարկ է նշել թէ դաս­տիա­րա­կին դե­րը չի սահ­մա­նա­փա­կո­ւիր գի­տե­լիք­նե­րու պարզ փո­խան­ցու­մին մէջ, այլ խորհր­դա­կան, հա­մա­գոր­ծակ­ցող, գուր­գու­րա­ցող այն պատս­խա­նա­տու անձն է, որ ճիգ չի խնա­յեր ստեղ­ծե­լու նպաս­տա­ւոր այն պայ­ման­նե­րը, ուր ե­րե­խա­նե­րը պի­տի աշ­խա­տին ու գոր­ծակ­ցին՝ որ­պէս­զի զար­գա­նան ներ­դաշ­նակ մի­ջա­վայ­րի մը մէջ:

ԱՆԻ ԱԲԻԿԵԱՆ
­Վա­րիչ ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի
Հ.Կ.­­Խա­չի «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի
«­Հա­յաս­տան Ու­շագ­լեան» ման­կա­պար­տէզ­ի