Հինգշաբթի՝ 30 Յուլիսին, իր աչքերը փակեց Նիքէայի նախկին քաղաքապետ եւ հելլէն խորհրդարանի նախկին երեսփոխան Վերա Նիքոլաիտու, երկարատեւ հիւանդութենէ յետոյ։
Ծնած էր 1945ին եւ իր համալսարանական ուսումը ստացած էր Պուտափեշտի մէջ։ Երիտասարդ տարիքէն անդամակցեցաւ Յունաստանի համայնավար կուսակցութեան, որուն շարքերէն ներս ծաւալեց քաղաքական գործունէութիւն եւ ընտրուեցաւ կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի կազմին մէջ։
1978էն ետք, երեք անգամ ծառայեց որպէս Նիքէայի (Գոքինիա) փոխքաղաքապետ եւ 1991-1994 տարիներուն ստանձնեց քաղաքապետի պաշտօնը ։ Յաջորդաբար՝ 2004, 2007 եւ 2009 թուականներուն ընտրուեցաւ հելլէն խորհրդարանի պատգամաւոր եւ խորհրդարանի փոխ նախագահ։
Քաղաքապետական տարիներէն, Վերա Նիքոլաիտու հայասիրական զգացումներով մօտեցաւ Գոքինիոյ հայ համայնքին, իսկ իր քաղաքապետութեան օրով, «Զաւարեան» կեդրոնի շինութեան ծրագրումին, աշխատանքներուն եւ քաղաքապետութեան հետ դիւանակալական բոլոր խնդիրներուն օգտակար հանդիսացաւ եւ անհրաժեշտ դիւրութիւնները ընծայեց շինութեան յանձնախումբին։
2013ի Յուլիսին, «Զաւարեան» կեդրոնի շինութեան 20ամեակին առիթով կազմակերպուած երեկոյին, Վերա Նիքոլաիտու ներկայ եղաւ եւ անգամ մը եւս իր հայասիրական զգացումները փոխանցեց ելոյթի յայտագիրի ընթացքին։
Թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ՝ 31 Յուլիսին։ Գոքինիոյ հայ համայնքի անունով, ներկայ եղաւ Հ.Յ.Դ. Գոքինիոյ «Վարանդեան» կոմիտէի կողմէ ներկայացուցիչ մը։ Կոմիտէն ծաղկեպսակ եւս ուղարկեց Գոքինիոյ հայութեան անունով։