Հ.Յ.Դ. Արցախի կառոյցը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան անկախութեան օրուան առիթով՝ Մայիս 28ին տօն կազմակերպած է

Հ.Յ.Դ. Արցախի Կ.Կ.ի անունով, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան օրուան կապակցութեամբ, ներկաներուն շնորհաւորած է Հ.Յ.Դ. Արցախի Կ.Կ.ի անդամ Վահրամ Բալաեան: «20րդ դարի սկզբներին այն ժամանակուայ սերունդը կատարեց այդ մեծագործութիւնը եւ այսօր, տարբեր հանգոյցներ ձեւաւորելով առաջ է շարժւում, ուստի համոզուած եմ, որ 21րդ դարը կը լինի հայ մարդու, հայ գործչի, հայութեան դարը»,- նշած է Վահրամ Բալաեան:
Դասախօսութեամբ հանդէս եկած է Լ.Ղ.Հ. Ա.Ժ. Դաշնակցութիւն խմբակցութեան անդամ Լեռնիկ Յովհաննիսեան: Բանախօսը իր խօսքին մէջ շեշտած է, որ Դաշնակցութիւնը կարողացաւ երկու եւ կէս տարուան ընթացքին իր ընկերվարական գաղափարները գործի դնել եւ երկիր կառուցել, որու շնորհիւ 600ամեայ ժամանակաշրջանի մէջ պետականութեան կորուստէն յետոյ ունեցանք պետականութիւն:
Այնուհետեւ Արցախի շրջանները ներկայացնող խումբերուն միջեւ կայացաւ ինտելեկտուալ (իմացական) խաղ, որու արդիւնքով յաղթող ճանչուեցաւ «Գարիկ Պետրոսեան» խումբը. մրցանակային 2րդ տեղը զբաղեցուց «Ա.Ե.Մ.», երրորդ տեղը՝ «Բեկոր»ը: Տօնը եզրափակուեցաւ հայրենասիրական, ազգագրական երգ ու պարով:
Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակման օրը, Ստեփանակերտի Բեկորի յուշարձանին մօտ, տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն: Հ.Յ.Դ. շարքերը համալրուեցան նորագիր երիտասարդներով:

Դաշնակցական երիտասարդները երդում տուին Դրոյի շիրիմին առջեւ

Մայիս 28ը մեծ շուքով ամէն տարի կը նշուի Ապարան քաղաքին մէջ: Սարդարապատ, Բաշ Ապարան, Ղարաքիլիսէ. յաղթանակներու այս շղթան պայմանաւորեց Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ծնունդը եւ հայերուն վերադարձուց յաղթանակի բերկրանքը: Տօնական միջոցառումներուն կողքին՝ առանձայատուկ էր քսանէ աւելի դաշնակցական երիտասարդներու երդումը: Անոնք հայրենիքը կեանքի գնով պաշտպանելու երդումը տուին Դրոյի՝ Դրաստամատ Կանայեանի շիրիմին առջեւ: Մայիսեան հերոսամարտի ժամանակ, որպէս բազմափորձ հրամանատար, Ապարանի ինքնապաշտպանութեան ռազմական գործողութիւնը մեծ զօրավարին վստահուած էր:
Նշենք որ, Հայաստանի հանրապետութեան հիմնադրման օրը՝ Մայիս 28ին, Արագածոտնի,Լոռիի,Գեղարքունիքի մէջ երդման արարողութիւններով Հ.Յ.Դ. շարքեր միացան 40 նորագիրներ: