Հ.Կ.Խաչի «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» ազգային վարժարան. «Արթին Գա­լուստեան» մանկապարտէզի վարիչ մանկապարտիզպանուհի Վիքթորիա Մաղաքեանի խօս­քը

0
137

Ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջան մը եւս իր ա­ւար­տին կը հաս­նի վկա­յա­կան­նե­րու բաշխ­ման հան­դի­սու­թեամբ, որ ու­րա­խու­թեամբ ներ­կա­յա­ցու­ցին մե­զի, «Ար­թին ­Գա­լուս­տեան» ­ման­կա­պար­տէ­զի եւ «Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» վար­ժա­րա­նի նա­խակր­թա­րա­նի մեր սի­րե­լի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը:
6-րդ ­դա­սա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը վեց տա­րի ա­ռաջ, Ծա­ղիկ դա­սա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն տե­ղը գտնո­ւե­լով, ի­րենց ա­ռա­ջին վկա­յա­կա­նը ստա­ցան, ինչ­պէս այ­սօր մեր սի­րե­լի փոք­րիկ­նե­րը:
Ա­ռա­ջին ան­գամ ման­կա­պար­տէզ ե­կող ե­րե­խա­նե­րը ի­րենց մտեր­միկ ու տա­քուկ տու­նը ձգե­լով կը յա­ճա­խեն հայ դպրո­ցը որ գրկա­բաց կ­՛ըն­դու­նի զի­րենց:
­Հայ դպրո­ցը իր ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րով, իր ո­րա­կով, իր ա­պա­հով, ըն­տա­նե­կան ու ջերմ մի­ջա­վայ­րով եւ իր ըն­ծա­յած բարձ­րո­րակ կրթու­թիւ­նով հայ մա­նու­կին «երկ­րորդ տուն»ն­ է:
Ս­փիւռ­քի մէջ հայ դպրո­ցին հիմ­նա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րէն մէ­կը դաս­տիա­րակ­չա­կան գոր­ծի ար­դիւ­նա­ւո­րումն է: Այս ուղ­ղու­թեամբ, նոր ու ժա­մա­նա­կա­կից ման­կա­վար­ժա­կան մօ­տե­ցում­նե­րով եւ ծրա­գիր­նե­րով, հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման, լե­զուն իր ամ­բող­ջու­թեամբ ընդգր­կո­ւած է իբ­րեւ ապ­րող, շնչող, ինք­զինք զար­գաց­նող, աշ­խար­հին հետ զու­գա­հեռ յա­ռա­ջա­ցող մի­ջոց, որ­պէս­զի ա­շա­կերտ­նե­րը հա­րուստ ու հպարտ զգան ի­րենց եր­կու լե­զու­նե­րով ու ա­նոնց զու­գա­հեռ զար­գա­ցու­մով:
­Ման­կա­պար­տէ­զին մէջ ամ­բողջ տա­րուան ըն­թաց­քին մշա­կե­ցինք զա­նա­զան դաս­տիա­րակ­չա­կան ծրա­գիր­ներ թէ հա­յե­րէ­նով, թէ յու­նա­րէ­նով, զա­նա­զան նիւ­թե­րու շուրջ ինչ­պէս՝
-մեր մար­մի­նը — ա­ռող­ջա­պա­հու­թիւն
-այ­լա­զա­նու­թիւն
— մա­նուկ­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րը
-զգա­ցում­նե­րը
-բնու­թիւն ու բնա­պահ­պա­նու­թիւն
-կեն­դա­նի­նե­րը
-տիե­զեր­քը եւ մո­լո­րակ­նե­րը
— գիր­քեր ու ըն­թեր­ցա­սի­րու­թիւն
­Հա­յե­րէ­նի ու յու­նա­րէ­նի կող­քին ներ­կայ էր անգ­լե­րէն լե­զո­ւի ու­սու­ցու­մը:
­Հա­մա­գոր­ծակ­ցե­ցանք Գ. դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ ու­սուց­չու­հի­նե­րուն հետ ­Կա­ղան­դի եւ բռնու­թեան դէմ մեր կա­տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րու ըն­թաց­քին:
