­Քա­ղա­քա­կա­նա­ցած ե­րի­տա­սար­դու­թեան ինք­նու­թեան ամ­րապնդ­ման եւ գա­ղա­փա­րա­կան վե­րա­նո­րոգ­ման ա­ռիթ մը հան­դի­սա­ցաւ անց­նող շա­բա­թա­վեր­ջին գու­մա­րո­ւած Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան 77-րդ ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը։
­Շա­բաթ, 17 եւ ­Կի­րա­կի, 18 ­Հոկ­տեմ­բեր 2026-ին, ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բի «Ա­ւե­տի­քեան» սրա­հը դար­ձաւ հա­մախմբ­ման վայ­րը ­Ֆիք­սի, ­Գո­քի­նիոյ եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ե­րի­տա­սար­դա­կան խում­բե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, ո­րոնք խան­դա­վա­ռու­թեամբ եւ ի­րենց ա­ռա­քե­լու­թեան գի­տա­կից մօ­տե­ցու­մով նախ ար­ժե­ւո­րե­ցին անց­նող տա­րեշր­ջա­նի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ա­պա լու­սար­ձա­կի տակ ա­ռին նոր շրջա­նի ծրա­գիր­նե­րուն ու ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րուն հա­մա­պար­փակ դաշ­տը։
­Ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցան մօտ 25 ե­րի­տա­սարդ­ներ, ինչ­պէս նաեւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը եւ Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան Ընդ­հա­նուր ­Վա­րիչ ­Մարմ­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը։ ­Ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րուն հե­տե­ւե­ցաւ նաեւ «Ա­զատ Օր»-ը։
Ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, որ նշեց, թէ ­Միու­թեան 80-ա­մեայ պատ­մու­թիւ­նը ա­ռա­ւել յանձ­նա­ռու­թիւն կը դնէ յու­նա­հայ գա­ղա­փա­րա­կան ե­րի­տա­սար­դու­թեան ու­սե­րուն՝ շա­րու­նա­կե­լու իր ա­ռա­քե­լու­թեան ու­ղին, ի խնդիր հա­մազ­գա­յին եւ գա­ղու­թա­յին ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րու ի­րա­գործ­ման։ ­Նոյն ո­գիով եւ հայ մա­մու­լը ե­րի­տա­սար­դու­թեան քա­ղա­քա­կան միտ­քի զար­գաց­ման դարբ­նո­ցը դարձ­նե­լու կա­րե­ւո­րու­թեան շեշ­տադ­րու­մով հան­դէս ե­կաւ նաեւ «Ա­զատ Օր»-ի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը։
­Յա­ջոր­դա­բար, ըն­թեր­ցո­ւե­ցաւ ըն­թա­ցա­ւարտ ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան նիւ­թա­բա­րո­յա­կան տե­ղե­կա­գի­րը, ո­րուն մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւած էր ­Միու­թեան միա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան լայն պատ­կե­րը՝ իր քա­ղա­քա­կան, դաս­տիա­րակ­չա­կան, քա­րոզ­չա­կան, յա­րա­բե­րա­կան եւ ըն­կե­րա­յին ի­րա­գոր­ծում­նե­րով։
­Յա­տուկ շեշ­տադ­րու­մով նշո­ւե­ցան ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­գե­կոչ­ման ե­լոյթ­նե­րու շար­քին Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչակ­ման նո­ւի­րո­ւած յա­ջող ե­լոյ­թը։ ­Մաս­նա­ւոր անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Հայ դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րուն ե­րի­տա­սար­դու­թեան լիար­ժէք մաս­նակ­ցու­թեան, յու­նա­կան քա­ղա­քա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան ե­րի­տա­սար­դա­կան միա­ւոր­նե­րուն հետ գոր­ծակ­ցու­թեան, ինչ­պէս նաեւ պա­հան­ջա­տի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ընդ­լայն­ման։
