Հ. Կ. Խ.-ի Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան ազգային միջնակարգ վարժարանի 2023-2024 ուսումնական տարեշրջանի ամփոփ տեղեկագիր

ՎԵՐԱՄՈՒՏ — 11 Սեպտեմբեր 2023

2023-2024 տա­րեշր­ջա­նի պաշ­տօ­նա­կան բա­ցումն ու ջրօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ 2023 ­­Սեպ­տեմ­բեր 11-ին հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ ­­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ՝ ­­Տէր ­­Գե­ղամ Արք. ­­Խա­չե­րեա­նի: ­­Ներ­կայ էին՝ ­­Տէր ­­Նա­րեկ քհնյ. ­­Շա­հի­նեան, Ազ­գա­յին ­­վար­չու­թեան, Հ.Կ.Խաչի Շր­ջա­նա­յին վ­ար­չու­թեան եւ Ու­սում­նա­կան ­­Խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ու ծնող­ներ:

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ ԹԻՒ

Ա. դա­սա­րան 18, Բ.՝ 20, Գ.՝ 14:
Ընդ­հա­նուր թիւ՝ 52 ա­շա­կերտ:
­­Նո­յեմ­բե­րին Ա. ­­կար­գէն ա­շա­կեր­տու­հի մը փո­խադ­րո­ւե­ցաւ այլ դպրոց, ըն­տա­նե­կան պատ­ճառ­նե­րով:

ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ԿԱԶՄ

­­Տա­րեշր­ջա­նի ա­ռա­ջին օ­րէն ու­սուց­չա­կան կազ­մը ներ­կա­յա­ցաւ ծա­ռա­յե­լու մեր դպրո­ցէն ներս ու բաղ­կա­ցաւ հե­տե­ւեալ­նե­րէն (այբ­բե­նա­կան կար­գով).
Էւս­տա­թիու Իոան­նիս՝ ու­սո­ղու­թեան ու­սու­ցիչ:
­­Կե­քաս Է­ւան­կե­լոս՝ անգ­լե­րէն լե­զո­ւի ու­սու­ցիչ:
­­Սափ­րի­չեան Ար­շա­լոյս ՝ տնօ­րէ­նու­հի եւ ու­սուց­չու­հի հա­յոց լե­զո­ւի, գրա­կա­նու­թեան եւ պատ­մու­թեան:
Վ­լա­խո­փու­լու Անտ­րո­նի­քի՝ յու­նաց լե­զո­ւի ու գրա­կա­նու­թեան եւ պատ­մու­թեան ու­սուց­չու­հի:
­­Տու­մաս ­­Թեո­տո­րոս՝ մարմ­նա­մար­զու­թեան ու­սու­ցիչ:
­­Փա­փաի­լիա ­­Նաւ­սի­քա՝ Ֆ­րան­սե­րէն լե­զո­ւի ու­սուց­չու­հի:
­­Փի­փե­րի­տու Է­լե­նի՝ ի­րա­գի­տու­թեան, տար­րա­լու­ծու­թեան, կեն­սա­բա­նու­թեան եւ աշ­խար­հագ­րու­թեան ու­սուց­չու­հի:
­­Քոլ­ցի­տա Ա­լեք­սանտ­րա՝ յու­նաց լե­զո­ւի ու գրա­կա­նու­թեան եւ պատ­մու­թեան ու­սուց­չու­հի:
­­Հոկ­տեմ­բե­րին կազ­մը ամ­բող­ջա­ցաւ տե­ղե­կա­գի­տու­թեան ու­սու­ցի­չով՝ ­պա­րոն ­­Մել­լիոս ­­Վա­սի­լիոս:
Ու­սուց­չա­կան կազ­մը մաս­նակ­ցե­ցաւ բազ­մա­թիւ դա­սըն­թաց­նե­րու, թէ՛ խմբո­վին, թէ՛ ան­հա­տա­պէս:
Ու­սուց­չա­կան կազ­մի ­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը տ­նօ­րէ­նու­թեան հետ ամ­բողջ տա­րեշր­ջա­նի ըն­թաց­քին ե­ղաւ ջերմ ու ար­դիւ­նա­ւէտ, միշտ ա­ռա­ջադ­րե­լով մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն բազ­մա­կող­մա­նի կրթու­թիւնն ու ա­նոնց հո­գեմ­տա­ւոր ա­ռողջ աճ­ման յար­մա­րա­գոյն պայ­ման­նե­րը ստեղ­ծե­լու հրա­մա­յա­կա­նը:
­­Մեր ­­նիս­տե­րու տո­մա­րին մէջ ան­ցու­ցած ենք 31 ա­տե­նագ­րա­յին ար­ձա­նագ­րու­թիւն:

2023-2024 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ
ԵՒ ԿՐԹԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿ

