Հրատին մէջ կորսուած
Շուրջս ամէն ինչ կարմիր: Հրաբուխներ կը պայթին ամէն երկվայրկեան: Ես պառկած եմ կարմիր քարայրի մը մէջ, հազիւ արթնցած եմ: Ո՜վ գիտէ քանի ժամ հոս էի, առանց բան մը զգալու… Կը զգամ, որ հոս չեմ պատկանիր, բայց բան մըն ալ չեմ կրնար յիշել. ո՞վ եմ, ո՞ւր եմ, ինչպէ՞ս գտնուեցայ այստեղ… Շատ հարցումներ կան գլխուս մէջ:
Կ’ որոշեմ վեր ելլել եւ սկսիլ հետախուզել այս տարօրինակ ինծի համար վայրը, յուսալով որ բան մը պիտի գտնեմ, որպէսզի յիշողութիւնս արթնցնեմ: Ուրեմն կ‘ելլեմ քարայրէն եւ կը սկսիմ շուրջս փնտռել բա՛ն մը, որ կարմիր չէ, կամ տեղ մը, որ յիշատակ մը պիտի բերէ միտքս: Կը փնտռեմ ժամերով, բայց բան չեմ գտներ: Ոտքերս այլեւս զիս չեն կրնար շալկել:
Այդ պահուն կը տեսնե՛մ… կը տեսնեմ առաջին առարկան, որ քար, հող, կամ փոշի չէ, այլ ճերմակ բան մը, որուն վրայ կը ցոլան արեւու ճառագայթները: Այս նոր գիւտս, նոր յոյս բերաւ ինծի… Կը մօտենամ եւ կը տեսնեմ զարնուած մեքենայի մը կտորը: Բայց ի՞նչ մեքենայ… ի՞նչ գործ ունի հոս… բան մը կը յիշեցնէ ինծի… բան մը որ նորէն տեսած եմ. բայց ո՞ւր: Արդեօ՞ք տեղացի եմ. չե՛մ յիշեր:
Յոյսով եւ աւելի հաստատ քայլերով, կը շարունակեմ հետախուզութիւնս:
Կը սկսի մթննալ: Բան չեմ տեսներ: Կը գտնեմ քարայր մը եւ գիշերը հոն կ‘անցընեմ:
Արեւը կը ծագի. ես դեռ չեմ արթնցած, բայց ձայն մը կը լսեմ. «Ալե՛քս, Ալեքս կենդանի՞ ես»: Աչքերս կը բանամ ու կը տեսնեմ մարդ մը, որ ինծի նման զգեստներ հագած է: Հազիւ իրեն կը նայիմ, ան զիս կը գրկէ, հառաչելով.
— Հրա՜շք, հրա՜շք… Ալեքսը կենդանի է:
— Այո, կենդանի եմ: Բայց դուն ո՞վ ես: Ո՞վ է Ալեքսը եւ ինչո՞ւ նոյնպէս հագուած ենք, հարցուցի ես:
— Հաւանաբար յիշողութիւնդ կորսնցուցիր արկածէն ետք: -Ըսաւ ան.- Մի՛ մտահոգուիր. ամէն ինչ կը բացատրեմ քեզի: Նստէ՛, պատմեմ:
Նախ եւ առաջ, քու անունդ Ալեքս է, իմ անունս ալ՝ Ճորճ:
Երկու ընկերներ ենք. ՆԱՍԱ-ին համար կ‘աշխատինք եւ որոշեցինք ըլլալ առաջին մարդիկը, որոնք պիտի ձգէինք մեր տունը՝ Երկիր մոլորակը եւ պիտի գայինք Հրատ:
Բայց այս մեր ծրագիրը դիւրին չէր: Մեր աստղանաւը, գիսաստղէ մը «վիրաւորուած», չկրցաւ Հրատի կլիմային մէջ դիմանալ եւ կտոր-կտոր եղաւ: Այսպէս կորսուեցանք:
Ճո՛րճ, ընկերս: Յիշողութիւնս արթնցուցիր: Գլխուս մէջի բոլոր հարցումները, իրենց պատասխանները գտան:
Ուրախ եմ, որ օգնեցի ընկերս:
Քանի մը օր անցաւ եւ Ճորճը եւ ես սկսանք հետախուզել քարայրի խորքերը: Յանկարծ մեր առջեւ, յատակը ծակ մը տեսանք:
Ճորճ, ի՞նչ է ասիկա.- հարցուցի ես:
Վստահ չեմ,- պատասխանեց ան,- բայց … կ‘ըսեն, թէ անցեալին Հրատը ջուրով ծածկուած էր: Հիմա կարելի է ջուր գտնել խորունկ քարայրներու ծակերու մէջ: Արդեօ՞ք այս ծակը մեզ կ‘առաջնորդէ Հրատի ստորերկրեայ ծովը:
Գիտնականները կ‘ըսէին, որ ջուր չկայ հոս… երթանք, տեսնենք: Արդէն չենք կրնար Երկիր վերադառնալ:
Ճիշդ ես: Ես ալ կու գամ:
Շունչ մը առինք եւ ցատկեցինք ծակին մէջ:
Երկու վայրկեան կ‘իյնայինք դէպի անծանօթ տեղ: Յանկարծ, ջուրին մէջ գտնուեցանք:
Ի՜նչ յայտնաբերում…
Հիմա մենք պիտի գտնէինք այդ ծովու գաղտնիքները:
Անտոնիս Լուլումարիս — Գ. Կարգ
***
Ազատութիւն
Ազատութիւն` պզտիկ բառ մը, մեծ պատմութիւնով։ Ազատութիւնը դժուար կը շահիս, եւ դժուար ձեռք բերած ենք մենք, իբրեւ ժողովուրդ։
Ազատ կը զգամ, երբ կրնամ կարծիքս արտայայտել, առանց վախնալու մէկէ մը։ Ազատ կը զգամ, երբ մինակս եմ եւ իմ սիրած երաժշտութիւնս կը լսեմ ու կը մտածեմ ժամերով։ Նաեւ ազատութիւն կը զգամ երբ ամառ է եւ ծովը կը դիտեմ առանց անձկութիւնը զիս կաշկանդէ։
Կաշկանդուած եմ, երբ իրաւունք չունիմ իմ կարծիքս արտայայտելու, կամ երբ իրաւունք չունիմ հաւատալու ինչ որ կ՚ուզեմ։
Միւս կողմէն ընկերութիւնը ազատ է երբ քաղաքական իրաւունքներ ունի եւ քուեարկէ առանց կաշկանդումի։ Մարդկային ընկերութիւնը ազատ է բայց ոչ որքան կ՚ուզէ որովհետեւ անձի մը ազատութիւնը կը վերջանայ հոն, ուր կը սկսի միւս անձինը ։ Այսինքն մարդ մը ազատ է երգեր լսել բայց մինչեւ որոշակի ժամանակ մը։ Ամէն ինչ չափ սահման ունի։
Ամփոփելով անձ մը կամ ընկերութիւն մը ազատ է կամ ազատ կը զգայ երբ իրաւունքներ ունի։ Բայց ամէն ինչ սահմանի մը մէջ։
Վանա Պարղուտեան
***
Արարատ լեռը հին տարիները
«Արարատ» անուանումը, ըստ որոշ աղբիւրների, ծագել է Վանի թագաւորութեան հին եբրայերէն անուանումից։ Լերան հայերէն աւանդական անուանումը Մասիս է, որի յոգնակին՝ Մասիք, կարող է վերաբերուել երկու լեռնագագաթներին։ Մովսէս Խորենացին իր «Հայոց պատմութիւն» գրքի մէջ, Մասիս անուանումը կապում է Հայկ նահապետի ծոռ՝ Ամասիա թագաւորի անուան հետ, որը ըստ աւանդութեան լեռն անուանել է իր անունով։
Նոյեան տապանի հետ այն պատկերուած է Հայաստանի զինանշանի վրայ։ Արարատ լեռը պատմականօրէն կապուել է Հայաստանի հետ եւ լայնօրէն ճանաչուել որպէս Հայաստանի սկզբունքային ազգային խորհրդանիշ։ Այն աշխարհագրականօրէն տեղակայուած է պատմական Հայաստանի թագաւորութիւնների կենտրոնում, որի համար էլ համարուում է հայերի պատմական հայրենիքի մի մասը։ Հայերի համար այն յայտնի է որպէս «սուրբ լեռ» հիմնականում աստուածաշնչային ջրհեղեղի պատմութեան պատճառով։ Արարատն անուանուել է «աւելի քան լեռ հայերի համար»։
19-րդ դարում, երբ հայկական պետութիւն գոյութիւն չունէր, Արարատը խորհրդանշում էր հայկական պետականութիւնը։ Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը, որը գոյութիւն է ունեցել 1918-1920 թուականներին, յաճախ անուանուել է Արարատեան Հանրապետութիւն կամ Արարատի Հանրապետութիւն, քանի որ այն կենտրոնացած էր Արարատեան դաշտում։
Վալենտինա Առաքելեան — Գ. Կարգ
***
Ատլանտիս
Մեր ճամբան սկսաւ դէպի Ատլանտիս։ Սկսանք Յունաստանէն շարունակեցինք դէպի Անգլիա։ Հոն սկսաւ մեր արկածախնդրութիւնը։
Նաւուն մէջ մտանք, Ատլանտեան ովկիանոս հասանք։ Հոն սուզանաւ մտանք: Երկու երեք ժամ ովկիանոսին մէջ ճամբորդելէ ետք, սուզանաւի շարժակը աւրուեցաւ։ Մենք, մտահոգ, կը փորձէինք լուծում գտնել։ Ժամերով կը մտածէինք բայց չկրցանք շինել շարժակը։ Որոշեցինք խուզարկել ովկիանոսի յատակը։ Յետախուզելով յատակը, տեսանք նկարներ, որոնք ծանօթ կ՚երեւէին։
Յանկարծ միտքս եկաւ Ատլանտիսը։ Այդ տունիկները, տաճարները եւ բերդերը, որոնք կային յատակին մեզի կը յիշեցնէին մեզի ծանօթ առասպելական քաղաքը։
Մեր աչքերուն չէինք հաւատար, մեր խելքը չէր կրնար մեկնաբանել ինչ գտած էինք։
Հազար ու մէկ փորձերով վերադարձանք, որպէսզի մնացեալներուն ալ ըսենք, ի՛նչ յայտնաբերած էինք։
Մտածելու ժամանակ մեր աչքերուն առջեւ ծովանուշ մը յայտնուեցաւ։ Կարծեցինք, որ մեռած էինք եւ դրախտ գացած էինք։ Այդ ծովանուշը մեզի ըսաւ, որ պիտի օգնէր հասնինք տուն պայմանով մը։ Մենք համաձայնեցանք առանց գիտնալու պայմանը։ Ծովանուշը մեր շարժակը շինեց, սուզանաւը աշխատցուց եւ մեզ հետ ուղեկից եղաւ հասնելու համար նաւահանգիստ։ Երբ հասանք անհամբեր ու երջանիկ, ծովանուշին շնորհակալութիւն յայտնեցինք։
Ցտեսութիւն ըսելէ ետք, ցած ձայնով մեզ դիւթեց եւ կախարդական ձեւով մը ամէն բան մոռցանք։
Մեր միտքը պարապ էր։ Կարծեցինք որ երբեք չճամբորդեցինք ովկիանոսի յատակը։ Այս պատճառով նորէն սուզանաւ մտանք ու նորէն մեր ճանապարհը սկսաւ։
Ատլանդեանին յատակը նորէն ճամբորդեցինք, բայց ուրիշ ճամբայէ, որովհետեւ ծովանուշները կախարդական ձեւերով մեր սուզանաւի կոորդինատները փոխեցին։ Ասոր համար գտնուեցանք Պերմուտայի եռանկիւնը, որ մեզ կլլեց եւ ծովային վիշապներ մեր սուզանաւը կ՚ուզէին ուտել։ Մենք շուտով դուրս ելանք, մեր գիտակցութիւնը կորսնցուցինք եւ երբ արթնցանք Ամերիկայի ծովափը գտնուեցանք, ուր մեզ գտան ծովայէններ եւ բերին Անգլիա։
Այն ժամանակ մեր արկածը որոշեցինք կեցնել։Ծովայէններուն շնորհակալութիւն յայտնեցինք եւ այս անգամ տուն վերադարձանք եւ հանգիստ ըրինք առանձ մտահոգութիւններով։
Վանա Պարղուտեան — Գ. Կարգ
***
Նայիրիին նոր կեանքը
Մռայլ ժամանակը հասած էր: Մայրը վերջին անգամ կը մտնէ իր սենեակին մէջ: Կը հաւաքէ իր ապրանքները եւ կը յիշէ զուարթ ժամանակը, երբ անուշ կեանք մը կ’ապրէր իր հայրենիքին մէջ: Բայց հիմա, պէտք է մեկնի: Նոր աշխատանք պէտք է գտնէ, օտար երկրի մը մէջ:
Վերջին անգամ կը գրկէ իր սիրելի ընտանիքի անդամները՝ մայրը, հայրը, ամուսինն ու զաւակները: Լալով, համբուրուելով ու «Բարի ճանապարհ ունենաս» ըսելով, ընտանիքը հրաժեշտ կու տայ անոր:
Մայրը թաքսիին մէջ կը մտնէ, երթալով դէպի օդակայան: Ճամբորդութեան ընթացքին, ան պատուհանէն դուրս կը նայի ու կը նշմարէ Հայաստանի հիանալի բնութիւնը: Ամէն ինչ բան մը կը յիշեցնէ, պատահար մը: Ահա՛ թուփը, որուն վրայ ինկած էր երբ պզտիկ էր: Ահա՛ դպրոցը, ուր ուսանած էր, ուր ծանօթացած էր իր ամենասիրած ընկերներուն: Կը տեսնէ ու կը յիշէ…
Ժամանակը շատ արագ անցաւ այս ձեւով: Թաքսին օդակայան հասած էր արդէն:
Մայրը՝ Նայիրին, վալիզը կը վերցնէ, թաքսիին վարորդին կը վճարէ ու կ’ երթայ Թորոնթօ գացող օդանաւը գտնելու:
Քիչ մը փնտռելէ ետք, օդանաւը կը տեսնէ, իր առջեւն էր: Ներսը կը մտնէ, կը նստի ու կը սպասէ, որ սլանայ:
Օդանաւը կը սլանայ, ու Նայիրին կը մտածէ թէ ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ հոն, իր նոր կեանքը: Արդեօք աւելի լաւ պիտի անցնէ՞ հոն քան թէ իր հայրենիքին մէջ, կամ պանդխտութիւնը իրեն խաբած էր:
Այս հարցերը պիտի լուծուի՞ ն երբ հասնի իր նոր հայրենիքը եւ սկսի իր նոր կեանքին…
Անայիս Լուլումարի — Բ. Կարգ
***
Խաչատուր Աբովեանի Արարատի վրայ բարձրանալը
Խաչատուր Աբովեանի բարձրանալը Արարատ լերան գագաթը հետաքրքրական պատմութիւն է, մարտահրաւէրներով եւ յաղթանակներով լեցուն:
