Ճէնի Գասապեանի դառնաղէտ մահը

0
1386

Դառն կսկիծով իմացանք Գոմոթինի հայկական համայնքի ժրաջան եւ աշխուժ անդամներէն՝ Ճէնի Գասապեանի մահը արկածի հետեւանքով, որ պատահեցաւ Սիվոթայի մէջ, արձակուրդի ընթացքին։

Ճէնի Գասապեան հանրածանօթ անուն մը եղաւ Գոմոթինիի հայ համայնքի եւ շրջանի յունական իրականութեան համար։ Ան երկար տարիներով ատենապետուհին էր Գոմոթինիի հայ մշակութային միութեան ու իր կարեւոր ներդրումը ունեցած էր հայ մշակոյթի պահպահման եւ տարածման գործին մէջ քաղաքի հայութեան մօտ։

Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 11 Օգոստոս 2022-ի երեկոյեան, Ալեքսանտրուպոլսոյ «Ս. Կարապետ» եկեղեցւոյ մէջ եւ մարմինը պիտի ամփոփուի տեղւոյն հայկական գերեզմանատունը։

ԲԱԺՆԵԼ
Նախորդ յօդուածըԵր­կօ­րեայ պտոյտ
Յաջորդ յօդուածըԳՈՅԺ