«Արմէնփրէս».- Արցախի եւ Ատրպէյճանի հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ պիտի հաստատուի մարդասիրական հրադադար: Այս մասին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ Մոսկուայի մէջ, Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման իբրեւ արդիւնք: Այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով:
Նշեալ տեղեկութեան մանրամասնութիւնները պիտի յստականան հետագային:
Ստորեւ՝ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միացեալ յայտարարութիւնը.
«Իբրեւ պատասխան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ուղերձին եւ ըստ Ռուսիոյ նախագահին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի պայմանաւորուածութեան՝ կողմերը համաձայնեցան հետեւեալ քայլերուն.
«1.- 10 Հոկտեմբեր 2020ի կէսօրուան ժամը 12էն սկսեալ՝ կը յայտարարուի կրակի դադրեցում ՝ ռազմագերիներու եւ պահպանման տակ գտնուող այլ անձերու ու զոհուածներու մարմիններու փոխանակման նպատակով՝ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին (ԿԽՄԿ) միջնորդութեամբ եւ չափորոշիչներուն համապատասխան:
«2.- Հրադադարի դրութեան յստակ չափորոշիչներուն ուղղութեամբ համաձայնութիւն պիտի գոյանայ լրացուցիչ կերպով։
«3.- Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներուն միջնորդութեամբ, կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներու հիման վրայ ձեռնամուխ են հիմնարար բանակցութիւններու՝ խաղաղ կարգաւորման շուտափոյթ հասնելու նպատակով:
«4.- Կողմերը կը հաստատեն բանակցային գործընթացի ձեւաչափի անփոփոխելիութիւնը»։