Ե­րէկ, 21 Ապ­րի­լին, ­Վա­տի­կա­նի մէջ մա­հա­ցաւ Հ­ռո­մի Ֆ­րան­չիս­կոս պա­պը` 88 տա­րե­կա­նին։ Ան հռո­մէա­կան կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ 266-րդ ­պապն էր։
Իր աշ­խար­հա­կան ա­նու­նը ե­ղած է ­Խոր­խէ ­Մա­րիօ ­Պեր­կո­լիօ եւ ծնած էր ­Պո­ւէ­նոս Այ­րես, ի­տա­լա­ցի գաղ­թա­կան ըն­տա­նի­քէ, եւ նա­խա­պէս աշ­խա­տած էր որ­պէս քի­միա­գի­տու­թեան մաս­նա­գէտ։
1969-ին ձեռ­նադ­րո­ւած էր քա­հա­նայ եւ 1973-1979 տա­րի­նե­րուն ղե­կա­վա­րած էր Ար­ժան­թի­նի ճե­զուիտ­նե­րու միա­բա­նու­թիւ­նը: 1998-ին նշա­նա­կո­ւած է ­Պուէ­նոս Այ­րե­սի ար­քե­պիս­կո­պոս: Ե­րեք տա­րի յե­տոյ Հ­ռո­մի պապ ­Յով­հան­նէս ­Պօ­ղոս Բ. ա­նոր կար­տի­նա­լի աս­տի­ճան շնոր­հած էր:
2013-ին, Հ­ռո­մի պապ ­Պե­նե­տիկ­տո­սի հրա­ժա­րա­կա­նէն յե­տոյ, ընտ­րո­ւե­լով Հ­ռո­մի պապ, ստա­ցաւ Ֆ­րան­չիս­կոս ա­նու­նը, ի պա­տիւ Ս. Ֆ­րան­չիս­կոս Ա­սի­զա­ցիին։
Հ­ռո­մէա­կան կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռաջ­նոր­դած ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծը յատ­կան­շո­ւե­ցաւ բա­րե­գոր­ծու­թեան, ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան եւ կեն­սո­լոր­տի պահ­պա­նու­թեան հա­մար տա­ծած յա­տուկ ու­շադրու­թեամբ:
Ան նաեւ խրա­խու­սեց միջկ­րօ­նա­կան երկ­խօ­սու­թիւ­նը եւ այլ քրիս­տո­նեայ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հետ սերտ կա­պե­րու պահ­պա­նու­մը։ ­Նաեւ ջան­քեր գոր­ծադ­րեց բա­րե­փո­խե­լու ­Վա­տի­կա­նի տնտե­սա­կան հա­մա­կար­գը եւ պայ­քար մղեց հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու կող­մէ են­թադ­րեալ սե­ռա­կան ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն դէմ։
­Սերտ կա­պեր պա­հեց ­Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ Ա­թոռ­նե­րուն հետ։ ­Հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. կա­թո­ղի­կո­սին հետ, իսկ յատ­կան­շա­կան ե­ղաւ ­Հա­յոց ցե­ղասպա­նու­թեան 100-ա­մեա­կին ա­ռի­թով մա­տու­ցած պա­տա­րա­գը ­Վա­տի­կա­նի մէջ, ներ­կա­յու­թեամբ ­Գա­րե­գին Բ. եւ Ա­րամ Ա. կա­թո­ղի­կոս­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ իր պատ­մա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տան։
Այս բո­լո­րով հան­դերձ, հայ ե­կե­ղեց­ւոյ ու­շադ­րու­թե­նէն անն­կատ չան­ցաւ վեր­ջերս Ատր­պէյ­ճա­նի եւ ­Վա­տի­կա­նի Գ­րի­գո­րեան հա­մալ­սա­րա­նին կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած ա­մօ­թա­լի հա­մա­ժո­ղո­վը, որ նպա­տակ ու­նէր խե­ղա­թիւ­րել Ար­ցա­խի հնա­մեայ պատ­մամշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը։ Օ­րին, ­Հայ ե­կե­ղեց­ւոյ նուի­րա­պե­տա­կան ա­թոռ­նե­րը պաշ­տօ­նա­պէս դա­տա­պար­տե­ցին ժո­ղո­վի կազ­մա­կեր­պու­մը։
­Կեան­քի վեր­ջին տա­րի­նե­րուն պա­պը դի­մագ­րա­ւեց շարք մը ա­ռող­ջա­կան խնդիր­ներ։ Այ­սու­հան­դերձ շա­րու­նա­կեց կա­տա­րել իր հո­վո­ւա­կան պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը եւ մի­ջազ­գա­յին այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը:
14 ­Փետ­րո­ւա­րին, Ֆ­րան­չիս­կոս պա­պը հի­ւան­դա­նոց մտաւ շնչա­ռա­կան բազ­մա­միկ­րո­պա­յին վա­րա­կով, որ վե­րա­ծո­ւե­ցաւ երկ­կող­մա­նի թո­քա­բոր­բի: ­Հի­ւան­դա­նո­ցէն դուրս գա­լով, կա­տա­րեց կարգ մը հան­րա­յին պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ, սա­կայն յայտ­նի էր իր ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կի վատ­թա­րա­ցու­մը։