Աբովեանը, որ բնութիւնը եւ արկածախնդրութիւնը կը սիրէր, որոշեց բարձրանալ Արարատի գագաթը: Նախապատրաստութիւնը խստորէն կազմակերպուած էր, ներառեալ լեռնադահուկային մարզումներ, եղանակային պայմաններուն վերաբերեալ տեղեկութիւններու հաւաքումը, ինչպէս նաեւ ճիշդ սարքաւորումներու ընտրութիւնը:
Իր ճամբուն վրայ շատ դժուարութիւններու հանդտիպեցաւ ինչպէս խոր թեքութիւններ, կտրուկ եղանակային փոփոխութիւններ եւ լերան անակնկալ բնութիւնը: Սակայն, անոր կամքը եւ դիմադրութիւնը օգնեցին իրեն յաղթել այդ մարտահրաւէրները: Երբ հասաւ, Արարատի գագաթը իրեն պարգեւեց եզակի յաղթանակի զգացում եւ պատմութեան ու առասպելի հետ կապի զգացում: Այս փորձը իրեն համար միայն ֆիզիկական չէր, այլեւ հոգեւոր, քանի որ կը մտածէր մարդկային դիմադրութեան եւ աշխարհի գեղեցկութեան մասին:
Այս արկածը իրեն խթանեց կիսելու իր պատմութիւնները եւ ներշնչելու ուրիշներ, որպէսզի հետեւին իր օրինակին, շեշտելով նախապատրաստութեան, հետեւողականութեան եւ բնութեան հանդէպ սիրոյ կարեւորութիւնը:
Ստեփան Կարինեան — Գ. Կարգ
***
Մարտիկեան եւ Եզեկիէլեան, Հարվարտէն աւարտած
երկու փրոֆեսէօրներ, մեծ յայտնաբերութիւն մը ըրին
Երկու փրոֆեսէօրները գիտական փորձեր կ՛ընէին օձաձուկի մը վրայ, որուն Պօպ անունը տուին:
Երբ որ փորձեր կ՛ընէին, Պօպը դրին հեռաձայնի մը քով եւ ան սկսաւ լիցքաւորել հեռաձայնը: Երկու փրոֆեսէօրները վախցած էին այս յայտնաբերութենէն եւ հասկցան, որ այնպէս կրնային ելեկտրականութիւն արտադրել:
Միւս օրը քանի մը հատ օձաձուկեր դրին ջրամբարի մը մէջ եւ սկսան ելեկտրականութիւն արտադրել, վերջաւորութեան ունենալով անվերջ ելեկտրականութիւն:
Այդ երկու փրոֆեսէօրները այդ օրը աշխարհը փոխեցին եւ Պօպը դրուեցաւ առանձին ջրամբարի մը մէջ, որպէսզի յիշուի իր նպաստը:
Ալպէր Մարտիկեան — Գ. Կարգ
***
«Նպատակիս հասա՜յ». հայ լեռնագնացը հասել է
Արարատ լեռան գագաթ ու ծածանել Հ.Հ. դրօշը
ArmLand խմբում հրապարակուած տեսանիւթի հերոսը հայ լեռնագնացն է, որը սողալով հասնում է Արարատի գաւաթ` ձեռքում պահելով հայկական եռագոյնը։ Երբ տեղ է հասնում, ոտքի է կանգնում եւ ամբողջ ուժով բղաւում Նպատակիս: Օր 1. Ուղեւորութիւն Երեւան – հայ-վրացական սահման – վրաց-թրքական սահման – Կարս – Անի – Դողուբայազեթ երթուղիով.
Օր 2. Վերելք մինչեւ 3200 մ., հանգիստ, գիշերակաց.
Օր 3. Վերելք մինչեւ 4100 մ., հանգիստ, գիշերակաց.
Օր 4. Գրոհ դէպի բարձունք, վայրէջք մինչեւ ստորոտ, հիւրանոց.
Օր 5. Անհատական. շրջագայութիւն Արեւմտեան Հայաստանում (Վան, Աղթամար).
Օր 6. Վերադարձ Երեւան: