Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան միու­թիւ­նը իր տաս­նա­մեակ­նե­րու եր­թին մէջ, դար­ձաւ հայ գի­տա­կից ու հայ­րե­նի­քով ո­գեշն­չո­ւած պա­տա­նի­նե­րու փա­ղան­գի ա­մէ­նէն հա­րա­զատ ու վա­ւե­րա­կան դարբ­նո­ցը։
Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ազ­գա­յին, գա­ղա­փա­րա­կան եւ յե­ղա­փո­խա­կան ի­տէալ­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ սնա­նած հա­րիւ­րա­ւոր պա­տա­նի­ներ ի­րենց ազ­գա­յին սնուն­դը ստա­ցան հո­գին ու միտ­քը կեր­տող այն­պի­սի մի­ջա­վայ­րի մը մէջ, շնոր­հիւ ի­րենց վա­րիչ­նե­րուն եւ Հ.Յ.Դ. պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րու ան­մի­ջա­կան խնամ­քին։ Ան­վերջ հաս­նող սե­րունդ­ներ, ո­րոնք ի­րենց նո­ւի­րու­մի եւ գի­տակ­ցու­թեան սկզբունք­նե­րը յա­ջոր­դա­բար ի սպաս դրին յու­նա­հայ գա­ղու­թի կազ­մա­կերպ կեան­քի ծաղ­կու­մին հա­մար, մէյ մէկ զի­նո­ւո­րը դառ­նա­լով հա­յա­պահ­պա­նու­թեան գոր­ծին եւ հայ­րե­նի­քին սե­ւե­ռե­լու գե­րա­գոյն պար­տա­կա­նու­թեան։
Ա­հա, այս հա­յա­բոյր մթնլոր­տին մէջ, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան միու­թիւ­նը նշեց իր «Օր»-ը, հա­մախմ­բե­լով տաս­նեակ պա­տա­նի­ներ, ե­րի­տա­սարդ­ներ, ծնող­ներ եւ հայ­րե­նա­կից­ներ, ­Շա­բաթ, 4 ­Հոկ­տեմ­բեր 2025-ի ե­րե­կո­յեան, ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բի «Ա­ւե­տի­քեան» սրա­հէն ներս։ ­Բարձր ներ­կա­յու­թեամբ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէին, Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. միու­թեան եւ կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, սրա­հը ո­ղո­ղո­ւե­ցաւ ա­մէն տա­րի­քի հայ­րե­նա­կից­նե­րով, նման մե­ղո­ւա­բե­թա­կի մը, ուր պա­տա­նե­կան խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը ներ­գոր­ծող ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծեց բո­լո­րին վրայ։
Օ­րո­ւան հան­դի­սա­վար ընկ. Ար­մէն Ա­ճէ­մեան բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց բո­լո­րին ա­պա գոր­ծադ­րու­թեան դրաւ ե­րե­կո­յի յայ­տա­գի­րը։
Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան ­Վա­րիչ մարմ­նոյ խօս­քը ներ­կա­յա­ցուց ընկ. ­Ժագ­լին Ա­ճե­մօղ­լու, որ կա­տա­րե­լով միու­թեան նպա­տակ­նե­րու ար­ժե­ւո­րու­մը եւ ա­նոնց իւ­րա­յա­տուկ ազ­դե­ցու­թիւ­նը հայ պա­տա­նիին վրայ, նշեց. «­Տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան նպա­տակ­նե­րը յստակ մնա­ցած են եւ կը փո­խան­ցո­ւին ժո­ղով­նե­րուն ու բա­նա­կում­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն։ Ան­շուշտ՝ սե­րուն­դէ սե­րունդ շատ բան կը փո­խո­ւի եւ մենք՝ վա­րիչ­ներս, պար­տա­ւոր ենք զա­նոնք հե­տե­ւիլ ու նկա­տի առ­նել։ ­Սա­կայն, մեր միու­թեան թի­րախ­ներն ու ար­ժէք­նե­րը՝ հա­յա­պահ­պա­նու­մը, հա­յա­խօ­սու­թիւ­նը, կար­գա­պա­հու­թիւ­նը, հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը, ըն­կե­րա­յին կա­պե­րու սեր­տա­ցու­մը հայ պա­տա­նի­նե­րուն մէջ մնա­յուն են: Այս­պէս, կը փոր­ձենք որ­պէս­զի չկոր­սո­ւի մեր կա­պը հա­յե­րէն լե­զո­ւին, հա­յոց պատ­մու­թեան, ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն եւ մշա­կոյ­թին հետ։