­Կազ­մա­կեր­պե­ցինք Զատ­կո­ւան տօ­նա­կան աշ­խա­տա­նոց ու «բաց դռնե­րու» օր, ուր բո­լորս միա­սին՝ ծնողք, փոք­րեր ու յա­ջորդ տա­րեշր­ջա­նի ա­շա­կերտ­ներ ա­ռի­թը ու­նե­ցանք հա­ճե­լի ու ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան պա­հեր ապ­րե­լու ու ըն­տե­լա­նա­լու ման­կա­պար­տէ­զի ջերմ մի­ջա­վայ­րին:
­Նաեւ, գի­տակ­ցե­լով թէ խա­ղը ե­րե­խա­յին ճա­նա­չո­ղա­կան եւ ըն­կե­րա­յին զար­գաց­ման հիմ­նա­կան յատ­կա­նիշն է ա­րեւմտա­հա­յե­րէն լե­զուն խա­ղի եւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան մի­ջոց դար­ձաւ: Ս­տեղ­ծո­ւե­ցաւ մթնո­լոր­տը որ­պէս­զի ե­րե­խա­նե­րը հա­յե­րէ­նը սի­րեն ու ի­րենց տե­սան­կիւ­նէն դի­տո­ւած, աշ­խար­հը ծա­նօ­թա­նան եւ ի­րենց ապ­րած ի­րա­վի­ճակ­նե­րը հասկ­նան:
­Ման­կա­պար­տէ­զին մէջ կի­րար­կո­ւած Ա­նա­հիտ ­Սար­գի­սեա­նի՝ «­Բա­րեւ ա­րեւ» ծրագ­րին շնոր­հիւ խա­ղը, եր­գը, լե­զուն, մշա­կոյ­թը, պատ­մու­թիւ­նը եւ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը բո­լո­րը միա­սին կ’ամ­բող­ջացնեն ու կը կազ­մա­ւո­րեն փոք­րիկ­նե­րուն գի­տե­լիք­նե­րու աշ­խար­հը:
«Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը մաս­նակ­ցե­ցաւ զա­նա­զան դաս­տիա­րակ­չա­կան ծրա­գիր­նե­րու, դաս­տիա­րակ­չա­կան այ­ցե­լու­թիւն­ներ կա­տա­րեց եւ իր աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ բո­լոր դպրո­ցա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն, նշե­լով բո­լոր թէ՛ հայ­կա­կան, թէ յու­նա­կան տօ­նե­րը:
Այ­ցե­լու­թիւն­ներ կա­տա­րե­ցինք եւ բախ­տը ու­նե­ցանք այ­ցե­լու­թիւն­ներ ըն­դու­նե­լու մեր դպրո­ցին մէջ:
Կա­ղան­դի շրջա­նին այ­ցե­լե­ցինք ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նա­տու­նը, ուր մեր ա­շա­կեր­նե­րը եր­գե­ցին ու պա­րե­ցին եւ վայ­լե­ցին դես­պա­նին՝ պա­րոն ­Տիգ­րան Մկրտ­չեա­նի ջերմ հիւ­րա­սի­րու­թիւ­նը: Այ­ցե­լե­ցինք նաեւ «Ա­զատ Օր»-ի խմբագ­րա­տու­նը, որ նշեց իր 80-ա­մեա­կը: Իւ­րա­յա­տուկ փոր­ձա­ռու­թիւն պատ­ճա­ռեց պա­րոն Եոան­նիս ­Փա­փա­նի­քո­լաու հա­մա­հել­լե­նա­կան եւ պալ­քա­նա­կան խա­ղե­րու մրցա­նա­կա­կի­րի եւ պա­րոն ­Գոս­տաս ­Բու­լոս, պա­րոն ­Գոս­տաս Ս­տո­ֆո­րոս եւ տի­կին ­Մա­րի­նա Եօ­թի հե­ղի­նակ­նե­րուն այ­ցե­լու­թիւ­նը:
­Նաեւ, մեր դպրո­ցը այ­ցե­լե­ցին կոյ­րեր ու­ղեկ­ցող շու­նե­րու «­Լա­րա» ա­նու­նով խում­բը, «­Զա­մո­մի­նիա» նո­ւա­գա­խում­բը եւ մո­լո­րա­կա­ցոյ­ցը: ­Մեր դպրո­ցին մէջ տե­ղի ու­նե­ցան սե­մի­նար­ներ պատ­մա­բան եւ կրթական մշակ տի­կին ­Գո­հար ­Գան­տա­հա­րեա­նի կող­մէ, ման­կա­վարժ տի­կին ­Ռա­նիա ­Գա­բա­րա­լիո­թի եւ գրա­գէտ ու ման­կա­վարժ տի­կին Ան­կե­լի­քի ­Մաստ­րո­մի­խա­լա­քիի կող­մէ:
Այս տա­րի, մեր ա­շա­կերտ­նե­րը ա­ռի­թը ու­նե­ցան հե­տե­ւե­լու պա­րի եւ նկար­չու­թեան աշ­խա­տա­նոց­նե­րուն, որ տե­ղի ու­նե­ցան շա­բա­թա­կան յա­ճա­խա­կա­նու­թեամբ: Այս եր­կու աշ­խա­տա­նոց­նե­րուն ար­դիւնք­նե­րը կրնաք վա­յե­լել այ­սօր: Պա­րե­րը որ պա­րե­ցին նա­խակր­թա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը պզտիկ նմուշ մըն են ձեռք ձգած աշ­խա­տան­քին, որ կը կա­տա­րո­ւի պա­րի աշ­խա­տա­նո­ցի ըն­թաց­քին տի­կին ­Զօի ­Փա­փաեոան­նի­տո­ւի ղե­կա­վա­րու­թեամբ:
Նոյն­պէս, նկար­չու­թեան աշ­խա­տա­նո­ցի մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն ի­րա­գոր­ծած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը տի­կին ­Մա­րիա ­Տի­մա­քիի ղե­կա­վա­րու­թեամբ եւ տի­կին ­Նա­զիկ ­Ճա­մու­զեա­նի օ­ժան­դա­կու­թեամբ կրնաք վա­յե­լել մեր պատ­րաստած ցու­ցա­հան­դէ­սին, որ տե­ղի կ’ու­նե­նայ ման­կա­պար­տէ­զի սրահին մէջ:
­Հա­մա­գոր­ծակ­ցե­ցանք պե­տա­կան «Ա­թի­նա Ի­կիա» կազ­մա­կեր­պու­թեան հո­գե­բան­նե­րուն հետ եւ շա­բա­թա­կան մեր հան­դի­պում­նե­րով փոր­ձե­ցինք ա­ւե­լի սերտ կա­պեր ստեղ­ծել ա­շա­կերտ­նե­րուն մի­ջեւ:
Մեր ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րուն ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ եւ քա­ջա­լե­րան­քով մաս­նակ­ցե­ցան զա­նա­զան մրցոյթ­նե­րու, ինչ­պէս հռե­տո­րա­կան ա­շա­կեր­տա­կան փա­ռա­տօ­նին եւ հա­մա­հել­լե­նա­կան հէ­քեա­թի մրցոյ­թին:
­Մեծ հպար­տու­թիւն ու պա­տիւ պատ­ճա­ռեց մեր վար­ժա­րա­նի Գ. դա­սա­րա­նի Ա­լեք­սանդր ­Գալս­տեա­նի ստա­ցած մրցա­նա­կը մտա­յին թո­ւա­բա­նա­կան տա­րե­կան ո­ղիմ­պիա­տին «ABAC 2024»:
­Նաեւ, բա­ցա­ռիկ եւ պա­տո­ւա­բեր ար­դիւնք բե­րաւ մեր վար­ժա­րա­նի Դ. դա­սա­րա­նի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը 8-րդ ­մի­ջազ­գա­յին ա­շա­կեր­տա­կան մրցոյ­թին «Ա­րե­ւել­քի ­հել­լե­նա­կա­նու­թիւն՝ ­Պոն­տոս, Թ­րա­քիա, ­Փոքր Ա­սիա», ուր մեր ա­շա­կեր­տու­հի Է­վա ­Յա­կո­բեա­ն, 3-րդ մրցա­նա­կին ար­ժա­նա­ցաւ իր բա­նաս­տեղ­ծու­թեամբ՝ «­Մա­նի­շա­կա­գոյն ծա­ղի­կը» (ան­մո­ռուկ ա­նու­նով ծա­ղի­կը՝ «­Մի մոռ­նար — յի­շա­տա­կի խորհր­դա­նիշ»)՝ նո­ւի­րո­ւած հայ­րե­նի­քին եւ այն բո­լո­րին, որ պէտք չէ մոռ­նանք:
Այս առիթով, Է­վա­յին պի­տի յանձ­նո­ւի ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­կարգ եւ ­լիա­զօր դես­պա­նին՝ պա­րոն ­Տիգ­րան Մկրտ­չեա­նին կող­մէ շնոր­հա­ւո­րա­կան նա­մակ մը, իսկ նո­ւէր մը ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան կող­մէ:
­Միա­ժա­մա­նակ, նպա­տակ ու­նե­նա­լով բա­րե­կիրթ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ կազ­մա­ւո­րել, մեր մա­նուկ­նե­րուն աշ­խար­հա­հա­յեաց­քը ընդ­լայ­նել եւ հա­մա­մարդ­կա­յին ընդ­հա­նուր գի­տու­թիւ­նը զար­գացնել, ի­րենց մա­քուր ու ան­մեղ սիր­տե­րը միաս­նա­բար մշա­կե­ցինք ազ­նո­ւու­թեան, ըն­կե­րա­սի­րու­թեան, հա­մա­գոր­ծակ­ցութեան, հա­ւա­տար­մու­թեան, հա­մե­րաշ­խու­թեան, յար­գան­քի եւ ու­րիշ կա­րե­ւոր ար­ժա­նիք­նե­րու սեր­մը ցա­նե­լով։
Այս տա­րեշր­ջա­նը սկսաւ շատ ցա­ւա­լի ու անս­պա­սե­լի պա­տա­հա­րով մը, որ պատ­ճա­ռեց մեր վար­ժա­րա­նի շատ սի­րե­լի ­Բաբ­գէն ­Գա­սա­պեա­նի վա­ղա­հաս կո­րուս­տը: Այս պատ­ճա­ռով, «Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» վար­ժա­րա­նի եւ «­Ճե­նա­զեան» միջ­նա­կար­գի Ծնո­ղա­կան միու­թիւն­նե­րը, տնօ­րէ­նու­թեան, ու­սուց­չա­կան կազ­մի եւ ծնող­նե­րուն օ­ժան­դա­կու­թեամբ, ե­րախ­տա­գի­տու­թեան զգա­ցում­նե­րով իր նուի­րած բազ­մա­մեայ ան­խոնջ ծա­ռա­յու­թեան հան­դէպ, ո­րո­շե­ցին վե­րա­նո­րո­գել մեր դպրո­ցա­կան գրա­դա­րա­նը եւ պա­տո­ւել հան­գու­ցեալ տնօ­րէ­նի յի­շա­տա­կը զայն ա­նո­ւա­նա­կո­չե­լով «­Բաբ­գէն ­Գա­սա­պեան» գ­րա­դա­րան:
2023 — 2024 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նը բո­լո­րե­լով մեր ջեր­մա­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նենք ­Թե­միս Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր, շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վի­ւին, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան, ու­սում­նա­կան, տնտե­սա­կան ու կա­լո­ւա­ծա­յին խոր­հուրդ­նե­րուն, Հ.Կ.­Խա­չի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջա­նա­յին եւ մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թեանց:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն նաեւ, մեր վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան՝ ­պա­րոն ­Վան­կե­լի ­Կե­քա­յին, ո­րուն ջան­քե­րուն շնոր­հիւ կա­րե­լի ե­ղաւ շա­րու­նա­կել դպրո­ցի բնա­կա­նոն եւ ա­ռանց վա­րա­նու­մի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ու յա­ջո­ղու­թեամբ ամ­բող­ջա­նալ այս դժո­ւար դպրո­ցա­կան տա­րին:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն՝ ­Ճե­նա­զեան միջ­նա­կար­գի տնօ­րէ­նու­հի տի­կին Ար­շա­լոյս ­Սափ­րի­չեա­նին:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն՝ ու­սուց­չա­կան կազ­մին տի­կին­ներուն՝ Ա­լի­նա ­Պար­տագճեանին, ­Մա­նիա ­Ճա­նա­պեանին, Ան­նա ­Սա­ֆա­րեանին, ­Պէ­թի ­Մա­նու­սե­լիին, Է­լե­նա ­Բան­տա­քիին, ­Լի­նա ­Մի­նիին, ­Նա­նա ­Լու­լու­քող­լուին, Ք­րիս­տի­նա ­Տե­լիին,­ Նա­զիկ ­Ճա­մու­զեանին,­ Զօի ­Փա­փաեոան­նի­տուին,­ Նաֆ­սի­քա ­Փա­փաի­լիային, ­Մա­րիա ­Տի­մա­քիին եւ պա­րոն­ներ Եան­նի ­Ցի­կու­նինի եւ ­Վա­սի­լի ­Մե­լիոյին, որ ճիգ թա­փե­ցին ու պատ­րաստ էին յօ­ժարօ­րէն բո­լոր ստեղ­ծո­ւած մար­տահրա­ւէր­նե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն՝ վար­ժա­րա­նի անձ­նա­կազ­մին՝ ­մեր սի­րե­լի տի­կին Ա­նիին, վա­րորդ­նե­րուն, պա­րոն­ներ՝ ­Յո­վիկ, ­Տի­միթ­րի, Եոր­ղօ, ու­ղեկ­ցող տի­կին­նե­րուն` ­Վեր­ժին, ­Լու­սի, Եան­նա, ­Սե­ւան եւ բո­լոր ա­նոնց, որ ի­րենց նիւ­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ըն­ծա­յե­ցին մեր ճի­գե­րուն ար­դիւ­նա­ւոր­ման հա­մար:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն՝ մեր վար­ժա­րա­նի Ծնո­ղա­կան միու­թեան, որ ամ­բողջ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին մեր կող­քին էր ու ա­մէն ջանք թա­փեց մեր կա­րիք­նե­րը հո­գա­լու, իր ցու­ցա­րե­րած ջերմ ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար նկար­չու­թեան ցու­ցա­հան­դէ­սի պատ­րաս­տու­թեան ըն­թաց­քին, ինչ­պէս նաեւ մեր շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն յանձ­նուած նո­ւէր­նե­րուն հա­մար:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն տի­կին ­Կիւ­լա ­Գա­րա­պա­ճա­գեա­նին որ հա­գուստ­ներ կա­րեց հան­դէ­սին հա­մար եւ ե­րա­ժիշտ պա­րոն ­Միհ­րան ­Չա­լի­քեա­նին, որ գե­ղե­ցիկ երգ մը յօ­րի­նեց յատ­կա­պէս 6-րդ ­դա­սա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն հա­մար:
Յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն­ներ ձե­զի սի­րե­լի ծնող­ներ ձեր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար, ինչ­պէս նաեւ ձեր ցու­ցա­բե­րած վստա­հու­թեան, հայ­կա­կան մեր այս վար­ժա­րա­նի կա­տա­րած ա­ռա­քե­լու­թեան՝ լա­ւա­գոյն հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւն ջամ­բելու նո­րա­հաս հայ սե­րունդ­նե­րուն:
Այս տա­րեշր­ջա­նը դրոշ­մո­ւած է մեր սի­րե­լի, բա­րե­կիրթ, հեզ ու խո­նարհ հան­գու­ցեալ տնօ­րէ­նին՝ ­Բաբ­գէն ­Գա­սա­պեա­նի վա­ղա­հաս կո­րուս­տէն: Իր բազ­մա­մեայ ծա­ռա­յու­թեամբ մեր վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ սե­րունդ­ներ դաս­տիա­րա­կեց կրթա­կան մշա­կի իր ա­ռա­քե­լու­թեամբ: Այս պատ­ճա­ռով, մեր հան­դէ­սը իր յի­շա­տա­կին կը նո­ւի­րենք: Իր ջամ­բած ծա­ռա­յու­թեան հետ­քե­րը այս կրթօ­ճա­խին մէջ անջն­ջե­լի պի­տի մնան:
Եզ­րա­փա­կե­լով, կը շնոր­հա­ւո­րենք մեր սի­րե­լի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը:
Հ­պարտ ենք ձեր բո­լո­րին յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով, ձեր իւ­րա­յա­տուկ նկա­րա­գիր­նե­րով ու յա­ռաջ­դի­մու­թեամբ: Սր­տանց կը մաղ­թենք ձե­զի բա­ցա­ռիկ ու նո­րա­նոր նո­ւա­ճում­ներ: Ի­րա­կա­նաց­նէք ձեր փա­փաք­ներն ու ե­րազ­նե­րը, յա­ջո­ղու­թիւն ու լու­սա­շող ա­պա­գայ մը ու­նե­նաք:
­Նաեւ, բա­րե­սիրտ ու բա­րե­կիրթ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ ըլ­լա­լով, հայ ազ­գի ար­ժա­նի ժա­ռան­գորդ­նե­րը դառ­նաք:
­Դուք էք մեր յոյսն ու ա­պա­գան:

­Բա­րի ար­ձա­կուրդ եւ բա­րի վե­րա­մուտ