Հ.Կ.Խաչի 85-րդ պատգամաւորական ժողովը լաւագոյն առիթը հանդիսացաւ, որպէսզի միութեան գերագոյն ժողովի ընթացքին կատարուի «Թագուհի Փաշայեան» ուսանողական պարգեւի յանձնումը։ Ինչպէս արդէն ծանօթ է, միութեան մեծ բարերարներէն՝ դաստիարակ Թագուհի Փաշայեան խորապէս գիտակցելով հայակրթութեան հրամայականին, իր կեանքի վաստակը նուիրաբերեց Միութեան, որպէսզի ամէն տարի պետական համալսարանական մուտքի քննութիւններուն մէջ բարձրագոյն նիշերը նուաճած հայ ուսանողը, որ միաժամանակ Հ.Կ.Խաչի ազգային վարժարաններու շրջանաւարտ եղած է, ստանայ գնահատանքի պարգեւը, որպէս խթան իր ուսման յաջողութեան եւ ապագային կարեւոր ներդրում բերելու համար գաղութային կեանքին։ Այս տարի, մրցանակին արժանացաւ Քրիստին Ռուստէմեան, որ յաջողապէս մուտք գործեց Աթէնքի Քափոտիսթրիաքօ համալսարանի հոգեբանութեան ճիւղին մէջ։
Երիտասարդ ուսանողուհին, իր ընտանեկան պարագաներով, յուզումով ներկայ եղաւ արարողութեան եւ տիրացաւ գնահատանքին։ Շրջանաւարտ վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Լիզա Աւագեան իր ուրախութիւնը յայտնեց յաջողութեան համար եւ բացատրեց մրցանակին նպատակը։ Ապա, Քրիստին Ռուստէմեան ստացաւ գնահատանքի գիրն ու պարգեւը, մինչ ներկայ ժողովականները ծափողջոյններով եւ գնահատական խօսքերով յայտնեցին իրենց ուրախութիւնը։ Ուսանողուհիին ծնողները, իրենց կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեցին եւ մաղթանքներ կատարեցին Հ.Կ.Խաչի ապագայ գործունէութեան համար, դրուատելով անոր վսեմ նպատակները։
Բարերար Թագուհի Փաշայեանի թողած աւանդը եւ Շրջանային վարչութիւններու երկար տարիներու վրայ իրագործած պարգեւատրումները լաւագոյն ապացոյցը կը հանդիսանան հայ երիտասարդութեան նեցուկ կանգնելու Խաչեան առաքելութեան։