­Տե­ղե­կա­գի­րին մէջ տեղ գտած էին նաեւ ­Ֆիք­սի «Դ­րօ», ­Գո­քի­նիոյ «­Փո­թո­րիկ» եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բե­րու գոր­ծու­նէու­թեան հա­մա­ռօտ տե­ղե­կագ­րե­րը, ո­րոնց ընդ­մէ­ջէն կա­րե­լի էր նշմա­րել իւ­րա­քան­չիւր խում­բի աշ­խա­տան­քին թափն ու տա­րո­ղու­թիւ­նը՝ ա­կումբ­նե­րէն ներս եւ տե­ղա­կան ըն­կե­րա­յին մի­ջա­վայ­րին մէջ։
­Նոյն ու­շադ­րու­թեամբ ժո­ղո­վը ծան­րա­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան վրայ՝ գնա­հա­տե­լով նո­րա­հաս սե­րուն­դի հա­մախմբ­ման եւ դաս­տիա­րա­կու­թեան աշ­խա­տան­քը, իբ­րեւ ա­պա­գա­յի գի­տա­կից ե­րի­տա­սարդ­նե­րու կազ­մա­ւոր­ման գրա­ւա­կան։ ­Մաս­նա­ւոր քննու­թեան նիւթ դար­ձաւ տա­րե­կան բա­նա­կու­մի յա­ջող ի­րա­գոր­ծու­մը եւ ա­նոր ստեղ­ծած խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը։
­Ժո­ղո­վի երկ­րորդ օ­րը ամ­բող­ջու­թեամբ նո­ւի­րո­ւե­ցաւ նոր տա­րեշր­ջա­նի բա­նա­ձե­ւե­րու մշա­կու­մին։ ­Միտ­քե­րու փո­խա­նակ­ման, քննար­կում­նե­րու եւ ա­ռա­ջարկ­նե­րու լայն հո­րի­զո­նի մը վրայ, մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը վեր­լու­ծե­ցին ­Միու­թեան կազ­մա­կեր­պա­կան հզօ­րաց­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը՝ շեշ­տե­լով հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան լայն շրջա­նակ­նե­րու ա­ռա­ւել ներգ­րաւ­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։
­Միա­ժա­մա­նակ, անհ­րա­ժեշտ ու­շադ­րու­թեամբ քննու­թեան ա­ռին գա­ղա­փա­րա­կան եւ քա­ղա­քա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան զար­գաց­ման ծրա­գիր­նե­րը։
­Հայ դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րուն վե­րա­բե­րող բա­ժի­նը ար­ժա­նա­ցաւ ման­րա­մասն քննարկ­ման՝ յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն ըն­ծա­յե­լով ար­դի հա­ղոր­դակ­ցա­կան մի­ջոց­նե­րու եւ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու ըն­ձե­ռած հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն՝ պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րը ե­րի­տա­սար­դու­թեան նոր շրջա­նակ­նե­րուն հասց­նե­լու եւ ա­նոր ազ­դե­ցու­թիւ­նը ընդ­լայ­նե­լու նպա­տա­կով։
­Ժո­ղո­վի շի­նիչ եւ ըն­կե­րա­յին մթնո­լոր­տը նպաս­տեց քննա­կան միտ­քե­րու զար­գաց­ման, քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թեան խո­րաց­ման եւ գա­ղա­փա­րա­կան հո­րի­զոն­նե­րու ընդ­լայն­ման։ Քն­նար­կում­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն ի յայտ ե­կան մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հա­մար­ձա­կու­թիւ­նը, նա­խա­ձեռ­նու­թեան ո­գին եւ աշ­խա­տան­քին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեամբ ու ան­վա­րան մօ­տե­նա­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը։ Այս յատ­կա­նիշ­նե­րը լա­ւա­տե­սու­թեան հիմք կը հան­դի­սա­նան եւ կը ցո­լաց­նեն Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն կազ­մա­ւոր­ման ըն­թաց­քը՝ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րով եւ գա­ղա­փա­րա­կան հա­մո­զում­նե­րով հա­րուստ մի­ջա­վայ­րի մը մէջ։
­Պատգ. ժո­ղո­վը իր աշ­խա­տանք­նե­րը ա­ւար­տեց՝ ընտ­րե­լով նոր ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան կազ­մը, որ կը բաղ­կա­նայ հե­տե­ւեալ ըն­կեր­նե­րէն՝ ­Սեր­ճիօ ­Ման­կո­յեան, ­Վահ­րամ ­Չա­քա­լեան, ­Գա­րէն ­Գաւ­լա­քեան, Է­լիզ ­Մա­քա­րո­վա, Ա­նի Ար­զու­մա­նեան, Օն­նիկ ­Պետ­րո­սեան եւ Ա­լեքս Ա­զա­լեան։