Հ.Յ.Դ. մամլոյ դիւանէն կը հաղորդուի, թէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այսօր հանդիպումներ ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի Ընկերվարականներու եւ Ժողովրդավարներու Յառաջդիմական Դաշինք (Progressive Alliance of Socialists and Democrats) խմբակցութեան եւ Եւրոպական Ընկերվարական Կուսակցութեան ղեկավարութեան հետ։
Հ.Յ.Դ. պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Արմեն Ռուստամեան. պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Կիրոյ Մանոյեան եւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան։
Ընկերվարականներու արտաքին քաղաքականութեան հարցերու պատասխանատուներուն հետ
Առաջին հանդիպումը կայացաւ Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ Ընկերվարականներու եւ Ժողովրդավարներու խմբակցութեան ղեկավարներու հետ. կը մասնակցէին խմբակցութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով փոխ-նախագահ Վիքթոր Պոշթինարուն (Ռումանիա), Եւրոպական Խորհրդարանի արտաքին հարցերու յանձնախումբին մէջ խմբակցութեան համակարգող Քնութ Ֆլեքընշթայն (Գերմանիա) եւ Եւրոպական Ընկերվարական Կուսակցութեան ղեկավար, Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Սերգէյ Սթանիշեւ (Պուլկարիա)։ Եւրոպացիներուն փոխանցուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին զարգացումներու մասին Հ.Յ.Դ.ի գնահատականները եւ կեցուածքները. միասնաբար որոշումներ առնուեցան երկու խմբակցութիւններուն միջեւ 2016ի Յուլիս 6ին ստորագրուած համագործակցութեան համաձայնագրին հիման վրայ յառաջիկայ քայլերու մասին։
Կիագոմօ Ֆիլիպէքի հետ
Երկրորդ հանդիպումը կայացաւ Եւրոպական Ընկերվարական Կուսակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ, կազմակերպութեան միջազգային հարցերով գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Կիագոմօ Ֆիլիպէքի հետ։ Արծարծուեցան երկու կազմակերպութիւններու համագործակցութիւնը սերտացնելու եւ տարածաշրջանին մէջ համատեղ նախաձեռնութիւններով հանդէս գալու հնարաւորութիւնները։
1992ին հիմնուած Եւրոպական Ընկերվարական Կուսակցութիւնը (Ե.Ը.Կ. / PES)կը համախմբէ Եւրոպական 33 լիիրաւ անդամ ընկերվարական, ընկերվար-ժողովրդավար եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ։ Եւրոմիութեան անդամ կամ անդամութեան թեկնածու պետութիւններէ ունի 13 գործակից անդամ կուսակցութիւններ եւ այդ տարածաշրջանէն դուրս գտնուող երկիրներէ 12 դիտորդ կուսակցութիւններ։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ունի դիտորդ անդամի կարգավիճակ։ PESի լիիրաւ անդամ կուսակցութիւններէ ութ ներկայացուցիչներ մաս կը կազմեն Եւրոպական Յանձնաժողովին (Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմին), ներառեալ՝ Յանձնաժողովի փոխ-նախագահ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան և անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչՖետերիքա Մոկերինին:Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ, PESը միակ կուսակցութիւնն է, որ ունի Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր՝ 28 անդամ պետութիւններէն ընտրուած պատգամաւորներ, ընդհանուր՝ 190 պատգամաւոր, կազմելով Եւրոպական Խորհրդարանի երկրորդ մեծագոյն խմբակցութիւնը՝ Ընկերվարականներու եւ Ժողովրդավարներու Յառաջդիմական Դաշինքը։