­Հայ­կա­կան ինք­նու­թիւ­նը կեն­դա­նի պա­հե­լը մեր ա­մե­նօ­րեայ ջանքն է։
Այս բո­լո­րը կը փոր­ձենք ի­րա­կա­նաց­նել ժո­ղով­նե­րու եւ տար­բեր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցով, ինչ­պէս՝ ար­շաւ­նե­րու եւ բա­նա­կում­նե­րու ըն­թաց­քին։ ­Հայ­կա­կան մթնո­լոր­տին մէջ պա­տա­նի­նե­րը կը մշա­կեն քա­ղա­քա­կան միտք եւ ըն­կե­րա­յին կա­պեր, կը դառ­նան հայ­րե­նա­սէր եւ հայ­կա­կան ինք­նու­թիւ­նը պաշտ­պա­նող ե­րի­տա­սարդ­ներ, վար­չու­թեան եւ խում­բի  պա­տաս­խա­նա­տու ան­դամ­ներ, ստանձ­նե­լով պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ, հասկ­նա­լով պա­տաս­խա­նա­տու ըլ­լա­լու կա­րե­ւո­րու­թիւնն ու ար­ժէ­քը՝ եւ այս­պէս զար­գաց­նե­լով կար­գա­պա­հու­թիւ­նը։
­Կը փա­փա­քինք պա­տա­նի­նե­րը ու­նե­նալ քննա­դա­տա­կան մտա­ծո­ղու­թիւն, մշա­կել սե­փա­կան կար­ծիք, հաս­նե­լով ի­րենց եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րուն։ Այս բո­լո­րը ու­ղե­ցոյց ու­նե­նա­լով, մեր միու­թիւ­նը կը դաս­տիա­րա­կէ պա­տա­նի­ներ, ո­րոնք պի­տի շա­րու­նա­կեն մեր գոր­ծը՝ ոչ միայն իբ­րեւ գա­ղու­թի ան­դամ­ներ, այ­լեւ միա­ժա­մա­նակ պի­տի դառ­նան պա­տաս­խա­նա­տու ան­ձեր»։ Ըն­կե­րու­հին նաեւ լայն անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց ա­մառ­նա­յին տա­րե­կան բա­նա­կու­մին մա­սին, նշե­լով հա­րա­զատ մթնո­լոր­տի ստեղ­ծու­մը, ո­րուն մէջ պա­տա­նի­նե­րը զար­գա­ցու­ցին ի­րենց մտա­յին եւ ըն­կե­րա­յին կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը։
­Բեմ բարձ­րա­ցաւ ընկ. ­Ծի­լա ­Թու­թու­շեան եւ ստա­ցաւ իր մաս­նակ­ցու­թեան վկա­յա­գի­րը Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի Ե­րիտ. Գ­րա­սեա­նեա­կի կազ­մա­կեր­պած ­Պա­տա­նե­կան միու­թիւն­նե­րու հայ­կա­կան գի­տե­լիք­նե­րու մրցոյ­թին։
­Յա­ջոր­դա­բար, օ­րո­ւան գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գի­րը դար­ձաւ բա­նա­կու­մի կեան­քին շուրջ։ ­Ներ­կա­յաց­ման նո­րա­ձե­ւու­թեամբ, պա­տա­նի­նե­րը ստեղ­ծե­ցին հե­ռա­տե­սի­լի լու­րե­րուն նմա­նող թա­տե­րա­խառն երկ­խօ­սու­թիւն մը, ուր մերթ ընդ մերթ պաս­տա­ռին վրայ կը տո­ղան­ցէին նկար­ներ ու տե­սա­նիւ­թեր բա­նա­կա­վայ­րի ա­ռօ­րեայ կեան­քէն ու ապ­րում­նե­րէն։ ­Պա­հու մը, բո­լոր պա­տա­նի­նե­րը բեմ բարձ­րա­ցան եւ մեկ­նա­բա­նե­ցին հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գեր, ի­րենց պա­տա­նե­կան ձայ­նե­րը տա­րա­ծե­լով ամ­բողջ սրա­հին մէջ, ներ­կա­նե­րու քա­ջա­լե­րան­քով եւս։ ­Յու­զիչ էր պա­հը երբ բարձր տա­րի­քի խում­բի եր­կու պա­տա­նի­ներ, ո­րոնք այս տա­րի Ե­րիտ. միու­թեան պի­տի ան­դա­մագ­րո­ւին, ար­տա­յայ­տո­ւե­ցան պա­տա­նե­կան գոր­ծու­նէու­թեան մէջ ի­րենց վա­յե­լած տա­րի­նե­րուն մա­սին։
­Հուսկ, բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան, որ յատ­կան­շա­կան բա­ռե­րով յայտ­նեց, թէ ինք եւս պա­տա­նի կը զգայ այս­պի­սի հա­յա­բոյր մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Սր­բա­զան հայ­րը կա­րե­ւո­րեց ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը, ա­նոր մէջ տես­նե­լով հո­գե­կան եւ ի­մա­ցա­կան ազ­գա­յին սնուն­դի կա­րե­ւո­րու­թիւնն ու մա­տու­ցու­մը։ ­Շեշ­տեց, թէ ­Պա­տա­նե­կա­նը հայ ինք­նու­թեան դարբ­նոց մըն է, ո­րուն մէջ կը շա­ղա­խուին գի­տա­կից եւ հայ­րե­նա­սէր ե­րի­տա­սարդ սե­րունդ­ներ։ Իր խօս­քի ա­ւար­տին, գնա­հա­տեց ծնող­նե­րը եւս, ո­րոնք ամ­բող­ջա­կան պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րեն ի­րեն զա­ւակ­նե­րը վստա­հե­լու ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան սնու­ցիչ մի­ջա­վայ­րին, որ­մէ քա­ղուած պտուղ­նե­րը մշտա­պէս տե­սա­նե­լի են հայ նոր սե­րուն­դին վրայ։
Ե­րե­կոն շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թեամբ եւ մտեր­միկ մթնո­լոր­տի մէջ, ա­պա տե­ղի ու­նե­ցաւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն զա­նա­զան նո­ւէր­նե­րով։

Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան «Ար­ձա­գանգ 2025» պար­բե­րա­թեր­թը

«­Պա­տա­նե­կա­նի Օր»-ո­ւան ե­լոյ­թին, ներ­կա­նե­րուն տրա­մադ­րո­ւե­ցաւ միու­թեան «Ար­ձա­գանգ» տպա­գիր պար­բե­րա­թեր­թը։ ­Տաս­նա­մեակ­նե­րու վրայ եր­կա­րող այս հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը ե­ղած է ան­ցեա­լի ու ներ­կա­յի պա­տա­նի­նե­րու ար­տա­յայ­տու­թեան բե­մը, ո­րուն մէջ յօ­դո­ւած­ներ, միտ­քեր եւ ապ­րում­ներ կը ցո­լաց­նեն պա­տա­նե­կան մտա­ծո­ղու­թեան նե­րաշ­խար­հը։ Այս ան­գամ եւս, խմբագ­րա­կա­նով, պա­տա­նի­նե­րու կող­մէ ստո­րագ­րո­ւած հա­յե­րէն գրու­թիւն­նե­րով, մտա­յին զար­գաց­ման գի­տե­լիք­նե­րով, հայ ա­զա­տագ­րա­կան կեան­քի դրո­ւագ­նե­րով, բա­նա­կու­մի կեան­քով եւ այլ նո­րա­ձե­ւու­թիւն­նե­րով, ըն­թեր­ցա­նու­թեան հա­ճե­լի եւ խնա­մո­ւած հրա­տա­րա­կու­թիւն մը լոյս աշ­խարհ ըն­ծա­յո­ւե­ցաւ, ո­րուն յա­րա­տե­ւու­թեան հա­մար անհ­րա­ժեշտ է մտա­ծել լրջօ­րէն։ ­Հա­մա­կար­գիչ­նե­րու եւ անձ­նա­կան հե­ռա­ձայ­նե­րու պաս­տառ­նե­րուն մէջ կլա­նուե­լու ժա­մա­նակ­նե­րուն, գրիչ շար­ժե­լու, հա­յե­րէն մտա­ծե­լու եւ գրե­լու նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, որ­պէս փոքր հրաշք, պէտք է զար­գաց­նել պա­տա­նիի նե­րաշ­խար­հին մէջ։
Կ­՚ար­ժէ գնա­հա­տել այս աշ­խա­տան­քը, վար­ձատ­րել ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան ­Վա­րիչ մարմ­նոյ ան­մի­ջա­կան հսկո­ղու­թինն ու գոր­ծի հա­մադ­րու­մը, եւ ար­ժե­ւո­րել իւ­րա­քան­չիւր պա­տա­նիի՝ հա­յե­րէն ոս­կեղ­նիկ լե­զո­ւով նոր սե­րուն­դի ապ­րում­ներն ու մտա­սե­ւե­ռում­նե­րը թուղ­թին յանձ­նե­լու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը։ ­Վարձ­քը կա­տար բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն։