Շաբաթ՝ 7 եւ Կիրակի՝ 8 Հոկտեմբեր 2017ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան» սրահէն ներս, գումարուեցաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան գերագոյն Պատգամաւորական 69րդ Ժողովը:
Ներկայ էին միութեան երեք շրջաններէն՝ Ֆիքսի «Դրօ», Գոքինիոյ «Փոթորիկ» եւ Թեսաղոնիկէի «Սողոմոն Թեհլիրեան» խումբերէն ընտրուած պատգամաւորներ, խորհրդակցական ձայնով մասնակցողներ եւ հրաւիրեալներ:
Ժողովին կը մասնակցէր Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Յարութ Սերոբեան, Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Սերգօ Գույումճեան եւ շրջաններու Կոմիտէներու ներկայացուցիչները։
Ժողովին ներկայ էր նաեւ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմնոյ ներկայացուցիչ ընկ. Սարին Աւետիսեան:
Ժողովին բացումը կատարեց շրջանաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկ. Ռազմիկ Էրջէնեան։ Ապա՝ առժամեայ դիւանին կողմէ հաստատուեցաւ ժողովին օրինաւորութիւնը եւ յստակացաւ ներկաներու ցանկը:
Ժողովը անցաւ իր աշխատանքներուն՝ նախապէս ընտրելով ժողովի մնայուն դիւանը։ Նախագահներ ընտրուեցան ընկերներ Սերգօ Տէօքմէճեան եւ Սեւակ Գազարեան եւ քարտուղարուհիներ՝ ընկերուհիներ Նարօտ Շահինեան եւ Լուսի Եզեկիէլեան։
Բանաձեւի յանձնախումբ ընտրուեցան ընկերուհիներ Մարալ Ծերոնեան, Լոռի Գույումճեան եւ Անայիս Խտրեան։ Հաշուեքննիչ յանձնախումբ՝ ընկերուհի Լոռի Գրիգորեան եւ ընկերներ Արմէն Աճէմեան, Խաչիկ Մարուքեան:
Խօսք առաւ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Յարութ Սերոբեան՝ յաջողութիւն մաղթելով ժողովի աշխատանքներուն։ Ան ըսաւ, թէ Երիտասարդական Միութիւնը գաղութի ապագան է։ Նոր սերունդի աշխուժութիւնը, խանդավառութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը մղիչ ուժ են գաղութի գոյատեւման եւ յառաջդիմութեան։
Կեդրոնական Վարչութեան միամեայ տեղեկագրի քննարկում
Շրջանաւարտ Կեդրոնական Վարչութիւնը ընթերցեց իր միամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը։
Կեդրոնական Վարչութեան տեղեկագրէն ի յայտ եկաւ, թէ միութիւնը գործած է երեք խումբերով՝ Թեսաղոնիկէի «Սողոմոն Թեհլիրեան»ը, Ֆիքսի «Դրօ»ն, Գոքինիոյ «Փոթորիկ»ը։
Կեդրոնական վարչութիւնը, որ ընտրուած էր նախորդ Պատգամաւորական ժողովէն, կը բաղկանար ընկերներ՝ Ռազմիկ Էրջէնեանէ, Արման Գրիգորեանէ, Արմէն Աճէմեանէ, Վազգէն Սավուլեանէ եւ Արտաւազդ Սիմոնեանէ։
Տարուան ընթացքին կազմակերպուած են խումբերու հերթական եւ միջխմբային ժողովներ, ընկերային երեկոներ, արշաւներ, պարհաւաքոյթներ։
Արցախին եւ Սումկայթին նուիրուած նկարներու ցուցադրութիւն կազմակերպուած է Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ։
Ներկայ գտնուած է գաղութի միութեանց կազմակերպած ձեռնարկներուն եւ գործօն իր մասնակցութիւնը բերած է Ապրիլեան պահանջատիրութեան ցոյցերուն:
Կատարած է հոգեհանգիստ-ոգեկոչում Լիզպոնի հինգ տղոց յիշատակին:
Օգոստոսին տեղի ունեցած է Երիտասարդական Միութեան բանակում open-campը Խալքիտիքիի մէջ, Յունաստանի բոլոր հայ երիտասարդներուն համար։
Կեդրոնական Վարչութիւնը, ինչպէս նաեւ Խումբերու Վարչութիւնները եւ անդամները, ներկայ գտնուած են Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի, Կոմիտէներու, ուղեկից միութիւններու կազմակերպած տարբեր ձեռնարկներուն, ընդառաջած են իրենց ուղղուած բոլոր հրաւէրներուն:
Հետեւողութեամբ զբաղած է միութեան ելեկտրոնային էջով, որ լայն արձագանգ ունեցած է։
Կեդրոնական Վարչութեան տեղեկագրի ընթերցումը ամբողջանալէ ետք՝ երեք Խումբերու տեղեկագիրներու բաժինները ներկայացուեցան, ուրկէ կ’արտացոլար միութեան ընդհանուր պատկերը։
Ժողովին ներկայացուեցաւ նաեւ նիւթական հաշուեկշիռը։
Տեղեկագրի ընթերցումէն ետք, տեղի ունեցաւ միութեան գործունէութեան քննարկումը, ու ապա՝ ժողովը զբաղեցաւ օրակարգներու քննարկումով։ Կազմակերպչականի օրակարգին մէջ զրոյցներու նիւթ դարձան ժողովական կեանքը, դաստիարակչական շարքը, նոր անդամներու ներգրաւումը, արշաւներ-բանակումները, նիւթական գործունէութիւնը, Երիտասարդական եւ Պատանեկան Խումբերու ստեղծումը՝ Հիւսիսային Յունաստանի քաղաքներուն մէջ։
Հաստատուեցաւ անհրաժեշտութիւնը յարաբերութիւն ունենալու Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ Միջին Արեւելքի մէջ գործող Երիտասարդական Միութիւններուն հետ, Սքայփի միջոցաւ կապ հաստատելու եւ կարծիքներ փոխանակելու անոնց հետ: Հայ Դատ-քարոզչական օրակարգին մէջ, ընկերները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին աւելի շատ եւ տարբեր ձեռնարկներ կատարելու Ապրիլեան աշխատանքներու ծիրէն ներս։ Նաեւ որոշեցին՝ յունական համալսարաններու մէջ գրքոյքներ բաժնել՝ լայնօրէն ծանօթացնելու համար Հայ Դատը յոյն ուսանողներուն։ Շատ մեծ ծանրութիւն տրուեցաւ Արցախի հարցը ծանօթացնելու հանրութեան։ Նաեւ՝ առաջնահերթ մտահոգութիւն էր Արցախի ազատամարտիկներու եւ անոնց ընտանիքներուն օգնութիւն ապահովելու հարցը։ Առաջարկուեցաւ, որ հնարաւորութեան պարագային արիւնատուութիւն կազմակերպուի եւ արիւնի պահեստ ապահովել Արցախի ազատամարտիկներուն։ Նաեւ՝ դեղեր եւ կարեւոր իրեր հաւաքել, ղրկելու համար անոնց ընտանիքներուն։
Պատանեկան Միութիւն
Ժողովին ներկայ գտնուեցաւ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմինը: Ընթերցուեցաւ միութեան միամեայ տեղեկագիրը, ուր կը ներկայացուէին գործունէութեան հիմնական բաժինները:
Լայնօրէն քննարկուեցան Պատանեկան Միութեան հետ Երիտասարդականի առնչուող հարցերը՝ կարծիքներ յայտնելով եւ առաջարկներ կատարելով միու-թեան գործունէութեան վերաբերեալ։
Նոր Կեդրոնական Վարչութեան ընտրութիւն
Պատգամաւորական ժողովի երկու օրուան նիստերը ընթացան շատ առողջ եւ բեղմնաւոր մթնոլորտի մէջ՝ առաջարկութիւններով եւ քննարկումներով:
Աւարտին տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան նոր կազմի ընտրութիւնը.-
Ընտրուեցաւ հինգանդամ նոր կազմ եւ կազմեց իր դիւանը հետեւեալ ընկերներու մասնակցութեամբ.-
— Արմէն Աճէմեան (Յարութիւնի)՝ հերթապահ
— Լոռի Գույումճեան՝ քարտուղար
— Արմէն Աճէմեան (Հայկազունի)՝ գանձապահ
— Վազգէն Սավուլեան՝ խորհրդական
— Խաչիկ Մարուքեան՝ խորհրդական