Ն­կա­տի առ­նե­լով Կր­թու­թեան ­­Նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ թե­լադ­րո­ւած ներ­քին ար­ժե­ւոր­ման ուղ­ղու­թիւն­նե­րը, տա­րեշր­ջա­նի սկիզ­բը ու­սուց­չա­կան կազմ եւ տ­նօ­րէ­նու­թիւն ճշդե­ցինք կրթա­կան թի­րախ­ներն ու ծրա­գիր­նե­րը, միշտ ի մտի ու­նե­նա­լով պա­տա­նի­նե­րուն տալ ար­դիա­կան մե­թոտ­նե­րով, բազ­մա­կող­մա­նի, բարձրո­րակ կրթու­թեան կող­քին, հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւն եւ ներշն­չել մարդ­կա­յին բարձր ար­ժէք­ներ. հայ­րե­նա­սի­րու­թիւն, նո­ւի­րո­ւա­ծու­թիւն, վեհ գա­ղա­փար­նե­րու հա­մար յա­րա­տեւ պայ­քար, բար­ձունք­նե­րու նո­ւա­ճում:
Հ­պարտ ենք ար­ձա­նագ­րե­լու, թէ այս տա­րի ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով հիմ­նե­ցինք յետ մի­ջօ­րեայ դաս­տիա­րակ­չա­կան խմբակ­ներ՝
Ա­ւան­դա­կան պա­րե­րու (­­Հինգ­շաբ­թի օ­րե­րը, ժա­մը 14:30-16:00)
Երգ­չա­խումբ (Ե­րեք­շաբ­թի օ­րե­րը, ժա­մը 14:30-16:00)
­­Թա­տե­րա­խումբ (Ուր­բաթ օ­րե­րը, ժա­մը 18:30-20:00)
«­­Մենք» ա­շա­կեր­տա­կան թեր­թի­կի խմբագ­րու­թեան (Ուր­բաթ օ­րե­րը, ժա­մը 18:30-20:00)
Շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րու (­­Շա­բաթ օ­րե­րը, ժա­մը 14:30-16:00)
­­Յոյն ու­սու­ցիչ­նե­րու հա­մար հա­յե­րէ­նի դա­սե­րու (­­Չո­րեք­շաբ­թի օ­րե­րը, ժա­մը 14:30-16:00)

­­Տա­րեշր­ջա­նի ա­ւար­տին մեր ա­շա­կեր­տու­թեան ու­սում­նա­կան վի­ճա­կը կ­‘ամ­փո­փո­ւի հե­տե­ւեալ կեր­պով.
­­Վե­րաքն­նե­լի՝ 5, ­­Մի­ջակ՝ 2, ­­Լաւ 21, ­­Շատ ­­Լաւ՝ 13, ­­Գե­րա­զանց՝ 9 ա­շա­կերտ:
­­Ծա­նօթ՝ ­­Վե­րոն­շեալ գնա­հա­տա­կան­նե­րը տրո­ւած են քսա­նի վրայ հե­տե­ւեալ հի­մուն­քով. ­­Մի­ջակ՝ 10-12,4. ­­Լաւ՝ 12,5-15,4. ­­Շատ ­­Լաւ՝ 15,5-18,4. ­­Գե­րա­զանց՝ 18,5-20:
Ու­րա­խու­թեամբ կը հրա­ւի­րենք հե­տե­ւեալ գե­րա­զանց ա­շա­կերտ­նե­րը յա­ջորդ տա­րեշր­ջա­նի յու­նաց Ազ­գա­յին տօ­նի՝ ­­Հոկ­տեմ­բեր 28-ի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան, որ­պէս­զի ստա­նան Կր­թու­թեան ­­նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ պար­գե­ւո­ւող վկա­յա­գիր­ներն ու մրցա­նակ­նե­րը.
Ա. ­­դա­սա­րա­նէն՝
­­Լու­լու­մա­րի Ա­նա­յիս
Բ. ­­դա­սա­րա­նէն՝
Ե­զե­կիէ­լեան Ա­րամ, ­­Լու­լու­մա­րիս Ան­տո­նիս, ­­Մար­տի­կեան Ալ­պեր, ­­Պար­ղու­տեան ­­Վա­նա, ­­Խա­չե­րեան ­­Կա­րէն
Գ. ­­դա­սա­րա­նէն՝
­­Գու­յում­ճեան ­­Նա­թա­լի, ­­Գար­ճեան Ա­րիս, ­­Գար­ճեան Ա­լեքս
Ն­շենք, թէ այս տա­րի ընտ­րո­ւե­ցանք Կրթա­կան ­­նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ մաս­նակ­ցե­լու ­­Միջ­նա­կարգ ­վար­ժա­րան­նե­րու Հա­մա­հել­լէ­նա­կան քն­նու­թիւն­նե­րուն:
­­Յա­ռա­ջա­տար ծրագ­րով մը դի­մած ենք մաս­նակ­ցե­լու եւ­րո­պա­կան Է­րազ­միւս նա­խա­գի­ծին:

ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐ

Ինչ­պէս ա­մէն տա­րի, մեր ­­վար­ժա­րա­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցան Ու­սո­ղու­թեան ըն­կե­րու­թեան «­­Թա­լիս» եւ «­­Պիւ­թա­կո­րաս» մրցոյթ­նե­րը, ո­րոնց մեր ա­շա­կերտ­նե­րը ան­գամ մը եւս բարձր գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նա­ցան:
Հ. Կ. Խաչի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան կող­մէ ա­ւան­դու­թիւն դար­ձած է Հ.Յ.Դ. ­­Պա­տա­նե­կան ­­միու­թեան բա­նա­կու­մի մաս­նակ­ցու­թեան մրցա­նա­կը, որ կը շնոր­հուի շրջա­նա­ւարտ­նե­րէն հա­յա­գի­տա­կան ա­ռար­կա­նե­րուն ա­մե­նաե­ռան­դուն ճի­գը թա­փող եւ լա­ւա­գոյն ար­դիւն­քը ներ­կա­յաց­նող ա­շա­կեր­տին: Այս տա­րի մրցա­նա­կին կ’ար­ժա­նա­նայ՝ ­­Գու­յում­ճեան ­­Նա­թա­լի:

ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ, ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ
ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը, ա­մէն տա­րո­ւան պէս, տա­րեշր­ջա­նի սկիզ­բը ընտ­րեց իր դա­սա­րա­նա­յին եւ դպրո­ցա­կան վար­չու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց մի­ջո­ցաւ ա­նոնք ա­ւե­լի աշ­խուժ մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րեն դպրո­ցի կեան­քէն ներս եւ գործ­նա­պէս կ’իւ­րաց­նեն ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան կա­նոն­նե­րը: Այս տա­րո­ւան դպրո­ցա­կան ա­շա­կեր­տա­կան վար­չու­թիւ­նը մեծ ճիգ թա­փեց ­­Հա­յաս­տան մեր այ­ցե­լու­թեան նա­խա­հա­շի­ւին կա­րե­ւոր ներդ­րում մը ցու­ցա­բե­րե­լու նպա­տա­կով, ինչ որ յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կո­ւե­ցաւ:
­­Սեպ­տեմ­բե­րին կազ­մա­կեր­պե­ցինք ներդպ­րո­ցա­կան մար­զա­կան խա­ղեր:
­­Յա­տուկ աշ­խա­տա­նո­ցի մը ընդ­մէ­ջէն մեր ա­շա­կերտ­նե­րը սոր­վե­ցան ինչ­պէս կա­րե­լի է բե­մա­կա­նաց­նել գրա­կան գործ մը, ստեղ­ծել թո­ւա­յին բե­մա­կան մի­ջա­վայր եւ ե­րաժշտու­թիւն եւ նկա­րա­հա­նել տե­սե­րիզ մը ա­մէ­նէն ար­դիա­կան մի­ջոց­նե­րով:
Այ­ցե­լե­ցինք ­­Պե­նա­քի թան­գա­րա­նը, ուր դի­տե­ցինք Aurora’s Sunrise վա­ւե­րագ­րա­կան շար­ժան­կա­րը:
­­Նոր ­­Տա­րո­ւան եւ Ս. Ծ­նուն­դի ա­ռի­թով, այ­ցե­լե­ցինք ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նա­տու­նը, ուր ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը ե­լոյթ ու­նե­ցաւ ազ­գա­յին եր­գե­րով ու պա­րե­րով:
Ազ­գա­յին եւ կրօ­նա­կան տօ­նե­րը նշե­ցինք պատ­շաճ ու ստեղ­ծա­գործ կեր­պով՝ ազ­գա­յին եւ ա­ւան­դա­կան եր­գե­րով ու պա­րե­րով, թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցում­նե­րով, գի­տե­լիք­նե­րու խա­ղե­րով եւ պատ­մա­կան աշ­խա­տու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցում­նե­րով:
­­Կազ­մա­կեր­պե­ցինք յա­ճա­խա­կի ա­շա­կեր­տա­կան տօ­նախմ­բու­թիւն­ներ եւ հայ­կա­կան խո­հա­նո­ցի ու ա­ւան­դա­կան եր­գի ու պա­րի աշ­խա­տա­նոց, մաս­նակ­ցու­թեամբ ա­շա­կեր­տու­թեան, ծնող­նե­րու եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մին: Այս ձեռ­նարկ­նե­րը հայ­կա­կան շուն­չով ու­րա­խու­թիւն կը ստեղ­ծեն դպրո­ցէն ներս:
Այս տա­րո­ւան մեր ա­շա­կերտ­նե­րու հե­տա­զօ­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը, ո­րոնց նիւթն էր ­­հայ­կա­կան Ս­փիւռ­քը եւ ա­նոր կա­ռոյ­ցը, ներ­կա­յա­ցո­ւած են մեր դպրո­ցի կայ­քէ­ջին մէջ:
Ա­ռի­թը ու­նե­ցանք այ­ցե­լե­լու Ա­զատ Օ­րի խմբագ­րա­տու­նը, ուր մեր նոր ա­շա­կերտ­նե­րը ծա­նօ­թա­ցան թեր­թի պատ­մու­թեան, տպագր­ման գոր­ծըն­թա­ցին: Ա­շա­կեր­տա­կան «­­Մենք» թեր­թի­կին հա­մար թղթակ­ցու­թիւն­ներ ու յօ­դո­ւած­ներ լոյս տե­սան եւ պի­տի տես­նեն յա­ռա­ջի­կա­յին:
­­Բա­րե­կեն­դա­նին ա­ւան­դա­կան խա­ղեր կազ­մա­կեր­պե­ցինք ու խա­ղա­ցինք մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ: Ըստ ա­ւան­դու­թեան, ա­շա­կերտ­նե­րը այդ օր «դա­տե­ցին» ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րը:
­­Մեր երգ­չա­խում­բը մաս­նակ­ցե­ցաւ Սրբոց ­­Վար­դա­նանց տօ­նա­կա­տա­րու­թեան եր­գե­ցո­ղու­թեան:
«­­Ցիք­նո­փեմբ­թի»ն ­վե­րա­ծե­ցինք «­­Հայ­կա­կան խո­րո­վա­ծի օր»-ո­ւան, ա­ւան­դա­կան խո­րո­վա­ծով, երգ ու պա­րով:
­­Զատ­կո­ւան նա­խօ­րէին շի­նիչ աշ­խա­տա­նոց մը կազ­մա­կեր­պե­ցինք ­­Տէր ­­Նա­րեկ քհնյ. ­­Շա­հի­նեա­նին հետ:
­­Յատ­կա­պէս զարկ տո­ւինք մեր պա­տա­նի­նե­րու ըն­կե­րա­յին զգայ­նու­թեան եւ մարդ­կա­յին հա­մե­րաշ­խու­թեան: Այս­պի­սով.
­­Մեր դպրո­ցին մէջ առ­ցանց աշ­խա­տա­նոց մը կազ­մա­կեր­պե­ցինք Kids save lives ծրագ­րի ծի­րէն ներս: Ա­շա­կերտ­ներ եւ ու­սու­ցիչ­ներ իւ­րա­ցու­ցինք նախ­նա­կան օգ­նու­թեան հիմ­նա­կան գի­տե­լիք­ներ:
­­Կազ­մա­կեր­պե­ցինք «­­Կեն­դա­նա­սի­րու­թեան օր»-ը, ո­րու ըն­թաց­քին ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յաց­նե­լով բո­լորս ի­րա­զեկ դար­ձու­ցին կեն­դա­նի­նե­րու լուրջ հար­ցե­րուն:
Ամ­բողջ տա­րեշր­ջա­նի ըն­թաց­քին հա­ւա­քե­ցինք կեր­պըն­կա­լէ շի­շե­րու կա­փա­րիչ­ներ, եւ զա­նոնք նո­ւի­րե­ցինք ան­դա­մա­լոյծ­նե­րու «Ի­լիախ­թի­տա» կազ­մա­կեր­պու­թեան, որ­պէս­զի սայ­լակ­ներ գնո­ւին:
­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով ո­գե­կո­չա­կան ձեռ­նարկ­նե­րուն եւ բո­ղո­քի ցոյ­ցին ներ­կայ ե­ղանք, վե­րա­հաս­տա­տե­լով մեր սրբա­զան ուխ­տը՝ պայ­քա­րե­լու մին­չեւ վերջ­նա­կան յաղ­թա­նակ:
­­Դաս­տիա­րակ­չա­կան այ­ցե­լու­թիւն­ներ կա­տա­րե­ցինք ­­Յու­նաս­տա­նի ազ­գա­յին գ­րա­դա­րան, ­­Փի­րէա­յի քա­ղա­քա­պե­տա­կան թատ­րոն, ­­Կորն­թո­սի բնա­գի­տա­կան կեդ­րոն եւ Է­լեւ­սի­նա­յի հնա­գի­տա­կան վայ­րը, ուր մեր Գ. ­­կար­գի ա­շա­կերտ­նե­րը ու­ղե­կի­ցի դե­րը ստանձ­նե­լով վայ­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին մնա­ցեալ ա­շա­կեր­տու­թեան եւ ­­Խայ­տա­րիի 8-րդ ­­միջ­նա­կար­գի Գ. ­­կար­գի ա­շա­կերտ­նե­րուն:
Այս տա­րի եւս Ա­թէն­քի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի «Ա­թի­նա Պ­րո­մա­խոս» հո­գե­կան կա­խո­ւա­ծու­թիւն­նե­րու կան­խար­գել­ման կեդ­րո­նի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լով, մշա­կե­ցինք յա­տուկ կրթա­կան ծրա­գիր, ո­րու նպա­տակն էր կան­խել հա­ւա­նա­կան ժխտա­կան մօ­տե­ցում­նե­րը եւ ամ­րապն­դել մեր դպրո­ցի ներ­դաշ­նակ ու ա­պա­հով կրթա­կան մի­ջա­վայ­րը: Ծ­րա­գի­րը ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ շա­բա­թա­կան դա­սա­րա­նա­յին հան­դի­պում­նե­րով ­­Փետ­րո­ւար եւ ­­Մարտ ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին: Ա­ւար­տին, տ­նօ­րէ­նու­թիւ­նը, ու­սուց­չա­կան կազ­մը եւ պա­տաս­խա­նա­տու հո­գե­բան՝ տի­կին Վ­լու­թող­լուն հա­մա­տեղ խորհր­դակ­ցե­լով, ստեղ­ծե­ցինք ներդպ­րո­ցա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան կան­խար­գել­ման եւ դի­մագ­րաւ­ման յա­տուկ ար­ձա­նագ­րու­թիւն:
Բ­նա­պահ­պա­նա­կան (որ­թա­տուն­կի), մշա­կու­թա­յին (Ս­փիւռ­քի քա­ղաք­նե­րու), այ­լեւ մեր դպրո­ցա­կան եւ ար­հես­տա­գի­տա­կան կողմ­նո­րոշ­ման ծրա­գիր­նե­րու ծի­րէն ներս, կազ­մա­կեր­պե­ցինք եւ ի­րա­գոր­ծե­ցինք դաս­տիա­րակ­չա­կան ե­ռօ­րեայ պտոյտ մը դէ­պի ­­Սի­րոս, ուր բա­ցա­ռիկ ա­ռի­թը ու­նե­ցանք տե­սակ­ցե­լու էր­մու­պո­լի­սի քա­ղա­քա­պե­տին, ծա­նօ­թա­նա­լու քա­ղա­քա­պե­տու­թեան եւ Հ.Յ.Դ. ­­Հայ ­­դա­տի ­­յանձ­նա­խում­բի բազ­մա­մեայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան: ­­Բա­ցա­ռա­բար այ­ցե­լե­ցինք նախ­կին որ­բա­նո­ցը ­­Նիար Իսթ ­­Րի­լիֆ ­­Կազ­մա­կեր­պու­թեան, որ ներ­կա­յիս զօ­րա­նոց է: ­­Սի­րո­սի մէջ այ­ցե­լե­ցինք նաեւ ­­Յու­նաս­տա­նի երկ­րորդ մե­ծա­գոյն նա­ւե­րու շի­նու­թեան եւ նո­րոգ­ման գոր­ծա­րա­նը եւ ­­Փա­րա­քո­փիի այ­գի­ներն ու գի­նե­գոր­ծա­րա­նը:
­­Մեր դպրո­ցի բա­կին մէջ տե­ղադրուե­ցաւ հրա­շա­լի մո­լո­րա­կա­ցոյց մը: ­­Մեր ա­շա­կերտ­նե­րը ա­ռի­թը ու­նե­ցան անջրպե­տի մա­սին ի­րենց գի­տե­լիք­նե­րը հարստացնե­լու:
­­Նա­խակր­թա­րան­նե­րու ա­ւար­տա­կան­նե­րուն հա­մար կազ­մա­կեր­պե­ցինք ծա­նօ­թաց­ման օր, ո­րու ըն­թաց­քին մեր զոյգ ­­նա­խակր­թա­րան­նե­րու վե­ցե­րորդ դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մէջ, ծա­նօ­թա­ցան մեր շէն­քա­յին հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն, կրթա­կան ծրա­գիր­նե­րուն եւ ա­ռի­թը ու­նե­ցան ա՛լ ա­ւե­լի սեր­տաց­նե­լու ի­րենց բա­րե­կա­մա­կան կա­պե­րը: ­­Կազ­մա­կեր­պե­ցինք նաեւ Հ.Կ.Խ.-ի ­­Զա­ւա­րեան նա­խակր­թա­րա­նի ա­ւար­տա­կան­նե­րու ծնող­նե­րուն հա­մար, ծա­նօ­թաց­ման, զե­կու­ցա­կան հան­դի­պում մը, գոր­ծակ­ցե­լով դպրո­ցի տ­նօ­րէ­նու­թեան հետ:
­­Կազ­մա­կեր­պե­ցինք հա­ճե­լի պտոյտ­ներ դէ­պի մեր մօ­տիկ ­­Նէա Զ­միռ­նիի հրա­պա­րա­կը եւ Ս­թաւ­րոս ­­Նիար­խոս ­­հաս­տա­տու­թեան զբօ­սայ­գի­նե­րը:
Այս տա­րի եւս մեր ա­ւար­տա­կան­նե­րուն հա­մար կազ­մա­կեր­պե­ցինք դպրո­ցա­կան եւ ար­հես­տա­գի­տա­կան կողմ­նո­րոշ­ման դա­սըն­թաց աշ­խա­տա­նոց, զոր վա­րեց մաս­նա­գի­տա­ցած յատ­կա­պէս հրա­ւի­րուած հո­գե­բան մը:
­­Մեր ա­շա­կերտ­նե­րը դար­ձան մեր հնա­մեայ մշա­կոյ­թի դես­պան­ներ: ­­Մեր սրա­հին մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցինք ­­Խայ­տա­րիի 8-րդ ­­միջ­նա­կարգ ­­վար­ժա­րա­նի Գ. կար­գը: ­­Մեր Գ. կար­գի ա­շա­կերտ­նե­րը ու­րա­խու­թեամբ ներ­կա­յա­ցու­ցին ի­րենց աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը մեր պատ­մու­թեան ու հա­րուստ մշա­կոյ­թի մա­սին եւ ի­րենց յոյն տա­րե­կից­նե­րուն հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան եր­գեր ու պա­րեր սոր­վե­ցու­ցին: Եր­կու դպրոց­նե­րու մի­ջեւ ստեղ­ծո­ւե­ցան ջերմ բա­րե­կա­մա­կան կա­պեր:
Քն­նու­թիւն­նե­րէն ա­ռաջ վեր­ջին օ­րը բո­լորս միա­սին զո­ւար­ճա­ցանք ­­Վար­դա­վա­ռի ջրա­խա­ղով:

ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ

­­Մեր ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­նե­րուն հետ ան­մի­ջա­կան, յա­ճա­խա­կի եւ սի­րա­լիր ու շի­նիչ կապ հաս­տա­տե­ցինք, թէ՛ մօ­տէն, թէ՛ էլ. նա­մա­կագ­րու­թեան եւ հե­ռա­ձայ­նի մի­ջո­ցաւ: ­­Միշտ հա­մա­խոր­հուրդ գոր­ծե­ցինք, ի խնդիր մեր պա­տա­նի­նե­րու լա­ւա­գոյն աճ­ման:
Սր­բա­զան ­­հօր եւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան հետ մեր կա­պե­րը ե­ղան յար­գա­լից, իսկ Ու­սում­նա­կան եւ Տն­տե­սա­կան ­խոր­հուրդ­նե­րուն հետ՝ ան­մի­ջա­կան ու գործ­նա­կան:
­­Սի­րա­լիր եւ շի­նիչ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցանք Հ.Կ.Խ.-ի Շր­ջա­նա­յին եւ տեղ­ւոյն ­­վար­չու­թիւն­նե­րուն հետ:
­­Սեր­տօ­րէն ­գոր­ծակ­ցե­ցանք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ ­­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին եւ տեղ­ւոյն ­վար­չու­թիւն­նե­րուն հետ:
Ու­րա­խու­թիւ­նը ու­նե­ցանք ­գոր­ծակ­ցե­լու Ու­սում­նա­կան ­­խոր­հուր­դին կող­մէ հրա­ւի­րո­ւած պատ­մա­բան եւ կրթա­կան մշակ տի­կին ­­Գո­հար ­­Գան­տա­հա­րեա­նին հետ: ­­Միաս­նա­բար քննար­կե­ցինք ­­Հա­յոց պատ­մու­թեան դա­սա­ւանդ­ման կերպն ու ծնող­նե­րու հա­մար յա­տուկ ծրա­գիր­նե­րու մշա­կու­մը:
­­Վար­ժա­րա­նէն ներս հիւ­րըն­կա­լե­լով Ե­րե­ւա­նի ­­Ման­կա­վար­ժա­կան ­­հա­մալսա­րա­նի ­­պատ­մու­թեան բա­ժի­նի վա­րիչ պա­րոն ­­Խա­չա­տուր Ս­տե­փա­նեա­նը եւ իր գոր­ծա­կից Էդ­գար ­­Յով­հան­նի­սեա­նը, ամ­րապն­դե­ցինք մեր ­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը քննե­լով ­­Հա­յոց պատ­մու­թեան դա­սա­ւանդ­ման կերպն ու ըն­թաց­քը:
­­Ծա­նօ­թա­ցանք եւ ան­կեղծ բա­րե­կա­մա­կան կապ ստեղ­ծե­ցինք ճար­տա­րա­պետ եւ նկա­րիչ պա­րոն Է­ւան­կե­լոս ­­Ծի­մո­փու­լո­սին հետ, որ դպրո­ցին նո­ւի­րեց Ար­ցա­խին նո­ւի­րո­ւած բա­ցա­ռիկ գե­ղան­կար մը:
Շր­ջա­նի Կր­թու­թեան տ­նօ­րէ­նու­թեան հետ հա­մադ­րած ենք մեր կրթա­կան աշ­խա­տան­քը: ­­Հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած ենք տ­նօ­րէ­նին եւ մեր ­վար­ժա­րա­նը հսկող բո­լոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ, ամ­րապն­դե­լով ար­դէն իսկ գո­յա­ցած փո­խա­դարձ յար­գանքն ու ­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը:
Ս­տա­ցո­ւած ու ա­ռա­քո­ւած նա­մակ­ներ, հրա­ւէր­ներ, հաս­տա­տագ­րեր եւ այլ բնոյ­թի փաս­տա­թուղ­թեր պա­հած ենք է­լեկտ­րո­նա­յին ար­խի­ւով, ինչ­պէս թե­լադ­րո­ւած է:

ԾՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

­­Տա­րեշր­ջա­նի սկիզ­բը Ծ­նո­ղա­կան ­­միու­թիւ­նը ընտ­րեց իր ­­վար­չու­թիւ­նը, որ բաղ­կա­ցաւ հե­տե­ւեալ ան­դամ­նե­րէն.
Ա­նե­թա Ն­շա­նեան, ­­Վե­րո­նիկ ­­Գո­նեա­լեան, ­­Թա­մար ­­Յո­վա­կի­մեան, ­­Սո­նա Գ­րի­գո­րեան, ­­Յով­սէփ ­­Թու­թու­շեան:
­­Վար­չու­թիւ­նը ա­մէն ջանք թա­փեց, որ­պէս­զի գո­հացնէ ­վար­ժա­րա­նի կա­րիք­նե­րը: ­­Մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ե­ղան միշտ սի­րա­լիր եւ ­գոր­ծակ­ցու­թեան ո­գիով սահ­մա­նո­ւած: ­­Տա­րեշր­ջա­նի սկիզ­բը կա­տա­րեց խմբա­յին ա­պա­հո­վագ­րու­թիւն ա­շա­կեր­տու­թեան հա­մար: ­­Կազ­մա­կեր­պեց թատ­րո­նի ե­րե­կոյ: ­­Նոր ­­Տա­րո­ւան ար­ձա­կուր­դէն ետք ա­ւան­դա­կան գա­թա­ներ ու նո­ւէր­ներ տրա­մադ­րեց ա­շա­կերտ­նե­րուն:
­­Սեպ­տեմ­բեր մէ­կին մեր սի­րե­լի պաշ­տօ­նա­կի­ցի՝ մեր դպրո­ցի նախ­կին եւ Լ. Եւ Ս. ­­Յա­կո­բեան ­­վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նի՝ ­­Բաբ­գէն ­­Գա­սա­պեա­նի ար­կա­ծը եւ ա­միս­ներ ետք ա­նոր կո­րուս­տը ցնցե­ցին մեր կրթա­կան ըն­տա­նի­քը: ­­Պա­տո­ւե­լով ա­նոր յի­շա­տա­կը, մեր եւ Լ. եւ ­­Սո­ֆիա ­­Յա­կո­բեան ­վար­ժա­րա­նի տ­նօ­րէ­նու­թեան եւ զոյգ Ծ­նո­ղա­կան ­­միու­թեանց ­գոր­ծակ­ցու­թեամբ, մեր գրա­դա­րա­նը պի­տի վե­րա­նո­րո­գո­ւի եւ ա­նո­ւա­նա­կո­չո­ւի «­­Բաբ­գէն ­­Գա­սա­պեան գրա­դա­րան»:

ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄ

­­Մեր ­­վար­ժա­րա­նի ա­մա­վեր­ջի հան­դէսն ու վկա­յա­կա­նաց բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­­Չո­րեք­շաբ­թի, 26 ­­Յու­նիս 2024-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 21.00-ին, մեր բա­կին մէջ:
­­Ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան մեր ա­շա­կերտ­նե­րու կրթա­կան ծրա­գիր­նե­րու աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը, եր­գեր, պա­րեր ու բե­մա­կա­նա­ցո­ւած ա­ւան­դազ­րոյց­ներ ու ա­ւան­դու­թիւն­ներ:

ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Այս տա­րի եւս մեր ­­վար­ժա­րա­նը սեր­տօ­րէն գոր­ծակ­ցե­լով մեր ծնող­նե­րուն, Հ.Կ.Խ.-ի Շր­ջա­նա­յին ­վար­չու­թեան, Ու­սում­նա­կան եւ Տն­տե­սա­կան խոր­հուրդ­նե­րուն հետ կա­րո­ղա­ցանք կազ­մա­կեր­պել եւ ի­րա­կա­նաց­նել եօթ­նօ­րեայ ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն դէ­պի ­­Մայր ­­Հայ­րե­նիք՝ ­­Հա­յաս­տան 30 ­­Յու­նիսէն մին­չեւ 8 ­­Յու­լիս 2024: Այս մէ­կը կա­րե­լի ե­ղաւ ի­րա­գոր­ծել շնոր­հիւ Տն­տե­սա­կան ­խոր­հուր­դի եւ Հ.Կ.Խ.-ի յատ­կա­ցում­նե­րուն, ան­հատ­նե­րու նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րու, ծնող­նե­րու ներդ­րու­մին եւ մեր ա­շա­կերտ­նե­րու աշ­խուժ գոր­ծու­նէու­թեան:
Ուխ­տագ­նա­ցու­թեան ծրա­գիրը կը պա­րու­նա­կէր հե­տե­ւեալ այ­ցե­լու­թիւն­ներն ու հան­դի­պում­նե­րը.
­­Խոր ­­Վի­րապ, ­­Գէորգ ­­Չա­ւու­շի ար­ձան, ­­Նո­րա­վանք, Ա­րե­նիի քա­րան­ձաւ, ­­Չա­րեն­ցի ­­Կա­մար, ­­Գառ­նիի հե­թա­նո­սա­կան տա­ճար, ­­Գե­ղար­դի վանք, «­­Քա­րե­րի սիմ­ֆո­նիա», ­­Մա­տե­նա­դա­րան, ­­Գա­ֆես­ճեան ա­րո­ւես­տի կեդ­րոն, Ա­րամ ­­Մա­նու­կեա­նի ար­ձան, «­­Յա­ռաջ» Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի կեդ­րոն, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն Ո­ւի­քի­փե­տիա­յի տնօ­րէ­նու­հիին հետ հան­դի­պում, Ազ­գա­յին ­­պատ­կե­րաս­րահ, Է­րե­բու­նի եւ Ե­րե­ւա­նի գնաց­քի կա­յա­րան, ­­Սա­սուն­ցի ­­Դա­ւի­թի ար­ձան, Ե­րե­ւա­նի օ­փե­րա­յին մէջ դի­տե­ցինք Ա­րամ ­­Խա­չա­տու­րեա­նի «Ս­պար­տակ» պա­լէն, ­­Սե­ւա­նայ լիճ, ­­Սե­ւա­նայ վանք, ­­Դի­լի­ջան, ­­Հա­ղար­ձին վանք, ­­Պարզ լիճ, ­­Վեր­նի­սաժ եւ ­­Վար­դան ­­Մա­մի­կո­նեա­նի ար­ձան, Էջ­միա­ծին եւ Օ­շա­կա­նի ­­Սուրբ ­­Մես­րոպ ե­կե­ղե­ցին: Օր վե­ցե­րորդ՝ մեր յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցե­ցինք ­­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի ան­մար բո­ցին առջեւ ու այ­ցե­լե­ցինք ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րա­նը: Այ­ցե­լե­ցինք ­­Սար­դա­րա­պա­տի յու­շա­հա­մա­լի­րը եւ ­­Պատ­մու­թեան ու ազ­գագ­րու­թեան թան­գա­րա­նը, ­­Գիւմ­րի քա­ղա­քը, ­­Գիւմ­րիի մայր ­­Հա­յաս­տա­նը եւ ­­Սեւ ամ­րո­ցը, «Ա­կունք» պե­տա­կան ա­ւան­դա­կան եր­գի-պա­րի հրա­շա­լի ներ­կա­յա­ցու­մը: ­­Վար­դա­վա­ռի տօ­նախմբու­թիւն­նե­րուն ներ­կայ ե­ղանք, ­­Սահ­մա­նադ­րու­թեան օ­րը նշե­ցինք Ե­րե­ւա­նի մէջ: ­­Վեր­ջին գի­շե­րը այ­ցե­լե­ցինք ­­Մայր ­­Հա­յաս­տա­նի արձանը՝ հրա­ժեշտ առ­նե­լու եւ կրկին վե­րա­դառ­նա­լու ուխտ կա­տա­րե­լու: ­­Յի­շա­տակ­նե­րով ու զգա­ցում­նե­րով լից­քա­ւո­րո­ւած՝ վե­րա­դար­ձանք ­­Յու­նաս­տան:

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ

­­Պարտք կը զգանք ան­գամ մը եւս հրա­պա­րա­կաւ մեր շնոր­հա­կա­լու­թեան եւ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան խօս­քը ուղ­ղել Սր­բա­զան ­­հօր, Հ.Կ.Խ.-ին, Ու­սում­նա­կան եւ Տն­տե­սա­կան ­­խոր­հուրդ­նե­րուն, մեր կող­քին կանգ­նած սի­րե­լի Հ.Մ.Ը.Մ.-ին եւ ­­Հա­մազ­գա­յի­նին, մեր սի­րե­լի ծնող­նե­րուն եւ Ծ­նո­ղա­կան ­միու­թեան ­­վար­չու­թեան, Լ. եւ Ս. ­­Յա­կո­բեան եւ ­­Զա­ւա­րեան նա­խակր­թա­րան­նե­րու տնօ­րէն­նե­րուն, ան­վե­րա­պահ ­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն ­­Հայ ­­Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ, ա­մա­վեր­ջի հան­դէ­սին հա­մար լու­սար­ձա­կին սի­րա­յօ­ժար տրա­մադ­րու­թեան հա­մար: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նենք ­­Նու­միլ ըն­կե­րու­թեան, տի­կին­ներ Ա­լիս ­­Ֆու­րուն­ճեան, Է­լե­նա Ա­ւա­նե­սեան, ­­Հայ­կա­նուշ Ա­դա­մեան, պա­րոն­ներ ­­Րաֆ­ֆի ­­Տե­միր­ճեան, ­­Լիւտ­վիկ ­­Զա­տի­կեան, ­­Քոս­թաս ­­Փեթ­րու, ­­Վի­գէն ­­Մի­նա­սեան, Գ­րի­գոր ­­Մի­նա­սեան, ­­Յով­հան­նէս ­­Թէր­զեան, ­­Սեր­գօ ­­Մով­սէ­սեան,­ Լու­լու­մա­րի, ­­Թո­քաթ­լեան, ­­Մա­սո­յեան ­­Պար­ղու­տեան, ­­Գար­ճեան եւ ­­Գա­սա­պեան ըն­տա­նիք­նե­րուն ա­նոնց կա­մա­ւոր աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ ա­ռա­տա­ձեռն նուի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րուն հա­մար: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն մեր դպրո­ցի մայ­րի­կին՝ տի­կին Ա­նի ­­Քէօշ­կէ­րեա­նին, մեր վա­րորդ­նե­րուն եւ ու­ղեկ­ցող տի­կին­նե­րուն:
­­Յա­տուկ շնոր­հա­կա­լա­կան խօսք կ’ուղ­ղենք մեր ու­սու­ցիչ­նե­րուն, ո­րոնք ան­սա­կարկ նո­ւի­րու­մով կը ծա­ռա­յեն այս դպրո­ցէն ներս:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն բո­լո՛ր ա­նոնց, ո­րոնք հա­ւատ­քով սա­տա­րե­ցին մեր ­վար­ժա­րա­նի յա­ջող գոր­ծու­նէու­թեան:

ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՏԳԱՄ ՄԵՐ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ

­­Սի­րե­լի՛ աղ­ջիկ­ներ եւ տղաք,
­­Դուք հրա­ժեշտ կ­’առ­նէք մայ­րե­նի լե­զո­ւի օր­րա­նէն՝ ­­Հայ դպրո­ցէն, ամ­բա­րած ըլ­լա­լով այն թան­կա­գին պա­շա­րը, որ ձեր ան­ցա­գի­րը պի­տի հան­դի­սա­նայ ա­մէն ան­գամ որ պի­տի ու­զէք սլա­նալ դէ­պի ա­մե­նա­հե­ռա­ւոր հո­րի­զոն­նե­րը:
­­Ձեր առ­ջեւ կը բա­ցո­ւի ամ­բողջ աշ­խար­հը, իր մի­լիո­նա­ւոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով: Ա­մէն վայր­կեան դուք պի­տի կո­չո­ւիք ընտ­րե­լու ձեր ու­ղին, ձեր իղ­ձե­րու ի­րա­կա­նաց­ման եւ եր­ջան­կու­թեան գա­գա­թը նո­ւա­ճե­լու հա­մար: ­­Սա­կայն կը գի­տակ­ցիք, թէ մարդ, իբ­րեւ ըն­կե­րա­յին էակ, իր անձ­նա­կան փա­փաք­նե­րուն կող­քին, անհ­րա­ժեշտ է աշ­խա­տի նաեւ իր հա­ւա­քա­կա­նու­թեա՛ն բա­րօ­րու­թեան հա­մար: ­­Մեր հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը մեր ազգն է սի­րե­լի­ներ. աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թիւ­նը, զոր դուք ու­սում­նա­սի­րե­ցիք այս տա­րի եւ ո­րուն մէկ մաս­նիկն ենք բո­լորս անխ­տիր:
Ու­րեմն, ինչ­պէս ծի­ծեռ­նա­կը կը վե­րա­դառ­նայ մի՛շտ իր բոյ­նը, դուք ալ սի­րե­լի­ներ հա­սէք շա՜տ հե­ռու­նե­րը, բայց վե­րա­դար­ձէք միշտ ­­հա­յու­թեան տա­քուկ բոյ­նը՝ դպրո­ցը, ա­կում­բը, ե­կե­ղե­ցին, ­­հայ­րե­նի­քը, յի­շե­լով մեր մեծ բա­նաս­տեղ­ծի՝ Ե­ղի­շէ ­­Չա­րեն­ցի պատ­գա­մը՝ «Ո՛վ հայ ժո­ղո­վուրդ, քո միակ փրկու­թիւ­նը քո հա­ւա­քա­կան ու­ժի մէջ է»:
­­Դուք այս­քան տա­րի ուս ու­սի տո­ւած, ա­ռիւ­ծի նման պա­րե­ցիք:
­­Մի՛շտ պա­րե­ցէք:
­­Պա­րե­ցէ՛ք, մին­չեւ մեր պա­րը ­­Մա­սիս լե­րան լան­ջին պա­րենք:

Տ­նօ­րէ­նու­թիւն